ԿԱՄԱՅԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՏՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 3 Second

 

Յ. Պալեան,

Փարիզ, 21 Սեպտեմբեր 2023

            Ֆրանսայի Պէզիէ քաղաքի քաղաքապետ եւ քաղաքական գործիչ Ռոպէր Մենար, որ բառերը ծամելու սովորութիւն չունի, հեռատեսիլէն յայտարարեց, որ«ԵՐԵՒԱՆՆ ԱԼ ԼՔԵՑ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ»:

            Հայը, Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք(ներ), անզօրութեամբ կը տեսնէ եւ կը հաստատէ, որ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհի մէջ ԱՆՊԱՏԻԺ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱՄԱՅԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ, որ կը գրուի բիրտ ուժով եւ նիւթական միջոցներու միջազգայնացած չարաշահումով:

            Ա՛յս՝ ներածական, հասկնալու համար մեր փոքրիկ ժողովուրդին սպառնացող վտանգները եւ կրած չարիքները, որոնք երէկ թուրք-օսմանական էին, անուն փոխելով այսօր ալ են եւ կը կոչուին ատրպէյճանական:

Նոյն դիպաշարի Կրկնութիւն է  եւ շարունակութիւն:

            Այսպէս, Ատրպէյճանի մենատէրը, իր երկրի նաւթային հարստութիւնը ընտանեկանի վերածելէ եւ անոր եկամուտները սեփական ժառանգութիւն համարելէ ետք, լծուած է պատմաշինութեան եւ քարտէսագրութեան, աշխարհի «մեծ»-երու շահախնդրուած լռութիւնը համաձայնութիւն համարելով կամ՝ գնելով:

            Գաղտնիք չէր երէկ,  չէ նաեւ այսօր, որ այդ կարգի լռութիւնները, կամաւոր կուրութիւնները, ոճիրներու մեղսակցութիւն են, եւ պատճառ եղած են աղէտներու, եւ ժողովուրդներ սուղ վճարած են: Իլհամ Ալիեւ, պատմաբանի,- աւելի ճիշդ՝ տիեզերական պատմաշէնի իրաւունք շնորհած է ինքնիրեն, եւ Հայաստանը կ’ուզէ անհետացնել, խօսելով «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի մասին, որ Հայաստանի տարածքն է, մինչ Ատրպէյճան չէ եղած պատմութեան մէջ նորայայտ երկիր է, գոյութիւն չէ ունեցած պատմական քարտէսներու վրայ: Պատմաքաղաքական ոճիրին մեղսակից են բոլոր անոնք որոնք կը զինեն Ատրպէյճանը, նաեւ անոնք՝ որոնք միջազգային կեղծ մարդկայնութիւն կը խաղան:

            Կրկին նախայարձակում գործուած է հայ ժողովուրդին դէմ, որ ինքզինք պաշտպանելու ուժ չունի: Դաշնակից չունի, քանի որ տալիք չունի:

            Ի՞նչ պիտի ըլլայ կամ կրնայ ըլլալ հայ ազգի լինելութեան յաջորդ հանգրուանը. գրաւո՞ւմ անոր  հայրենիքի եւ ուրիշի կցո՞ւմ:

            Միջազգային վատութեան դաշտը բաց է:

