«ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԼՍԱՐԱՆԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 0 Second

Կիրակի, Յուլիս 9-ին, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը ամբողջացուց իր 37րդ տարեշրջանը Saint Mary of Providence  (Էլվըրսըն, Փէնսիլվանիա) կեդրոնին մէջ։ Շաբաթավերջին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուաշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, այցելեց լսարանը, ուր դասաւանդեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մասին եւ ժամեր տրամադրեց պատանիներուն հետ։

Ութը ծուխերէ 38 պատանիներ, 13-18 տարեկան, հետեւեցան մէկ շաբաթ տեւող դասընթացքին։ Անձնակազմը կը բաղկանար 12 հոգեւորականներէ եւ աշխարհականներէ։ Մասնակիցները ըմբոշխնեցին քրիստոնէական դաստիարակութեան, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, աղօթքի ու երգեցողութեան եւ ընկերային սերտ յարաբերութիւններու միահիւսումը, որ կը կազմէ «Տաթեւ» լսարանի բացառիկ փորձառութեան հիմքը։

Մասնակիցները հետեւեալ համայնքներէն էին.- Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք քաղաք), Սուրբ Խաչ եկեղեցի (Պեթեստա, Մէրիլէնտ), Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվանիա), Սուրբ Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Ուայթ Փլէյնզ, Նիւ Եորք), Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (Լիվինկսթըն, Նիւ Ճըրզի), Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց) եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսէց)։

Այս լսարանը չորս տարուան տեւողութեամբ կրօնական եզակի յայտագիր մը կը ներկայացնէ՝ եռակի ուղղութեամբ, որ կ՚ընդգրկէ քրիստոնէական հաւատքի ուսմունք, առօրեայ պաշտամունքի եւ աղօթքի արարողութիւններ, եւ ընկերային ու մարզական յայտագիրներ։ Տարեկան շուրջ քսան ժամուան դասընթացքի ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Աստուածաշունչը, Հայ Եկեղեցւոյ խորհուրդները, տօները եւ սուրբերը, Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքն ու աստուածաբանութիւն, աղօթք ու պաշտամունք, եւ ժամանակակից բարոյական խնդիրներու քննարկումներ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles