Ամերիկահայ

 ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ «ՇՈՒՇԱՆԻԿ» ՃԱՄԲԱՐԸ

 

Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ) կազմակերպած «Շուշանիկ» ճամբարը տեղի կ՛ունենայ տարեկան դրութեամբ։ Այս տարուան ճամբարը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 7-11-ին, մասնակցութեամբ 60 երիտասարդներու։

Ճամբարի գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ կրօնական դաստիարակութիւն, արուեստ ու ձեռագործ, պարի դասեր եւ ջրային խաղեր, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի գլխաւորութեամբ։ Ուսուցիչներու եւ խորհրդականներու անձնակազմը բաղկացած է 20 հոգիէ։ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 9-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս ճամբարին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց մասնակիցները, գնահատելով ընկերային եւ դաստիարակչական այս ձեռնարկին կազմակերպումը եւ անձնակազմին յանձնառութիւնը։

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button