Լիզպոնի Օղակը Քանդակուած Կը Մնայ Մեր Յիշողութեան Մէջ

0 0
Read Time:10 Minute, 19 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Յուլիս 2023

Լիզպոնի հինգ հերոսները ո՛չ առաջինն էին, ո՛չ ալ վերջինը այն փաղանգին, որ իր կեանքը նուիրաբերած է հայութեան արդար իրաւունքներուն հետապնդման ճամբուն:

40 տարի առաջ Փորթուգալի մայրաքաղաքին մէջ թրքական դեսպանատունը գրաւող մատղաշ երիտասարդները պարզապէս նոր բարձունքի մը հասցուցին պայքարի այն ուղին, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ սկիզբ առած էր մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ` Թուրքիոյ ցեղասպան եւ ոճրագործ պետութիւնը հետապնդող, անոր ներկայացուցիչներն ու կեդրոնները ահաբեկող արի-արանց ձեռքերով:

Ինչպէս որ Լիզպոնի հինգը` Վաչէն, Սեդրակը, Սագոն, Սիմոնն ու Արան, 19-21 տարեկան այդ պայծառ ճակատները, իրենց ԳՈՐԾՈՎ արձագանգեցին մօտաւորապէս դար մը առաջ ձեւ-կերպարանք առած հայկական ուժական շարժումին, աննման ֆետայիներու զոհաբերութեան ու անոնց զուգահեռ իրականացած Պանք Օթոմանին, Խանասորին, հայկական «Նեմեսիս»-ին եւ արդարատենչ բազում սխրանքներուն, այնպէս ալ անոնց կերտած բարձրակէտը անարձագանգ չմնաց իրենց զոհաբերութեան անմիջապէս յաջորդած փուլին, յետոյ նաեւ` շուրջ 15 տարի ետք պայթած արցախեան շարժումի շրջանին, երբ բիւր-բիւր հերոսներ միացան հայրենի հողի պաշտպանութեան, ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ապահովման եւ պահպանման երթին: Այդ փուլը բաց է այսօր:

Լիզպոնի հինգ հերոսները հիմա կը հանգչին Պուրճ Համուտի հայկական գերեզմանատան մէկ անկիւնը. խմբային դամբարանը համեմատաբար համեստ յուշակոթող մըն է, կը ցոլացնէ այն համեստութիւնը, որ ունէին այդ անուշ տղաքը. անիկա դարձած է ուխտավայր եւ ժամադրավայր` Հայ դատի պայքարին միացողներուն: Պուրճ Համուտէն մօտաւորապէս 1500 քմ դէպի հիւսիս-արեւելք, Երեւանի կից գտնուող Եռաբլուրին մէջ կը հանգչին մեր այն նահատակները, որոնք վերջին 30 եւ աւելի տարիներուն անհաւասար պայքարի դաշտ նետուեցան` ի խնդիր Արցախի եւ Հայաստանի հողերուն պաշտպանութեան, ու բազում յաղթանակներ կերտեցին նահատակութեան ճամբով: Լիզպոնի հերոսներուն շիրիմը կնքուած է եւ անոր կողքին նորեր չեն աւելցած, մինչդեռ Եռաբլուրը տարուէ տարի, շաբաթէ շաբաթ նոր տարածքներ կը գրաւէ քայլ պահելով նո՛յն ոճրագործին` ազերի թուրքին դէմ շարունակուող գօտեմարտերուն, թշնամիին բորենիատիպ սադրանքներուն:

***

Լիզպոնի թրքական դեսպանատան վրայ գործուած յարձակումը, ինչպէս նշեցինք, նոր բարձրակէտի մը հասցուց Թուրքիոյ պետութեան դէմ հայ երիտասարդութեան արդարատենչ պայքարը, վերականգնած երթը: Հինգ հերոսները ի սկզբանէ գիտէին, որ մտած են նահատակութեան ուղիին մէջ, որ իրենց խմբակին` «Հայ յեղափոխական բանակ»-ին հրապարակ գալէն առաջ, բացուած էր «Ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ»-ուն արդարատենչ արարքներով: Հինգ հերոսները Լիզպոնէն վերադարձի ճամբան փակած էին իրե՛նց իսկ ձեռքերով, սակայն բացած էին հայութեան պայքարը դէպի ահագնացում տանող փուլ մը: Իրենց ետին թողած հաղորդագրութիւններով, ապա նաեւ` քանի մը տարի ետք հրապարակուած տեսերիզին մէջ կենդանի խօսքերով, անոնք հռչակած էին իրենց հաւատամքը, որ խորքին մէջ հաւատամքն էր ու կը մնայ մեր իրաւունքներուն տիրութիւն ընող, անոնց իրականացման համար պայքարող, կարելի ո՛րեւէ միջոցով պայքարող երիտասարդներուն, բոլո՛ր սերունդներուն, հայրենի հողին վրայ թէ ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Անոնք պարզ նախադասութիւններով կը յայտարարէին. մենք բիրտ ուժի չենք դիմեր սոսկական մարդասպանութիւն կամ ոճրային խափանարարութիւն ընելու, վրիժառութեան նպատակով, այլ այս ուժային միջոցին կը դիմենք, որովհետեւ մեր ժողովուրդին արդար պահանջները խաղաղ միջոցներով հետապնդելու ճիգերը կը մնան անտեսուած, չեն հասնիր աշխարհի հանրութեան եւ ազդու դերակատարութիւն ունեցողներու ականջներուն: (Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն. անտեսումի մատնուած Արցախն ալ այսօր ճի՛շդ նոյնը կ՛ըսէ…): Այս արարքով մենք կը պահանջենք, որ աշխարհը արդար լուծում բերէ մեր արդար դատին: Մեզ կրնաք խենթ կոչել, սակայն մեր խենթութիւնը սրբազան բան մըն է, վստահ ենք, որ այս մէկ արարքը լայն արձագանգ պիտի գտնէ աշխարհի տարածքին: Այս հինգ դիմանկարները պէտք է քանդակուին իւրաքանչիւր հայու յիշողութեան մէջ, արդարութեան զինուորագրեալները պիտի ունենան ճամբան շարունակողներ…

Անոնց նախատեսութիւնը զիրենք չխաբեց: Յաջորդ օրերուն եւրոպական-արեւմտեան, արաբական եւ թրքական մամուլը լայն արձագանգ եղան Լիզպոնի գործողութեան: Ու եթէ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ըստ սովորութեան, կարեկցանքի եւ ցաւակցութեան խօսքեր ուղղեցին անցեալի «հիւանդ մարդուն» ժառանգորդին` իրենց դաշնակից Թուրքիոյ պետութեան, անդին, միջազգային մամուլը եղաւ աւելի՛ արդարադատ, արձագանգ եղաւ հայ եւ այլ պայքարողներու հիասթափութիւններուն, արդար լուծումի պահանջին:

Արդարացաւ այն բնութագրումը, որ հայութեան իրաւունքներուն դէմ բարձրացած լռութեան պատին վրայ ճեղք յառաջացած էր: Թուրքիոյ օրուան ղեկավարները զգացին այն սարսափը, որ դար մը առաջ սրդողումի մատնած էր Մեծ Մարդասպանը: Անկէ ետք հայութեան ձայնը աւելի՛ լսելի դարձաւ Եւրոպայի եւ միջազգային այլ ատեաններու մէջ, ուր Թուրքիոյ դէմ որդեգրուեցան իրերայաջորդ որոշումներ, սկսելու համար` եւրոպական համայնք Թուրքիոյ մուտքին մերժումը:

Ու բնական էր, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ մօտակայ եւ հեռաւոր ափեր, ընդառաջեց նահատակներէն մէկուն հօր այն խօսքերուն, թէ իր զաւակը այլեւս միայն իրը չէ, այլ զաւակն է ամբողջ հայութեան: Փաստացի վկայութիւնը այն էր, որ Հայաստանէն մինչեւ արտերկիր` Լիզպոնի հինգը մուտք գործեց մեր հերոսապատումը յաւերժացնող երգերուն մէջ:

***

Սահեցան 15 տարիներ: Լիզպոնով բարձրակէտ մը նուաճած մեր պայքարը շարունակուեցաւ մերթ հակաթուրք արարքներով, սակայն նաեւ` քաղաքական-դիւանագիտական ոլորտներու մէջ: Լիզպոնի հինգին մէ՛կ բռունցքը մեծ նպաստ բերաւ քաղաքական-դիւանագիտական այն աշխատանքներուն, որոնք 70-ականներէն սկսեալ, անկէ ալ առաջ, հազարաւոր բառերով կը տարուէին ՄԱԿ-ի, զայն կանխած` Ազգերու լիկային եւ եւրոպական բեմերու վրայ: Հայ քաղաքական գործիչը, որ զուրկ էր պետական յենարանէ (Հայաստան մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան), շատ աւելի ազդու եւ արդիւնաւոր քայլեր առաւ Լիզպոնէն եւ նախընթաց` Թուրքիոյ պետութիւնը պատուհասող հարուածներէն ետք: Այս բոլորը չենք արձանագրեր զգացականութեամբ կամ երեւակայութեան թռիչք տալու տրամաբանութեամբ, ո՛չ ալ Լիզպոնը կանխած արարքներուն հետ բաղդատութեան տրամաբանութեամբ, այլ աչքի առջեւ ունինք փաստերու անսպառ շարան մը, որ անջնջելիօրէն ամրագրուած է մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, մեզ հասցուց արցախեան պայքարի հանգրուանին, որմէ ծնունդ առին իրերայաջորդ հերոսամարտերը` Արցախի ազատագրումի գուպարը: Կ՛ուզենք միաժամանակ շեշտել այն, որ բազկի ու միտքի` դիւանագիտական ուժերը զիրար ամբողջացնող են, մէկը միւսին` նեցուկ, յենարան:

 

Խորքին մէջ Արցախի պատերազմին իրերայաջորդ փուլերը, սկսելով Շուշիի, Հադրութի եւ մինչեւ Արաքս տարածուող հողերու ազատագրումէն մինչեւ 2016-ի քառօրեայ ճակատումները, զանոնք կանխող եւ անոնց յաջորդած «կէտադրումները», իրականացուցին հինգ նահատակներուն իղձերը, որոնք մարմնաւորուած էին Հայ դատը լիակատար եւ արդար լուծումի հասցնելու համար բոլոր զինուորագրեալներուն կամքին մէջ: Արցախեան տարածքներու ազատագրումը եւ փաստացի կերպով մայր Հայաստանին վերամիացումը մէկ մասնիկն էր մեր հերոսներուն` «մեր դատը կը սպասէ արդար հատուցման» պահանջին, անոնց գրաւոր եւ բերանացի յայտարարութիւններուն, նաեւ նոր մարմնաւորում կու տար Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ յանձնառութեան:

***

Յետոյ հասաւ չարաղէտ 2018-2020 փուլը, որուն երկարաձգումը կ՛ապրինք մինչեւ այսօր:

Վերջին տարիներուն, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, ընդհանրացած է այն խօսքը, որ «քալող» ՔՊ-ականները ահաւոր նահանջի մատնեցին հայութեան արդարատենչ պայքարի շուրջ 30 տարիներու երթը: Այս նկատողութիւնը ճիշդ է, որովհետեւ իր «բարեկարգչական» եւ «Արցախի իրաւունքները ամրագրելու» երթը «իմ ուզած ձեւովս եւ զերօ կէտէ սկսելով» պիտի իրականացնեմ ըսողը փոշիացուց զինք կանխող բոլոր վարչախումբերուն ձեռքբերումներուն մեծ մասը, գոնէ` Արցախի վերատիրացման դիտանկիւնէն, բնականաբար` առանց մոռնալու նոյնինքն Հայաստանէն կորուստի մատնուած` թշնամիին նուիրաբերուած ու ցանկագրուած տարածքները: Երբեք ալ չենք անտեսեր արտաքին գործօնները, սակայն կա՛մովին անոնց խաղալիք-կամակատար դառնալը չունի որեւէ դրական որակում, արդարացում:

Կորուստները կարելի չէ սահմանափակել այս ձեւով, որովհետեւ վարչախումբը ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ հարուածներ հասցուցած է եւ կը շարունակէ հարուածել Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ ալ իրագործուած ձեռքբերումները: Հաւանաբար «փաշինեանապաշտներ» այս հաստատումին մէջ չափազանցութիւն տեսնեն, սակայն եկէ՛ք` ըլլանք առարկայական եւ խօսինք ՓԱՍՏԵՐՈՎ.

– Ի՞նչ կը նշանակէ յայտարարել, որ Հայ դատի հետապնդումը սփիւռքի հայութեան ճիտին պարտքն է: Սա կը նշանակէ հայ պետականութեան ձեռքերը գործնապէս լուալ մեր Դատի հետապնդման առաքելութենէն, մինչդեռ անիկա ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ եւ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ վերածուած էր այն օրերէն, երբ Սարդարապատի եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ յուշարձաններ կանգնեցնող հայութիւնը եւ իր պետական վարչամեքենան, փաստօրէն դիմադրելով Քրեմլինի օրուան արգելակումներուն, հրապարակ եկաւ «Մեր հողերը, մեր հողերը» բացագանչութիւններով: Կրկնենք. կարելի չէ մոռնալ անդրանիկ Հանրապետութեան 1919-ի հռչակագիրը` անկախ եւ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի տեսլականին պաշտօնական որդեգրումը:

– Ի՞նչ կը նշանակեն հայկական «Նեմեսիս»-ի յուշարձանին զետեղումը սխալ նկատելու, կամ առնուազն իրենք զիրենք այդ քայլին անմասն հռչակելու ՔՊ-ական շեֆին ու ձայնակիցներուն յայտարարութիւնները: Միայն մեր թշնամի թուրքն է, որ կը սարսափի հայկական «Նեմեսիս»-ի յիշատակէն, իսկ հայութիւնը, բացի Փաշինեանի համակիրներէն, ամբողջ հոգիով ու պաշտամունքի հասնող սիրով կը յիշէ արդարահատոյց բազուկները: Իսկ Լիզպոնի հինգը մէկն էին մեր նորագոյն պատմութեան մէջ վերանորոգուած «Նեմեսիս»-էն…

– Ի՞նչ բանի ապացոյց է թշնամիին կողմէ բռնագրաւուած ու հիմա փոշիացումներու ենթարկուող Շուշին «դժբախտ» որակելու հայրենալքումը, հայրենուրացութիւնը:

– Որեւէ ինքնարդարացում կամ չքմեղանք կրնա՞յ տրուիլ այն գաղտնի ու բացայայտ որոշումներուն, համաձայնութիւններուն, որոնց ճամբով թշնամիին նուէր տրուեցան զէնքի ուժով եւ բիւր կեանքերու գնով պաշտպանուած հսկայական տարածքներ:

– Ինչո՞վ բացատրել Բերձորի եւ Աղաւնոյի ազերիներուն յանձնումը` միայն քանի մը օր ետք այն յայտարարութիւններէն, թէ անոնք երբեք պիտի չյանձնուին: Եւ հիմա, դեկտեմբեր 2022-էն ետք, այդ ճամբան ամիսներ շարունակ մնաց կղպուած, 120.000 պաշարեալ արցախցիներուն ապրուստն ու կեանքերը` ազերիական կամայականութեանց խաղալիք: (Ո՞վ կը յիշէ բազմահազար միւս գաղթականները, որոնք կը մնան Հայաստան կամ այլուր):

– Ո՞վ կրնայ հիւլէ մը արդարացում գտնել պաշտօնական այն յայտարարութեան, որ Արցախը կը ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ` մոռնալով, որ հայկական այդ լեռնաշխարհը պատմութեան հնագոյն շրջաններէն ի վեր եղած է հայապատկան, եղած է մեր ազատագրական եւ ինքնիշխանութեան պայքարի մեկնակէտ-միջնաբերդը` 17-րդ դարէն սկսեալ: Արցախը Հայաստանէն անջատ տեսնելու անմիտ եւ թրքամիտ «տեսութեան» յարողները ինչպէ՞ս կրնան արդարացնել զիջողական այն յաւելուածները, թէ Հայաստանի սահմանամերձ կարգ մը «կղզեակներ» Ազրպէյճանին պատկանած են: Խորհրդային Միութեան ժառանգորդ Ռուսիան իսկ այդքան յառաջ չէ գացած:

– Արդարացման ի՞նչ հիմք ունի 44-օրեայ պատերազմին մէջ նետուիլը (եթէ ուզենք պահ մը մերժել այն վկայութիւնները, որ անիկա թշնամիին հետ համաձայնաբար սարքուած պատերազմ էր), հազարաւոր զոհերու գումարումը Եռաբլուրի շիրիմներուն շարքին, գերի բռնուած զինուորներու փաստացի մոռացումը եւ ինքնարդարացման փորձը, թէ` «Անոնք մեզի կը ներեն, եթէ մէկ-երկու ամիս աւելի մնան ազերիական բանտերու մէջ…»: Հապա՞ նահատակներու ծնողներուն դէմ բռնամիջոցները, հապա՞ յաղթանակներ կերտած զինուորականներու հետապնդումն ու ստորացումը, հապա՞ 11 հազար «դասալիք»-ի հռչակումը` իբրեւ արձագանգ Ալիեւի յոխորտանքին, հապա՞ այն ինքնադատապարտանքը, թէ մօտաւորապէս

5.000 նահատակները ի զուր զոհուած են, կամ` կարելի էր պատերազմը դադրեցնել առանց Շուշին ու Հադրութը կորսնցնելու…

– Մեր արդար Դատին համար պայքարած եւ կեանք զոհաբերած հերոսներուն ու նահատակներուն ո՞ր նպատակին նպաստ կը բերէ Թուրքիոյ նախագահին երդման արարողութեան ներկայ ըլլալն ու խաղաղութիւն մուրալը, ա՛յն ոճրագործէն, որ 44-օրեայ պատերազմին «Պայրաքտար»-ներ եւ ոճրածին ահաբեկիչներ հասցուց իր ազերի եղբայրներուն, որոնք անդին` Ստեփանակերտն ու այլ շէներ կը ռմբակոծէին տարանջատուող եւ ֆոսֆորային ռումբերով… «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք…», ըսած է անմահ մը, բայց իշխանաւորն ու գործակիցները կը յամառին, թէ պէտք է մոռնանք, որպէսզի Թուրքիոյ չյայտարարուած նախապայմանը ընդունինք:

– Ո՞վ կրնայ արդարացնել մէկ կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի, իսկ միւս կողմէ` հայրենիքին եւ սփիւռքի միջեւ խրամատներու խորացումը, նոյն ճամբէն քալած ընկերներու, մինչեւ իսկ նոյն ընտանիքի անդամներու միջեւ ատելութեան ու թշնամանքի ստեղծումը, մանաւանդ եթէ այս դժբախտութիւնը դիտենք մեր Դատին եւ պահանջատիրութեան դիտանկիւնէն, այսինքն` մեր ուժերը յումպէտս մսխելու, բուն թշնամին թողած` ներքին պառակտումներու գիրկը իյնալու շրջագիծին մէջ…

Լիզպոնի նահատակները` «Հայ ժողովուրդ, քու միակ փրկութիւնդ քու միասնական ուժիդ մէջ է» պատգամին միակ թարգմանները չեն, աւելի՛ն, անոնք նաեւ ձեւով մը կը խորհրդանշեն բռունցքի մը հինգ մատները, որոնց միացումէն ծնած ուժականութիւնը կրնայ լեռներ սասանել, թշնամիին հասկցնել, որ արդար հատուցումը անխուսափելի եւ միակ ելքն է:

***

Անպատասխան հարցականներու վերի շարքը կարելի է երկարել (թէեւ բոլորին ալ պատասխանը յստակ է)` ցոյց տալու, թէ վերջին տարիներուն մեր պահանջատիրութեան եւ արդար Դատին ի խնդիր տարուող աշխատանքները ինչպիսի՜ ծանր հարուածներ ստացած են, ո՛չ միայն երեսնամեայ, այլ մօտաւորապէս հարիւր եւ աւելի տարիներու պայքարին ճամբով` առաւել կամ նուազ յառաջդիմութիւնները ահաւոր վնասներու ենթարկուած են: Հայութիւնը ի՞նչ պատասխան ունի Խաչատուր Աբովեանի Աղասիէն մինչեւ ֆետայական շարժումի ռահվիրաներուն, մեր ազգային կուսակցութեանց հիմնադիրներուն ու ազգային ուղին պահպանողներուն, Խրիմեաններէն մինչեւ «Նեմեսիս»-ի կերտիչներուն, հասնելու համար մինչեւ Լիզպոնի հինգին, սերնդակիցներուն ու Արցախի հերոսամարտերու երէկի ու այժմու նահատակներուն, եթէ անոնք հարց տան, թէ իրենց զոհաբերութիւնը արդեօք ի՞նչ բանի ծառայեց, եթէ այսօր խումբ մը խեղկատակ շահամոլներ պիտի գային եւ վերիվայր շրջէին մեր պատմութեան բոլոր արժէքները, արիւնով եւ քրտինքով կերտուած ՍԵՓԱԿԱՆ ու ԱԶԳԱՅԻՆ արժէքները, աւանդները, պիտի սկսէին քարոզել, որ պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք «անցեալէն եկող կարծրատիպեր»-ը, թէ` մեզ բնաջնջելու եւ մեր հայրենիքը ի սպառ ջնջելու ՊԵՏԱԿԱ՛Ն ծրագիրը հետապնդող թուրք-ազերիները թշնամի չեն, պէտք է մոռնալ անցեալն ու «Ապագայ կա՛յ»-ն տեսնել անոնց հետ բարեկամութեան մէջ, պարզ խօսքով` ստրկանալու, քիչ ետք նաեւ` անէանալու ճամբան որդեգրելով: Եւ ի՛նչ խօսք բոլոր այն թանձնամիտ համբակներուն մասին, որոնք տակաւին կո՛ւրօրէն կը շարունակեն դաւանիլ, թէ «ազգընտիր վարչապետ»-ը եւ անոր հետ քալողները խաղաղութիւն պիտի բերեն, բարիք պիտի բերեն, հայրենիք ու ազգ պիտի փրկեն, իրաւունք պիտի պաշտպանեն:

***

Ո՛չ Լիզպոնի տղաքը, ո՛չ ալ անոնցմէ առաջ եւ Լիզպոնէն ետք մեր արդար Դատին ճամբան արարողները պէտք է երկար մտահոգուին:

Հայը, իր ամէնէ՛ն մութ եւ անորոշ հորիզոններէն ետք ալ, իր մէջ գտած է փիւնիկը, մինչեւ իսկ Ցեղասպանութեան հուր ու բոցէն, անոր թողած մոխիրներէն վեր թռիչք առած է, ԻՐ ՍԵՓԱԿԱՆ ՁԵՌՔԵՐՈՎ գտած է իր ճակատագիրը վերականգնելու եւ կերտելու ուղիները: Անոնք լաւ գիտէին, որ Ցեղասպանութիւնը ծրագրողները օրին մահուան դատապարտուած էին, փախուստ տուած` Թուրքիայէն ու մոռցուած` դատապարտողներուն կողմէ, գիտէին, որ «Հայրենեաց պաշտպան վեհ Դաշնակցութիւնը» ի՛նք յանձն առած էր ոճրագործները հետապնդելու եւ շանսատակ ընելու ազգանուէր առաքելութիւնը եւ այդ նպատակով կազմակերպած է հայկական «Նեմեսիս»-ը, որուն կ՛արձագանգէին իրենք` Լիզպոնի հինգը: Մինչեւ իսկ համայնավար կարգերու ապազգայնացնող բռնադատութիւններն ու ազգուրացութեան տանող իրերայաջորդ ալիքները չէին յաջողած ընդմիշտ թաղել վերապրելու եւ վերընձիւղուելու հայուն կամքը, ունակութիւնը:

Մերօրեայ «վերածնեալ համայնավար»-ներն ալ պիտի մատնուին նոյն ճակատագիրին, ու մեր ժողովուրդը, հերոսածին, նահատակութենէ չվախցող մեր ժողովուրդը գործնապէս պիտի ըսէ բանաստեղծին բառերով. «Դո՛ւն ալ նայէ Արարատի սէգ ճակատին ու անցի՛ր», ա՛յն Արարատին, որուն հայապատկան ըլլալը կը դրժես, դարձած ես թուրք-ազերիին ծրագիրներուն քարոզիչը, լծակիցն ու մեղսակիցը: Մեր ժողովուրդին առողջ զանգուածը, ջախջախիչ մեծամասնութիւնը չի կրնար գործակից ըլլալ քեզի, չի կրնար հանդուրժել թրքահաճոյ ստրկամտութիւն: Իսկ հիւանդագին ուղեղներով վարակուածները վաղը իրենք զիրենք պիտի գտնեն այն աղբանոցին մէջ, ուր ատենին նետուեցան Ստալինն ու անոր դրածոները գովերգողները:

… Լիզպոնը միայն մէկ օղակն է ՀԱՅՈՒՆ յաղթանակներու պատմութիւնը ամրագրած հերոսապատումներուն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles