Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՄԵՐՈՒՆ ԹԵԼԱԴՐԵՑ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԿԻՐԱԿԻՆ ՀՌՉԱԿԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

0 0
Read Time:32 Second

Չորեքշաբթի, 27 Սեպտեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ: Հանդիպումի օրակարգին գլխաւոր հարցը Արցախի մեր ժողովուրդին զօրակցութիւնն էր: Նորին Սուրբ Օծութիւնը հետեւեալ թելադրութիւնները կատարեց առաջնորդներուն եւ թեմի իշխանութիւններուն.-

Ա) Յառաջիկայ Կիրակի, 1 Հոկտեմբերը նկատել Արցախի զօրակցութեան օր՝ հոգեհանգիստ կատարելով Արցախի նահատակներու հոգիներուն, ինչպէս նաեւ աղօթել հիւանդներու շուտափոյթ ապաքինման եւ ընդհանրապէս տագնապի մէջ գտնուող մեր զաւակներուն բարօրութեան համար:

Բ) Գործնապէս մասնակից դառնալ ի խնդիր Արցախի մեր ժողովուրդին անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան տեղի ունենալիք ցոյցերուն եւ հրապարակային այլ նախաձեռնութիւններուն:

Գ) Օժանդակել Արցախի մեր զաւակներուն ընկերային-տնտեսական կարիքներուն՝ թէ՛ Արցախի եւ թէ Հայաստանի մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles