Երբ Մեր Ընդհանրական Շահերը Գերադաս Համարենք

0 0
Read Time:2 Minute, 2 Second

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Եկեղեցական կամ ազգային բնոյթ ունեցող որեւէ հանրային ծառայութիւն կենսական տուեալ մըն է մեր գոյութիւնը պահպանելու համար: Մեր եկեղեցիները, դպրոցները, կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները չեն կրնար գոյատեւել առանց ծառայութեան լծուած նուիրեալներու:

Սակայն ծառայութեան լծուած պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող մարդոց միջեւ փոխ-յարաբերութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է հանրային գործը լաւագոյն կերպով յառաջ տանելու:

Հանրային ծառայութեան նուիրեալներ որչափ ալ խելացի եւ աշխատասէր ըլլան եթէ իմաստութիւն չունին բարեացակամ եւ բարեկամական կապեր հաստատելու իրենց գործակիցներուն հետ իրենց տարած աշխատանքը մեծապէս կրնայ տուժել, կամ կրնայ ձախողիլ: Համագործակցութեան համար անհրաժեշտ է դրական յարաբերութիւններու մշակումը: Բարեկամական յարաբերութիւններ մեծապէս կը նպաստեն  կարեւոր նախաձեռնութիւններ համագործակցաբար յառաջ մղելու եւ յաջողութեան հասցնելու, որմէ որոշապէս կրնան նպաստաւորուիլ հասարակութեան մը ընդհանրական շահերը:

Անտարակոյս, բարեկամական կապերն ու յարաբերութիւնները իրենց կարեւոր դերը ունին մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Բայց եթէ այդ կապերը շահագործուին կամ չարաշահուին կրնան մեծ վնասներ հասցնել մեր հասարակական կեանքի շահերուն: Պէտք է մատնանշել որ սխալ հասկցուած կամ մեկնաբանուած բարեկամական յարաբերութիւնները կրնան իրենց ժխտական անբաղձալի արդիւնքները ունենալ: Բարեկամական կապերէ մեկնելով երբ հանրային ծառայութեան նուիրուած մարդիկ սկսին աչք գոցել իրարու սխալներուն եւ իրենց յանցանքները պարտկել՝ այդ տեսակ սխալ մեկնաբանուած բարեկամութիւններ ի վերջոյ վնասակար կը դառնան պաշտպանուող  անձերուն եւ հաւաքականութեան ընդհանրական շահերուն:

Անձամբ ականատես եղած ենք միութենական կեանքի մէջ պատահած կարգ մը խնդիրներու, որոնք «կարգադրուած» կամ «լուծուած» են բարեկամական հաշիւներով՝ ի գին կարգ մը սկզբունքային կամ բարոյական զիջումներու: Իրազեկ ենք պարագաներու, երբ մարդիկ իրենց ազգականները կամ բարեկամները պաշտպանելու համար լռութեամբ մեղսակցած են անոնց գործած յանցանքներուն եւ մեղքերուն:

Նկարագրի եւ սկզբունքի տէր եղող մարդիկ իրենց ազգականներուն եւ բարեկամներուն հետ կրնան տարակարծիք ըլլալ ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցերու մասին առանց իրենց բարեկամական կամ ազգականական կապերը խախտելու: Բայց աւելին, առողջ բարեկամական եւ սիրոյ կապերը կ’ամրապնդուին անկեղծ եւ անշահախնդիր փոխ-յարաբերութիւններով:

Եթէ բարեկամական կամ ազգականական կապերը ճշմարիտ ու անկեղծ սիրոյ վրայ հիմնուած են, այն ատեն յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան եղած որեւէ դիրքորոշում փոխանակ տարակարծութիւն ստեղծելու՝ պատճառ դառնալու է, որ փոխադարձ սիրոյ կապերը աւելի եւս զօրանան:

Մեր միութենական, հանրային եւ եկեղեցական կեանքը որչափ աւելի առողջ եւ կենսունակ պիտի ըլլար եթէ մարդիկ կարենային  գերադաս համարել մեր ընդհանրական շահերը իրենց անձնական, ընտանեկան, բարեկամական եւ խնամիական շահերէն:

Աւելի անդին նայելով, երբ մեր հայրենական եւ ազգային շահերը նկատի ունենանք, այսօր մեր հայրենիքը շատ աւելի հզօր պիտի ըլլար եթէ անցնող քանի մը տասնամեակներու իրերայաջորդ մեր հայրենի վարչակարգերը մեր հայրենիքի շահերը գերադաս համարէին իրենց անձնական, բարեկամական եւ կուսակցական շահերուն եւ կարող ըլլային յայտարարելու «Կը սիրեմ Կեսարը, բայց Հռոմը աւելի», կը սիրեմ բարեկամներս կամ ազգականներս, բայց արդարութիւնը, ճշմարտութիւնը եւ մեր ընդհանրական եւ ազգային շահերը աւելի գերադաս կը համարեմ:»

 

 

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles