Ղեկավարը Երկինքէն Չ’իջներ

0 0
Read Time:2 Minute, 55 Second

 

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Դրօշակ» – թիւ 9, Սեպտեմբեր 2023

Միշտ այժմէական է ղեկավարութեան հարցը, մանաւանդ անոր նորոգման՝ փոխարինման հարցը, որ պարբերաբար կ’արծարծուի, ապա մոռացութեան կը տրուի։

Արդարացի է, որ ան տեւաբար մնայ մեր կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ ու արժանանայ պատշաճ քննարկման։

Խնդիրը այն չէ, որ այս կամ այն ղեկավար, նոյնիսկ չակերտուած «ղեկավար» անձէն գոհ ենք կամ դժգոհ, զինք կը սիրենք կամ չենք սիրեր, իր պաշտօնին բարձրութեան վրա՞յ է, թէ՞ վրայ չէ։ Խնդիրը նորոգման ու փոխարինման գործընթացն է, որ լուրջ քննարկման կը կարօտի։ Գիտենք, որ կեանքի օրէնքն է. մարդիկ տարիքի բերմամբ կամ առողջական պատճառներով, նոյնիսկ շատ անձնական ան սպասելի իրավիճակներու հետեւանքով ստիպուած են հեռանալ իրենց պաշտօններէն։ Ինչպէս ընել, որ այդ պահուն հաւաքականութիւնները չտուժեն, իրար չանցնին զանոնք փոխարինելու համար, մէջտեղը չմնան  թեկնածուներու բացակայութեան պատճառաւ։   Հաւաքականութիւնները իրաւամբ կ’ակնկալեն, որ ամենէն ատակ անձերը ըլլան իրենց ղեկավարները՝ իրենց կազմակերպութիւններու գլուխները՝ ուսեալ, փորձառու, իրենց պաշտօնին պահանջած յատկութիւններով օժտեալ։ Սակայն ինչպէ՞ս։ Ակնկալելը մէկ բան է, ակնկալութիւնը իրականութեան վերածելը՝ ուրիշ։

Այո՛, ղեկավարը երկինքէն չ’իջներ, ոչ ալ սառցարանէն կը հանես, կը հալեցնես ու գործի կը լծես,— տանք ողորմի Մուշեղ Իշխանին։

Ղեկավար պատրաստելը,— եւ խօսքս բոլոր մակարդակներու մասին է՝ պատանեկան խումբի մը վարիչէն մինչեւ երկրի մը առաջնորդը,— ծրագրուած, հետեւողական աշխատանքով կ’ըլլայ։ Ահա այս աշխատանքին է, որ կ’ուզեմ այստեղ անդրադառնալ։

Ղեկավարութեան, ինչպէս որեւէ այլ ոլորտի կարողութիւն ունեցող անձերու որոնումը դպրոցէն կը սկսի, նոյնիսկ մանկապարտէզէն, երբ հետզհետէ աչքի կը զարնեն երեխաներու ձիրքերը։ Ուսուցիչ-տնօրէն-հոգաբարձու  տրամադրուած պիտի ըլլան նկատել այդ ձիրքերը, ծնողներուն ալ ուշադրութեան յանձնել, քաջալերել ու ամէն ինչ ընել զանոնք զարգացնելու համար։ Այդպէս եւ այդպէս միայն կը բացայայտուին Կոմիտասները, Սարեանները եւ այլ տաղանդաւոր արուեստագէտները։ Նոյնը՝ ապագայ ղեկավարները դաստիարակելու պարագային։

Արդարեւ, այդ մանուկ տարիքէն պիտի երեւի, թէ մէկը կրնա՞յ խումբի մը հետ համերաշխ աշխատիլ, կրնա՞յ խում բի առաջնորդը դառնալ՝ առանց ինքզինք պարտադրելու, իր խմբակիցներուն յատկութիւնները զանազանել, գործեր բաշխել եւ այլն, եւ այլն։

Ժամանակի ընթացքին պէտք է մշակուին այդ կարողութիւնները եւ ո՞ւր, եթէ ոչ մեր այն կազմակերպութիւններուն մէջ, որոնց ճամբով պատանիներ ու երիտասարդներ կրնան իրենց կառավարման յատկութիւնները մշակել։ Այդ կազմակերպութիւնները մեր պատանեկան ու երիտասարդական միութիւններն են, մարզական ու սկաուտական միութիւնները, այլեւ պարախումբերն ու երգչախումբերը եւ մասամբ նորին։

Չի բաւեր սակայն նկատել, տեսնել, «ապրի՛ս» ըսել ու անցնիլ։ Եթէ մեր կազմակերպութիւնները լուրջի պիտի առնեն իրենց շարքերը զօրացնելու ու անոնց ճամբով ալ ապագայ առաջնորդները ապահովելու գործը, ապա ունենալու են յառաջագունէ ճշտուած ծրագիր ու զայն իրագործելու նիւթական կռուաններ, որպէսզի այդպէս ալ ընտրուին, քաջալերուին, ուսանին ու պաշտօնի կոչուին ուսուցիչներ, խմբավարներ, վարչականներ կրթական, մշակութային ու քաղաքական ասպարէզներուն մէջ։

Բոլոր պարագաներուն փորձառութիւնը կարեւոր գործօն մըն է։ Այսօր համալսարանական, թէ գործի ասպարէզի մէջ հաւաքական կեանքի մէջ մասնակցութիւն ունեցած ու փորձառութիւն ձեռք ձգած թեկնածուները ուրիշներէ առաջ ընդունելի կը դառնան։

Մեր կազմակերպութիւնները կարելիութիւնը ունին այդ պատեհութիւնը ընծայելու մեր երիտասարդութեան։

Այդ ամենէն ետք ալ, սակայն, հաւաքականութիւնը պիտի գիտնայ տեղ տալ այդ երիտասարդներուն, ճամբայ բանալ՝ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելու, որպէսզի անոնք մարզուին համապատասխան ոլորտներուն մէջ եւ ի պահանջելն հարկին լեցնեն ստեղծուող բացերը։ Այս առիթը չենք ստեղծեր, երբ մեր սիրուած, աշխատունակ ու կարող անձերը անընդհատ նոյն պաշտօններուն վրայ կը պահենք՝ փոխանակ զանոնք այլ պաշտօններու մղելու, թէկուզ ժամանակաւորա պէս եւ անոնց տեղը նորեր չենք բերեր նոյն փորձառութիւնը ձեռք ձգելու եւ գործի շարունակականութիւնը ապահովելու համար։

Պաշտօնավարութեան սերնդափոխութիւնը միշտ նմանցուցած եմ դրօշարշաւի մարզախաղին, ուր մասնակիցները իրարմէ նախաճշտուած հեռաւորութիւններու վրայ կանգնած կ’ըլլան, եւ երբ մէկը կը վազէ, դրօշը յաջորդին յանձնելու պահուն յաջորդն ալ արդէն վազել սկսած կ’ըլ լայ, պահ մը միասին կը վազեն, մինչեւ որ դրօշը ձեռք փոխէ եւ այդպէս շարունակաբար մինչեւ վազքուղիին աւարտը։

Այո՛, ինչպէս հողին մէջ տնկուած ծիլը ջրուելով ու խնամուելով կը վերածուի մեծ ու հովասուն ծառի, այնպէս ալ հողէ՛ն՝ վարէն, կը սկսի ղեկավարի պատրաստութիւնը։

Երկինքէն չ’իջնար ան։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles