ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԻ ԱՂԱՒԱՂՈՒՄ
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Յատկապէս ամեակները, եթէ քաղաքական երես մը ունին, հետզհետէ սկսած են ահ ու սարսափի մատնել հայորդին։ Նմանօրինակ «սենարիօ» մըն ալ պատահեցաւ վերջին քանի մը օրերուն, երբ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 33-ամեակը նշելու համար, խօսք առաւ Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. եթէ անոր յայտարարութիւններն ու խօսքերը հաւաքենք եւ ներկայացնենք, հաւանաբար կը մատնուինք, երկմտանքէ աւելի՝ գլխապտոյտի։ Իրար հակասող հաստատումներ, բացատրութիւններ, լուսաբանութիւններ եւ վերլուծումներ, որոնց խառնուրդը կարելի է առանց երկմտանքի անուանել… ձաբռտուք։
44 օրուան պատերազմին չարաչար պարտուած, ապա յաջորդ արդէն մօտաւորապէս երեք տարիներուն՝ դիւանագիտականօրէն լուսանցքի վրայ ձգուած, թշնամիէն ու բարեկամէն արհամարհուած վարչապետ Փաշինեան, առանց քաջատեղեակ ըլլալու կամ ընդունելու, թէ ի՜նչ «կաֆ»-եր գործած է, կը խօսի անկախութեան հռչակագիրի մը մասին, որուն ճամբով կարելի եղաւ որդեգրել «Ապագայի Հայաստանը», վերյիշեցնելով վերջին ընտրութեանց օրերուն իր հրապարակ նետած յանկերգը՝ «Ապագայ կայ»։ Իսկ թէ սա ի՞նչ ապագայ է, կամ՝ արդեօք ապագայ մնացա՞ծէ ա անոր իշխանութեան հորիզոնին՝ բախտագուշակներն անգամ շփօթի մատնուած են…
Մէկ բան յստակ է. անոր ոտքերը վերջնականապէս կտրուած են գետնէն (կա՞մովին, թէ՞ ուրիշներ կտրած են՝ ո՛չ մէկ կարեւորութիւն ունի). ան կը գտնուի եթերային աշխարհի մը մէջ եւ չի գիտեր, թէ երկիրը հասած է «լինել-չլինելու» եզրին։ Երկիր մը՝ որուն ոստիկան ուժերը, պատրաստութեամբ, թիւով եւ ռազմամթերքով՝ կը գերազանցեն բանակը։ Ապահովութեան միջոցառումներ՝ որոնք կ’որդեգրուին երկրէն ներս, դիւրացնելու համար քանի մը «իշխանական ջոջի» երթեւեկը, փոխան սահմանամերձ շրջաններու ապահովման, կամ՝ արգելքներ կը ստեղծեն կարգ մը սփիւռքահայերու Հայաստան մուտքին, մինչդեռ դուռը լայն բացուած է ամէն տեսակի զբօսաշրջիկներու առջեւ։ Այս բոլորը քողարկելու, «ժողովուրդը հաճոյանալէ չզրկելու» նպատակով, հնարքներ ալ կը սարքուին, ինչպէս՝ այլանդակ օտար երգիչներու երգահանդէսներու կազմակերպումը, մինչդեռ անդին, սահմանները կը մնան անպաշտպան, Արցախի նուիրաբերման «արարողութիւնը» կը շարունակուի մերթ լուռ ու մունջ, երբեմն փողով-թմբուկով…
Վարչապետը կը խօսի խորհրդային օրերուն ստեղծուած եւ մինչեւ օրս շարունակուող քաղաքականութեան մը մասին, որմէ դուրս կ՛ուզէ մնալ եւ ստեղծել «նոր Հայաստան» մը, որուն ո՛չ պատկերացումը ունի, ո՛չ ալ հոն տանող «ճամբու քարտէս» մը, նախագիծ մը:
Մաս առ մաս հողեր զիչելով եւ անշուշտ ամբողջ Արցախէն հրաժարելով, վարչապետը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ փրկած կ՛ըլլայ հայրենիքն ու կատարած կ՛ըլլայ իր խոստացած «Ապագայ կայ․․․Ապագայ»-ն։
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդի վերջին նիստը ցոյց տուաւ, թէ աշխարհը որքա՜ն անտարբեր է Արցախի հիմնահարցին նկատմամբ, որ դժբախտաբար կը ներկայացուէր միայն ու միայն Բերձորի ճամբուն փակումով:
«Երկաթէ շերեփ»-ի կրկնութիւնն ալ այնքան «քլիշէ» եւ անկարեւոր, յատկապէս «Իմ Քայլ»-ականներու համար, որոնց համար հայոց պատմութեան հին էջերը երբեք հետաքրքրական չեն թուիր ըլլալ։
Դժբախտաբար հայորդիներու ստուար մէկ հատուածը կը նախընտրէ թմբիրի մէջ մնալ եւ զուարճանալ Երեւանի ճաշարաններուն եւ զբօսավայրերուն մէջ։
«Ո՞ւր են ժամանակի ձիւները», հարց տուած է Ֆրանսացի գրող Ֆրանսուա Վիյոն։
33 տարի առաջ անկախության հռչակագրով որդեգրուածն ու ստեղծուածը եւ այսօրուան գահավէժ վիճակը ահաւոր չափով զիրար կը հակասեն։ Փաշինեանի եւ իր իմաստակներու խումբին՝ իրականութեան անհաղորդ ըլլալու վիճակին հետեւանքով, վնասներու կուտակումը կը շարունակուի անսանձ: Պէտք է վերականգնել Հռչակագիրի ոգին եւ ուղին, կասեցնել ազգակործան ընթացքը: Հռչակագիրին աղաւաղումը աններելի է: