ԱմերիկահայԼրահոս

Ընկեր Տոքթ․ Վարուժան Չալեանի Հրաժեշտը

Խոր ծերութեան մէջ, Օգոստոս 16-ին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց ընկեր տոքթ․ Վարուժան Չալեանը (Ծնած՝ Պէյրութ, Օգոստոս 29, 1927-ին)։

Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած, Հաճընի շրջանէն՝ Ասատուր եւ Երանուհի (Չամսարեան) Չալեաններու հինգ զաւակներէն երկրորդը, ընկեր Վարուժան կառչած էր իր արմատներուն եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ իր վերջին շունջը։

Նախակրթարանի եւ երկրորդականի ուսումը ստացած Աղբալեանի, Շանթի, Վրացեանի եւ այլոց  հիմնած «Համազգայինի Նշան Փալանճեան» ճեմարանի երդիքին տակ, Վարուժան շարունակեց իր ուսումը եւ 1945-ի աւարտականի հունձքին մէջն էր։ Ան Փարիզի հռչակաւոր ատամնաբուժութեան համալսարանէն ներս շարունակեց իր ուսումը մինչեւ 1955 եւ ապա Ինտիանայի մէջ յաւելեալ մասնագիտութեան հետեւեցաւ։

Ան գործեց Փարիզի «Hotel Dieu» հիւանդանոցին մէջ, ապա Ուսթֆիլտի (Մասաչուսէց) «Massachusetts Cancer Hospital»-ին եւ Ֆիլատելֆիոյ «General Hospital»-ին մէջ։

Իր մասնագիտութիւնն էր «Maxillofacial Prosthetics»-ը, որուն Ինտիանայի համալսարանի պատասխանատու ուսուցիչն ու տնօրէնն էր։

1961-ին ընտանիք կազմելով Զարուհի Իզմիրլեանի  (1930-2022) հետ, ան բախտաւորուեցաւ չորս զաւակներով՝ Արա, Վիգէն, Լուսի եւ Սոնա։ Տիպար հայր մըն էր Վարուժան, որ իր կողակիցին հետ հեռաւոր Նոր Աշխարհին մէջ կրցաւ ամենայն նուիրատուութեամբ եւ բծախնդրութեամբ հայ թրծել իր զաւակները։

Տոքթ․Չալեան երախտապարտ մնաց Պէյրութի ճեմարանին, միշտ ալ կապ պահելով իր դասընկերներուն հետ եւ շարունակ տրամադրելով օժանդակութիւն։

Հ․Յ․Դաշնակցութեան ընտանիքին անդամ էր տոքթ․ Չալեանը, նաեւ «Հայրենիք»-ի հլու հետեւող։ Ան տարիներ շարունակ իր նիւթաբարոյական նպաստը բերած էր յատկապէս «Հայրենիք-ի բարեկամներ» (Friends of Hairenik) խմբակին հետ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16-ին, թաղման արարողակարգի առաջին հանգրուանը, ծանօթ՝ Տան Կարգ անունով, տեղի պիտի ունենայ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 10-էն 11։ Ապա պիտի կատարուի յուղարկաւորութիւնը։

Փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատուութիւններ կատարել Հայ Դատի Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի  յանձնախումբին կամ Պէյրութի «Համազգային»-ի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանին․-

Armenian National Committee Eastern Region (ANC ER) (   [Live link https://ancaef.org/donate-now/ ] (ANCA Eastern Region 80 Bigelow Avenue, Watertown, MA 02472 – include In Memory of Varoujan A. Chalian DDS in memo field)․

***

M and H Arslanian Djemaran School  (Payable to Hamazkayin Endowment Fund include In Memory of Varoujan A. Chalian DDS and Djemaran in memo field –  if by check mail to c/o Varoujan Chalian, P.O. Box 1345, Paoli, PA  19301).

( Live link https://hamazkayin.com/en/about-us/donate/)  the web link allows choice of M and H Arslanian Djemaran and to add in memory of Varoujan A.Chalian DDS.

 

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Ընկ․ Վարուժան Չալեանի

մահուան առթիւ, Հայ Դատի Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի  յանձնախումբը եւ «Հայրենիք»-ի խմբագրութիւնը, խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեն լուսահոգի ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն, ազգականներուն եւ բարեկամներուն։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button