
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Անցեալ ամիս ես գրած էի «արդարամիտ հրեաներ»ու երկու խումբի մասին, որոնք Իսրայէլի կառավարութիւնը յորդորած էին միջամտելու Ատրպէյճանի մօտ՝ Լաչինի միջանցքը բանալու համար։
Տասնեօթը իսրայէլցիներէ բաղկացած առաջին խումբը՝ կազմուած Ռապպիներէ, լրագրողներէ եւ մտաւորականներէ, 15 Յունուար 2023ին նամակ մը յղած էր Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարարին: Երկրորդ խումբը՝ բաղկացած 35 իսրայէլցիներէ, որոնց շարքին՝ Ռապպիներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, կառավարութեան նախկին նախարար եւ Քնեսեթի անդամ, ճարտարապետներ ու գիտնականներ, նամակ ուղարկած էր Իսրայէլի նախագահին։
Համեմատեցէք վերը նշուած իսրայէլական երկու խումբերու արդարացի գործողութիւնները եւրոպացի 500 Ռապպիներու անբարոյական կեցուածքին հետ. անոնք կը ծրագրեն՝ Նոյեմբերին, Ատրպէյճանի մէջ, նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով իրականացնել համաժողով, ըստ Jewish News Syndicate-ի (JNS)։ Այցելութիւնը կազմակերպած է Եւրոպայի ուղղափառ Ռապպիներու միութիւնը, որ կը միացնէ աւելի քան 700 կրօնական առաջնորդներ, ամբողջ Եւրոպայի համայնքներէն:
«Հրեայ ժողովուրդին համար Ատրպէյճանը իւրայատուկ յիշողութեան վայր մըն է եւ աշխարհի մէջ ամէնաեզակի հրէական համայնքներէն մէկուն տունը», ըսած է Եւրոպական Ռապպիներու համաժողովի նախագահ Ռապպի Փինքաս Կոլտշմիթ, որ այս տարուան սկիզբը հանդիպում ունեցաւ Ալիեւի հետ:
Ռապպի Կոլտշմիթի խօսքերուն յաջորդեց նախագահ Ալիեւի ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպայովի ծիծաղելի սա յայտարարութիւնը. «Այն փաստը, որ եւրոպական Ռապպիներու այս համաժողովը տեղի կ՛ունենայ հոս՝ Պաքուի մէջ, կը յայտնէ, որ մարդիկ հոս իրենք զիրենք ապահով կը զգան. այս ճիշդ տեղն է»։ Նոյնքան ծիծաղելի էր Պաքուի Ռապպի Զամիր Իսայեւի այն յայտարարութիւնը, զոր ան ըրած է JNS-ին, թէ՝ Ատրպէյճան «շատ աւելի ապահով է, քան Եւրոպայի որեւէ երկիր»: Այս Ռապպիները կարծես մոռցած են, որ միայն երկու ամիս առաջ, ահաբեկչական խումբ մը կը պատրաստուէր պայթցնել Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունը։
JNS յայտնած է, որ «ծրագրուած ուղեւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ աճող յարաբերութիւններու ընթացքին, որոնք երկու երկիրներու միջեւ երկար դարերու մտերմութենէն վերածուած են ռազմավարական աննախադէպ գործընկերութեան»: Ինչպէ՞ս կրնային Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները ունենալ «երկար դարերու մտերմութիւն», երբ Ատրպէյճան պետութիւն դարձաւ միայն 1918ին, իսկ Իսրայէլ՝ 1948ին։
Իրողութեան մէջ, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բնաւ հիմնուած չեն «մտերմութեան» վրայ, այլ այն իրականութեան վրայ, որ Ատրպէյճան կ՛ապահովէ Իսրայէլի ուժային կարիքներուն գրեթէ կէսը, իսկ Իսրայէլ Ատրպէյճանին կը ծախէ աւելի քան 5 միլիառ տոլարի զէնք՝ իր ժամանակակից զէնքերու 70 տոկոսը, ներառեալ անօրինական քասեթային ռումբեր, զորս Պաքուն օգտագործեց 2020ի պատերազմին՝ հազարաւոր հայ զինուորներ սպաննելու եւ վիրաւորելու համար։
Շտապելով հրճուիլ եւրոպացի Ռապպիներու՝ Պաքու սպասուող ժամանումով, Aze.Media յօդուած մը հրապարակած է «Ռապպիներու համաժողով մահմետական Ատրպէյճանի մէջ» վերնագիրով՝ տեղեկացնելով, որ «Ատրպէյճանական ազգը կը հպարտանայ բազմամշակութային հարուստ քաղաքականութեամբ, որ հաւասարապէս յարգանք կը տածէ Ատրպէյճանի մէջ ապրող բոլոր հաւատքներու եւ կրօններու նկատմամբ»։ Ասիկա կատարեալ սուտ է, քանի որ Ատրպէյճանի մէջ բոլոր փոքրամասնութիւնները կը տառապին խտրականութենէ եւ մարդկային իրաւունքներու զանգուածային ոտնահարումէ։ Տեղաբնակ ատրպէյճանցիները իրենք եւս կը դառնան հետապնդումներու զոհ՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ, եթէ որեւէ քննադատական խօսք ըսեն նախագահ Ալիեւի հասցէին:
Ատրպէյճանի սէրը Իսրայէլի եւ հրեաներու նկատմամբ ունի շատ աւելի չարամիտ օրակարգ, քան պարզապէս նաւթի փոխանակումը զէնքի դիմաց: Անիկա պայմանաւորուած է ատրպէյճանական հակասեմականութեամբ՝ հիմնուած այն կեղծ համոզումին վրայ, որ «հրեաները Ամերիկայի մէջ կը վերահսկեն ամէն բան», եւ եթէ Ատրպէյճան լաւ վերաբերի հրեաներուն, ապա անոնք կ՛ազդեն ԱՄՆ-ի վրայ՝ ատրպէյճանամէտ դիրքորոշում որդեգրելու համար։ Այս ԱՄՆի մէջ հայկական «լոպի»ին հակազդելու Պաքուի ակնյայտ ծրագիրն է։
Մինչ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը սիրաշահին ամերիկացի հրեաները եւ Իսրայէլը՝ յուսալով օգուտ քաղել ԱՄՆի մէջ անոնց «լոպիինկ»էն, Իսրայէլի եւ հրեաներու համար անխոհեմ բան կ՛ըլլայ երթալ եւ ամրապնդել ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հակասեմական դիրքորոշումը: Խումբ մը անբարոյական եւրոպացի Ռապպիներու մօտ թիւր տպաւորութիւն ստեղծուած է այն մասին, որ ատրպէյճանցիները զիրենք գրկաբաց կ՛ընդունին, հրեաներու հանդէպ ունեցած սիրոյ պատճառով։ Այս ռաPPինները չեն գիտակցիր, որ իրենք ուղղակիօրէն թոյլ կու տան, որ շահագործուին Ատրպէյճանի ենթադրեալ քաղաքական շահերուն համար։
Մինչ Իսրայէլ իր դեսպանատունը բացաւ Պաքուի մէջ՝ 1993ին, Ատրպէյճան իր դեսպանատունը Թել Աւիւի մէջ հիմնեց՝ 2023ին, միայն այն բանէն ետք, երբ յայտարարեց իր ներկայացուցչութեան բացման մասին Ռամալլահի մէջ, Յորդանան գետի արեւմտեան ափին, որ կը համարուի Պաղեստինի՝ «տէ ֆաքթօ» մայրաքաղաքը, մեղմելու համար բազմաթիւ մահմետականներու հակազդեցութիւնը Ատրպէյճանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Ֆրանսացի պատմաբան Մարք Նոպել՝ 8 Օգոստոսին, վրդովուած յօդուած մը գրեց Le Point ֆրանսական թերթին մէջ, կոշտ քննադատութեան ենթարկելով եւրոպացի Ռապպիներու ծրագրած այցը՝ Պաքու։ Նոպել գրեց. «Պարոնա՛յք Ռապպիներ, ես կ՛ամչնամ եւ ես հրեայ եմ»: Յատկանշական է, որ ան յայտնեց, թէ Ֆրանսայի գլխաւոր Ռապպի Հայիմ Քորսիա պիտի չուղեկցի միւս Ռապպիներուն դէպի Ատրպէյճան՝ «Պաքուի բռնապետը շողոքորթելու համար եւ թոյլ պիտի չտայ, որ նման վարչակարգ մը կաշառէ զինք»։
Եւրոպացի հինգ հարիւր անբարոյական Ռապպիներ՝ սովի մատնուած 120 հազար արցախցիներու կողքին կանգնելու փոխարէն, Պաքուի մէջ իրենց հոգիները կը ծախեն սատանային։