            Միթէ՞ կարելի է քաղաքականութիւն խաղալ Պատմութիւնը թանգարան դնելով: Միթէ՞ կարելի է ժողովուրդներու միջեւ համակեցութիւն ստեղծել իշխողի եւ ներխուժողի ինքնաշնորհուած, նորաստեղծ, խեղաթիւրուած եւ խեղուած ճշմարտութիւններու հիմերու վրայ: Քաղաքական հզօրութիւնները, գաղութարարութիւնը, ամէն գոյնի կայսրութիւնները ծնունդ առած են իրաւազրկումներու, մահերու, քաղաքակրթութեան եւ մարդոց շահագործման, սպանութիւններուն, ցաւին եւ հոսած արեան վրայ: Այսինքն՝ քաղաքակրթութեան եւ բարոյականութեան անտեսումով: Անցած երկու դարերու ահեղ պատերազմներէն ետք, մարդկութիւնը յառաջացուց արդարութիւն եւ իրաւունք հաստատելու կոչուած սկզբունքներ եւ կառոյցներ, որոնցմով կարծեց յաղթահարել Չարն ու Չարիքները, եթերի թուղթին վրայ մնացած անգոյն մելանով արձանագրուած մեծ գաղափարներով, որոնք սիրամարգի փետուրէն աւելի արժէք չունեցան գլխագիր ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ համար: Առաջին ՄԵԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ յաջորդեց ԱՒԵԼԻ ՄԵԾԸ, այսօր անոր սպառնալիքը աշխարհագրականօրէն համատարած բնոյթ ունի, նոյնիսկ երբ այդ անունը չունի,  հակառակ Արդարութեան եւ Իրաւունքի շուրջ տարածուող անբովանդակ աղմկարարութիւններուն, զորս կը խմբերգեն ՈՒԺԱՏԷՐԵՐը, անցեալին կ’ըսէին՝ աշխարհակալները:

            Սաւառնող նայուածքով մը դիտենք հազարամեակները, հոն պիտի գտնենք հզօրներու եւ կայսրութիւններու գերեզմանները, որոնք կը վկայեն… Եւ իրատեսութեան եւ անկեղծութեան պատմութիւնը ամփոփող  ակնթարթի մը, հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ բան կը վկայեն:

            Այդ վկայութիւնը կը լսուի՞ ՄԱԿ-ի կամարներուն տակ, Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, եւ դեռ Թուրքիոյ, Հնդկաստանի, Քորէայի, արաբական երկիրներու, Իսրայէլի եւ բոլոր միւսներու խօսքերէն: Հիմա՝ նաւթատէր եւ աշխարհակալութեան ձգտող Ատրպէյճան, իր երէց եղբօր հունով եւ անոր գործը շարունակելով, աշխարհակալութեան կը ձգտի:

            Համայն մարդկութիւնը, գիտակցական աստեղային պահու մը, մերօրեայ մեծերու եւ փոքրերու քաղաքական կոչուած խաղքութիւնները մէկդի դնելով, պիտի առաջնորդուի՞, քաջութիւն եւ իրատեսութիւն պիտի ունենա՞յ առաջնորդուելու, մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնումով, նկատի ունենալով ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ եւ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ, եւ անոնց աւանդած ճշմարտութիւները, ընդդէմ ամէն բնոյթի բռնութիւններու, խեղաթիւրուններու, ոճիրներու: Շեփորուած խաղաղութեան ճառերը իրաւութիւն չունին, կեղծ են, քանի որ նկատի չեն առներ ժողովուրդներու անցած պատմամշակութային ճանապարհը, այլ՝ բռնութիւնը, ուժը, անոնցմով ստեղծուած աշխարհակարգը:

            Հզօրներ եւ մեծ կոչուածներ, հզօրութիւն եւ մեծութիւն նուաճած են իրենց գործած չարիքներուն եւ ոճիրներուն դէզին վրայ, ոտնակոխելով բարոյականութիւն  եւ արդարութիւն: Ամպագոռգոռ անուններով ժողովները եւ կառոյցները իրաւ եւ իրաւունք անտեսելու, ոճիրի, չարիքի եւ ուժի ջնարակման թատրոն են:   

            Այսօր, ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԲԵՒԵՌ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱԽՏԱԾ Է, ՆՈՐԵՐ ՀԵՐԹԻ ԿԱՆԳՆԱԾ ԵՆ, աշխարհի տիրակալութեան իրենց տեւաբար աճող բաժինը ունենալու համար: 

            Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտէն ի վեր այս կամ այն ձեւով ընդունուած միջազգային երկբեւեռացումը այլեւս չէ ինչ որ էր: Արեւելք-Արեւմուտք իրաւ-կեղծ ուժի (տնտեսական եւ զինական) հաւասարակշռութիւնը խախտած է: Ընդունուած էր խօսիլ ՀԻՆԳ ՄԵԾԵՐու մասին: Այսօր կան նոր եւ անշրանցելի ՆՈՐ ՄԵԾԵՐ, ինչպէս Հնդկաստանը, Հիւսիսային Քորէան, Գանատան, Գերմանիան, այդ ցանկութինը ունեցող ուրիշներ ալ կան, ինչպէս Փաքիստանը, Թուրքիան, վաղը ինչո՞ւ ոչ նաեւ՝ Պրազիլը: Պէտք չէ անտեսել, թէեւ այսօր կոտորակուած Արաբական աշխարհը, որ կը տիրապետէ նիւթական հզօրութեան եւ ունի Մեծ դառնալու տարածք եւ համրանք: Բ Աշխարհամարտի աւարտին Մեծ Տէրութիւն համարուած Բրիտանական եւ Ֆրանսական կայսրութիւնները չունին անցեալի իրենց հզօրութիւնը եւ փայլը, Ռուսիան չ’ուզեր հրաժարիլ այդ փայլէն եւ հզօրութեան ժառանգութենէն:

            Աշխարհամարտի աւարտի բաժնուած խաղաքարտերը նոյնը չեն կրնար մնալ:        Որոշ չէ թէ յառաջիկայ տասնամեակներուն ինչպէ՞ս եւ որոնցմով պիտի կազմուի ՄԵԾԵՐՈՒ ԱԿՈՒՄԲը, եթէ մինչ այդ տեղի չունենայ մեծ փլուզումը: Յիշե՛լ Այնշթայնի ահաւոր պատկերը, որ ըսած էր, թէ չէր գիտեր թէ ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենար Գ Աշխարհամարտը, բայց գիտէր թէ ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենար անոր յաջորդը. ՔԱՐԵՐՈՎ: Պարզ է, որ հոն պիտի առաջնորդէ տիրակալութեան ձգտող գերաճելու միտող ՄԵԾԵՐՈՒ ԵՒ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ՁԳՏՈՂՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԻ ԱԿՈՒՄԲը, իր բազմապատկուող ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՄԵԾ ՈՒ ՊԶՏԻԿ ՏԷՐՈՒԹԻՆՆԵՐՈՎ, անոնց կոճակ սեղմերու տիրակալութեան, կիրքով եւ սպառնալիքի հզօրութեամբ, աշխարհ քանդելու տեմիւրժի (démiurge) խելագարութեամբ՝ վախճան եւ սկիզբ ըլլալու, տիեզերական աննախընթաց ուժով, որուն դիմաց թումբ կրնան ըլլալ միայն անտեսուած եւ անտեսուող բարոյականութիւնը եւ անզէն եւ անզօրագունդ իմաստութիւնը: Ո՞վ քանի սէնթ կու տայ նոր Սոկրատի մը, նոր Քանթի մը, նոր Կոմփիւկիոսի մը, նոր Նազովրեցիի մը եւ բառերով գինովցող այդպիսիներու: Անոնք լսող չունին: Անոնք միգամածային աշխարհի մը համար են:

            Խելագարութեան խայտառակ թատրոնը կը խաղցուի, խաղցուեցաւ 2023ի գիշերահաւասարի (équinoxe) այս օրերուն, երբ բիրտ ուժ կիրարկելով հայ ժողովուրդի դարաւոր եւ իր ստեղծած մշակոյթով թաթախուն հող-հայրենիքին տէր կը դառնայ հազարամեակներու պատմութեան մէջ չեղած եւ Ի դարուն սկիզբը յանկարծ յայտնուած բիրտ եւ ներխուժած ժողովուրդ մը, որուն պետութիւնը կամայականութեամբ տէր կը դառնայ ուրիշի հազարամեակներու հայրենիքին, անոր մշակութային կեդրոններուն եւ սրբավայրերուն: Այս տեղի կ’ունենայ ուռուցիկ եւ փճուած անուններով եւ վերադիրներով միջազգային համայնքի աչքին առջեւ, փաստելով, որ օրէնք, իրաւունք, բարոյականութիւն եւ արժէքներ դատարկաբանութիւններ են, եւ դէմ առ դէմ կը մնանք Լաֆոնթէն առակագիրի յոռետեսական ճշմարտութեան, որ «հզօրին իրաւունքը միշտ լաւագոյնն է (La loi du plus fort est toujours la meilleure): Այսինքն, քաղաքակրթութիւն, սկզբունք, կրօններ, փուճ են, եւ մարդկութիւնը քայլ մը անգամ անդին չէ անցած Հոպզի «մարդը մարդուն գայլն է» իրատեսութեամբ սահմանած  անտառի բնազդէն եւ օրէնքէն:

            Ինչպէ՞ս հաւատալ միջազգային ատեաններուն, դատարաններուն, սկզբունքներուն եւ իրաւարարութեան ինքնակոչ ՄԵԾԵՐուն, երբ կը տիրէ «Հոպզի Գայլի» կանոնը:

            Ինչո՞ւ Արեւմտեան կոչուած Հայաստանը, հայերու կառուցած հազարումէկ եկեղեցիներու Անին, անոնց կառուցած Աղթամարի գոհար եկեղեցին, բռնագրաւուած պիտի մնան: Ինչպէ՞ս կրնան իրենք զիրենք արդարացնել բոլոր առատաբանները, որոնք կը ճառեն մարդու իրաւունքէ, արդարութենէ, խաղաղութենէ, երբ կը հովանաւորեն եւ կը գործեն տրամագծօրէն հակառակ ուղիներու վրայ:

            Նախ մենք պիտի հասկնանք այս իրականութիւնները եւ ըստ այնմ կազմակերպուինք՝ տէր ըլլալու եւ տէր մնալու համար մեր իրաւունքին: Կազմակերպուիլ, գիտնալով, թէ ինչո՞ւ, գիտնալով մեխի գլխուն չխփել մուրճը, ճիշդ մարդը դնելով ճիշդ տեղը, որպէսզի առաջնորդ ունենանք եւ չխարխափենք:

            Եթէ շատ գործենք եւ նուազ խօսինք, նուազ աթոռ եւ աթոռակ մաշեցնենք, նուազ ժողովներ գումարենք եւ նուազ վիճինք մազը երկայնքին կտրելու մասին…

            Յաճախ պէտք է յիշել շրջապատուած Կոստանդնուպոլսոյ պարագան, ո՞ւր կը վիճէին հրեշտակներու սեռը ճշդելու մասին, երբ թշնամին քաղաքի պարիսպներուն տակ նստած էր:

            Եթէ առաջնորդ եւ հեռանկարային տեսիլք ունենայինք, կը պատրաստուէինք գոյութենական երկարաշունչ պայքարի, կենսագործելով անանձնական կազմակերպութիւն, ըսելով եւ կրկնելով որ, ազգը եւ հայրենիքը իրաւունք ունին, գերանցելով մենք մեզ որպէս անհատ, ըլլալով պարտական ազգին եւ հայրենիքին, նախահայրերու ժառանգութեան եւ կտակին, նուաճելու համար անոնց կողքին թաղուելու իրաւունքը եւ պատիւը:

            Եթէ չապրինք այս գիտակցութենէն բխող յանձնառութեամբ, թերեւս կ’ըլլանք կուշտ, թերեւս խաչքարով գերեզման կ’ունենանք, բայց ո՛չ շարունակութիւն կ’ըլլանք, ո՛չ շարունակութիւն կ’ունենանք: Կը գումարուինք ժամանակի եւ պատմութեան մոխրադաշտին մէջ անհետ կորած անանուններուն:

            Անի, Մուշ, Վան, Սասուն, Ջաւախք, Արցախ, Կիլիկիա…

            Վա՞ղը…

            Պատասխանատուութիւն զգալու եւ ստանձնելու համար, իրականութիւնները պէտք չէ դիտել մատներու արանքէն եւ անճարակի միամտութեամբ սպասել, որ երկինքէն քաղաքական լուծումներու մանանայ տեղայ:

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles