ԳլխաւորԿիզակէտՅօդուածներ

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ ԶԻՐԱՐ ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ ՄՐՑԱԴԱՇՏ ՄԸ ՉԷ

Ա.Ա. 

Հայոց բանակի հարցերով եւ խնդիրներով զբաղող իրաւաբան Ժաննա Ալեքսանեան դարձեալ լուսարձակները սեւեռեց խաղաղ պայմաններու մէջ բանակային զինուորներու սպանութեան չափազանց մտահոգիչ տագնապին վրայ եւ պաշտպանութեան նախարարէն պահանջեց անյապաղ հրաժարիլ։ Oգոստոս 27-ին պատահած երկու զինուորներու սպանութեան հանգամանքները եկան ցոյց տալու,որ հայոց բանակին մէջ դժբախտաբար տակաւին կը տիրէ անպատժելիութեան մթնոլորտը, իսկ զինուորներ իրարու վրայ կը կրակեն, ապա անձնասպան կ՛ըլլան՝ անհանդուրժողութեան եւ հովանաւորչութեան անտանելի ու հեղձուցիչ մթնոլորտ մը բացայայտելով։ Սպանութեան դէպքին մասին տրուած պաշտօնական լրատուութեան մէջ կ՛ըսուի, որ զինուոր Արտեոմ Հայկազեան նախ իր ծառայակիցներէն մին՝ Արմէն Խաչատրեանը սպաննած է, ապա անձնասպանութիւն գործած է։ Քրէական գործը այժմ կը գտնուի Քննչական Կոմիտէին մօտ, որուն քննիչները կը քննեն սպանութեան եւ անձնասպանութեան դէպքին հանգամանքները՝ համապատասխան եզրակացութեան մը յանգելու համար։

Հայոց բանակը մեր պատիւն ու հպարտութիւնն է։ Ամէն բանակ տուեալ ազգին համար նոյն արժէքային համակարգէն բխած բովանդակալից եւ պատճառաբանուած հպարտանքի աղբիւր է, որովհետեւ անիկա այն հաստատութիւնն է, ուր անվիճելիօրէն տիրական պէտք է ըլլայ կարգապահութիւնը, կարգ ու կանոնը, փոքրէն մինչեւ բարձրագոյն աստիճանի զինուորականներուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ իրարու նկատմամբ ընկերական ու հարազատ վերաբերումի ընդհանուր մթնոլորտ մը, որ էական է բանակային կառոյցներուն միջեւ առողջ յարաբերութեան մը համար։ Երբ բանակին մէջ կը տիրէ անհանդուրժողականութիւն եւ ատելութեան մթնոլորտ ու դիմացինը, աւելի տկար անհատականութիւն ունեցողը շահագործելու քանդիչ սովորութիւնը, ապա ամէն ինչ կը խարխլի եւ բանակը կը վերածուի անմարդկային արարքներու եւ ուժի ցուցադրութեան ահաւոր վայրի մը։ Ասիկա առաւել կը շեշտուի, երբ սպայակազմէն անդամներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նման մթնոլորտի մը ստեղծման։ Յունուար 2023-էն մինչեւ Oգոստոս 27 երկարած ժամանակաշրջանին աւելի քան յիսուն զինուորներու ոչ պատերազմական իրավիճակի մը մէջ սպանութիւնները ասոր ահազանգը հնչեցնող անհանդուրժելի եւ մերժելի պատահարներ են, որոնք համապատասխան արմատական լուծումներ գտնելու ստիպողութեան դէմ յանդիման կը դնեն բանակին պատասխանատուները եւ իշխանութիւնները։ Ճիշդ է, որ երկու զինուորներուն սպանութեան լոյսին տակ՝ պաշտպանութեան նախարարը որոշ յանձնառարականներ կատարեց եւ պահանջեց հսկողութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի ամրապնդման արագ եւ ազդու քայլերու դիմելու անհրաժեշտութիւնը, բանակին խնդիրներով եւ համակարգային հարցերով զբաղող իրաւաբաններ կասկածի տակ առին պաշտպանութեան նախարարին կողմէ կատարուած յանձնառարականներուն կատարողականութեան ուժն ու ազդեցութիւնը՝ պահանջելով կտրուկ միջոցներ եւ քայլեր, որպէսզի հայոց բանակին մէջ արմատացած հովանաւորչութիւնը, անպատժելիութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը վերջ գտնեն։

Թշնամին կանգնած է հայոց դարպասներուն դիմաց։ Ամէն օր վտանգն ու սպառնալիքները առաւել կը լարեն իրավիճակը եւ բոլորը կը դնեն հայոց բանակին մէջ արմատական բարեկարգումներ կատարելու ստիպողութեան եւ անխուսափելիութեան դիմաց։ Հայոց բանակը ազգային հպարտութեան եւ դաստիարակութեան ներշնչման աղբիւր է եւ իբրեւ այդպիսին պէտք է ամրապնդէ իր հեղինակութիւնը, ոչ թէ իրարու վրայ կրակելու եւ զիրար սպաննելու մերժելի հաստատութեան մը տպաւորութիւնը ձգէ՝ ծնողները մղելով, որ հարցականներու տակ առնեն մեր բանակին մէջ ծառայող իրենց զաւակներուն ապահովութեան համար ձեռք առնուած բոլոր տեսակի միջոցառումներն ու քայլերը։ Հայոց բանակը իր անունին եւ վարկին արժանի դիրքերու վրայ բարձրացնելու պարտաւորութենէն կարելի չէ խուսափիլ։ Պէտք չէ խուսափիլ։

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button