«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Անոնք, եթէ ողջ ըլլային այսօր, վստահաբար կրկին պիտի դիմէին ա՛յլ-ընտրանքին, այսինքն՝ ծայրայեղութեան, դարձեա՛լ պիտի նուիրաբերէին գերագոյնը, եւ այս անգամ, ճերմակ քաղաք Լիզպոնէն շատ հեռու, իրարու ուս ելած լեռներու եւ զանոնք կտրատող ձորերու մէջ, աշխարհի աչքէն կորսուած Բերձորի մէջ պիտի կատարէին այն՝ ինչ որ ըրին 40 տարի առաջ, հոգ չէ թէ մարդիկ սկսած են քմծիծաղով արտայայտուիլ՝ «խենթերն են գտնում հնար» պատգամին մասին:
Հայե՛ր. եկէ՛ք, զգաստանա՛նք, լրջանա՛նք, օրհասական է ժամը: Արցախին վիճակուած օրհասական վիճակէն բխող խոր տառապանքով յիշենք Լիզպոնի հինգ հերոսներուն սխրանքին 40-ամեակը։
Սիմոնը, Արան, Վաչէն, Սեդրակն ու Սագոն այդ օրը՝ 27 Յուլիս 1983-ին, ողջ աշխարհին ուշադրութեան յանձնեցին եւ ահազանգեցին, թէ կարելի չէր այլեւս համբերել, ձեռնածալ մնալ եւ կուլ տալ պատահած անիրաւութիւնը, զանցառութիւնը, անարգանքն ու մանաւանդ արհամարհանքը։ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամէն գնով կը փորձուէր ծածկել, փոշիոտ դարակներու մէջ զետեղուիլ ու կղպուիլ։ Հայորդիին համար բաժակը յորդած էր եւ պէտք էր ցնցել անտարբերութեամբ կլանուած աշխարհը։
Սեղանի վրայ դրուած էր Հայ Դատի հարցը, որուն դէմ կանգնող բոլոր խոչընդոտները պէտք էր խորտակել, պէտք էր գործնական պայքարի անցնիլ:
Անոնք Ատլանտեանի ափին կառուցուած այդ գեղեցիկ քաղաքին մէջ արեւն ու ծովը վայելելու չէին գացած, այլ նեմեսիսեան ներշնչումով եւ հաւատքով՝ մտադրած էին շարունակել Թեհլիրեաններու եւ Շիրակեաններու կատարած արդարատենջ հարուածները։ Թուրքիոյ պետութեան դէմ նեմեսիսեան պայքարը վերականգնած էր մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ, պէտք էր նոր բարձրակէտի մը հասցնել զայն: Ու հասցուցի՛ն:
Այդ էր այդ հինգ «խենթ»-երուն նպատակը: Անոնց Լիզպոնի թրքական դեսպանատան վրայ արշաւանքը կը զուգադիպէր այլ արշաւանքի մը՝ Խանասորին, որ հայդուկներու կողմէ նոյն կամքով իրագործուած էր ճիշդ 86 տարի առաջ՝ 25 Յուլիս 1897-ին։
Օրին, Լիզպոնի հինգ նահատակներուն սխրանքը մեծ աղմուկ ստեղծեց։ Հայ Դատին ի նպաստ մեծ արձագանգ գտաւ միջազգային գետնի վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ճամբուն վրայ վիթխարի քարոզչութիւն մը եղաւ եւ ստեղծեց դրական շարժում մը, որ յաջորդ տարիներուն գործնական արտայայտութիւններ գտաւ աշխարհի տարածքին:
Միջազգային մամուլը վեր առաւ հազիւ քսան գարուններ բոլորած այդ երիտասարդներուն պատրաստակամութիւնը՝ իրենց կեանքը զոհելու «կեանքէն աւելի թանկ» բանի մը համար, Հայրենիքին ու ազգին իրաւունքներուն համար, պահանջատէր ըլլալ սուրբ գաղափարին՝ մեր Դատին:
Պատմութիւն կերտած հինգ հերոսներուն համար, քառասուն տարի ետք, նոյնքան օրհասական պիտի ըլլար շրջափակուած Արցախի ներկայ իրավիճակը, որուն դիմաց, 19 Բաղրամեան պողոտայի Ազգային Ժողովի աթոռներուն վրայ բազմած մեծամասնութիւնը վարակուած է անհասկնալի ու աններելի անտարբերութեամբ: Պարտութիւն բերողներու խմբակը ոգի ի բռին կ’աշխատի պարտուողականութեամբ վարակել մեր ժողովուրդը, համոզել՝ թէ թուրքին ու ազերիին պահանջները անդիմադրելի են, այլ հնար չկայ: Անոնք մոռցած են եւ կ’ուզեն մոռցնել տալ սեւակեան «խենթերու հնար»ը, որուն մէկ արտայայտութիւնն էր Լիզպոնը…
Ահազանգը կը հնչէ։
Պայքարը անժամանցելի է։
Քառասուն տարի առաջ Լիզպոն, իսկ այսօր՝ Արցախ, Բերձոր, Սիւնիք եւ․․․։
Անհաւասար կռիւէն յաղթական դուրս գալու մարտակոչը լսողներ, ձեռքերը մեր իրաւունքներուն տիրացման ի խնդիր միացնողներ կան նաեւ այսօր, անոնք պիտի գտնեն իշխանաւորներու պարտուողականութեան ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔը: