Ի Խնդիր Հայ Դպրոցին (Վերամուտի Առիթով)

0 0
Read Time:2 Minute, 41 Second
Վեր. Դոկտ. Վահան  Յ. Թութիկեան
Հայկական Ցեղասպանութենէն գրեթէ անմիջապէս ետք՝ Թուրքի Եաթաղանէն մազապուրծ ազատած հայ «Մնացորդացը» իր բնակած նորանոր գաղութներուն մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ հիմնեց: Տարագիր հայութիւնը մէկ կողմէ՝ իր նիւթական, տնտեսական ու քաղաքական ծանրակշիռ պայմանները ջանաց յաղթահարել, միւս կողմէ՝ աստիճանաբար կարգադրեց կրթական գործը՝ նորանոր դպրոցներու ցանցով մը:
Սկզբնական շրջանի հայ գաղթականներուն կողմէ տախտակաշէն դպրոցաշէնքերը՝ յետագայ տարիներուն վերածուեցան բաղտատաբար աւելի արդի եւ հրապուրիչ կրթական յարկերու, որոնց կողքին հետզհետէ հիմնուեցան նաեւ ուսման նոր հայ հաստատութիւններ:
Իրերայաջորդ դպրոցական բազմաթիւ սերունդներ թրծուեցան հայ վարժարաններու շունչով, հայ մշակոյթի սէրով: Այդ դպրոցները հաղորդակից դարձուցին իրենց վստահուած հայ աշակերտութիւնը՝ հայ ժողովուրդի անցեալ պատմութեան, անոր յոյսերուն եւ յուսախաբութեանց, անոր նուաճումներուն եւ ձախորդութեանց, անոր իտէալներուն եւ երազներուն, անոր փառքին ու տառապանքին:
Ժամանակի թաւալումին հետ, սակայն, հետզհետէ մեր երբեմնի հայաշատ գաղութներու մէջ սկսան փակուիլ հայ դպրոցներ: Միայն անցնող քանի մը տասնամեակներու ընթացքին աւելի քան 70 ամէնօրեայ հայկական դպրոցներ փակուեցան…
Անցեալին՝ հակառակ Սփիւռքահայութեան տնտեսական համեստ (նոյնիսկ աննպաստ) պայմաններուն, հայ դպրոցը յաջողեցաւ շնորհիւ անցնող սերունդներու անսպառ զոհողութեան, հոգածութեան եւ հուժկու ջանքերուն: Ինչո՞ւ ներկայիս տարբեր ըլլայ պարագան, մանաւանդ երբ տնտեսական պայմանները շատ աւելի նպաստաւոր են մեր գաղութներու մեծամասնութեան համար: Ինչ պատճառներ կամ պատճառաբանութիւններ ալ մէջտեղ նետուին՝ արդարանալի չեն, որովհետեւ հայ դպրոցին դերը անփոխարինելի է: Անվիճելի իրողութիւն մը որ հայ դպրոցը ամէնէն ազդու միջոցներէն մէկն է մեր մնայուն արժէքներու ժառանգութիւնը կտակելու նոր սերունդին եւ հայրենահեռու գաղութներու մէջ մեր Հայրենիքի եւ Մայրենիքի (մայրենի լեզուին) սիրոյ կրակը վառ պահելու հայ սրտերուն մէջ:
Հայ Դպրոցը կոչուած է Մարդակերտութեան եւ Հայակերտութեան վսեմ գործին: Անոր նպատակն է հայ տղաքն ու աղջիկները կեանքի պատրաստել, անոնց նկարագիրը կերտել, անոնց բանական եւ հոգեկան աշխարհը ձեւակերպել: Ասոր առընթեռ՝ հայ դպրոցը յատուկ կարեւորութիւն կ’ընծայէ Հայեցի Դաստիարակութեան:
Հայեցի Դաստիարակութեան հիմը կը կայանայ հայերէն լեզուի ուսուցման եւ մայրենի լեզուով հայ ոգիի եւ ոգեկանութեան մէջ: Հայաստանի եւ Արցախի հայրենի մեր հողերուն վրայ հայեցի դաստիարակութիւնը լռելեան ընդունուած իրողութիւն մըն է: Բայց Սփիւռքի մէջ առաւելաբար հայ դպրոցին առաքելութիւնը հայակրթութիւնն է, որովհետեւ հայ տղան եւ հայ աղջիկը հ՛այ պիտի կրթուին: Անոնք կրնան աշակերտել որեւէ դպրոցական յարկի ներքեւ, բայց միայն հայ դպրոցին մէջ է, որ հայեցի դաստիարակութիւնը պիտի դառնայ մայրենի լեզուով եւ անով է որ պիտի փոխնացուի հայ ոգին սերունդէ սերունդ:
Անուրանալի է հայ դպրոցին դերը նոր սերունդներուն փոխանցած իր շունչով եւ ընծայած հայեցի մթնոլորտով, որոնց հետ միասին հայ զաւակներ կ’առաջնորդուին ինքնաճանաչման, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին անցեալի ու ներկայի կեանքին:
Հայ տղան ու աղջիկը իր ամէնօրեայ կաթին ու հացին չափ պէտք ունի հայ դպրոցի ոգեղէն սնունդին, առանց որու անոնց ազգային դիմագիծը հետզհետէ կը տժգունի, կը խամրի ու կը չորնայ:
Իրերու եւ իրողութեան այս լոյսին տակ՝ Սփիւռքահայութեան համար անհրաժեշտ են տեսիլք, աննկուն կամք եւ նիւթական զոհողութիւն: Ասոնցմով է որ հայ դպրոցը պիտի մնայ կանգուն եւ պիտի կրնայ կատարել իր առաքելութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ հայ մարդը համոզուի հայ դպրոցի կենսական դերակատարութեան եւ նպաստին՝ հայապահպանումի նկատմամբ: Եւ որովհետեւ բարեհաճ իղձերով տեղ մը կարելի չէ հասնիլ, անհրաժեշտ է նաեւ հայ դպրոցը տնտեսապէս ինքնաբաւ դարձնել, որպէս զի ան ալ, իր կարգին, ընտիր նկարագրի եւ հայեցի դաստիարակութեան համար հարկ եղած որակաւոր հայ ուսուցիչներ վարձէ, ազդու ուսումնական դասածրագիրներ եւ կրթական ու հայեցի մթնոլորտ ստեղծէ՝ ի խնդիր հայութեան ապագան եղող նոր սերունդներուն:
Ըսած ենք, եւ դարձեալ կը կրկնենք, եթէ հայ մարդիկ իրենց բարօրութեան եւ հաճոյքի պահանջներուն համար մեծ գումարներ կրնան ծախսել, արդար չէ՞, որ հայ մշակոյթի եւ իրենց ազգային ինքնութեան պահպանման սատարող Հայ Դպրոցին նեցուկ կենան ոչ միայն բարոյապէս, այլ մանաւանդ նիւթապէս:
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles