Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան
Համադրեց՝ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան ծնած է 1913-ին Մարաշ։ Հօր անունը՝ Յակոբ (Յակոբոս) եւ մօր անունը՝ Վիքթորիա: Յակոբ Վարժապետեան եղած է Մարաշի Սրբ. Սարգիս եկեղեցւոյ քահանայ՝ տէր Գրիգոր Վարժապետեանի միակ զաւակը: Յակոբ ուսումը ստացած է Թարսուսի Ամերիկեան Սուրբ Պօղոս Գոլէճէն: Ան եղած է մտաւորական, գրաբարագէտ, գրող եւ ուսուցիչ: Տնօրէնը եղած է Մարաշի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական դպրոցին: Ան ուսումնասիրած է Մարաշի բարբառը, գրած է բանաստեղծութիւններ, երկարասիրած է Մարաշի պատմութիւն, որ յետագին հում նիւթ ծառայած է «Մարաշ կամ Գերմանիկ» ծաւալուն գիրքին որ հրատարակուած է 1934-ին Գալուստեանի կողմէ, Նիւ Եորքի մէջ: Ան աշխարհաբարի թարգմանած է Եղիշէի «Վարդանանց Պատերազմը», որ լոյս տեսած է Պոլիս 1911-ին: Ան հեղինակած է նաեւ անգլերէն-հայերէն-թրքերէն զրուցատրութեան հատոր մը: Վարժապետեան գերդաստանը տուած բազմաթոիւ եկեղեցականներ: Տէր Գրիգորին եղբայրը՝ Յովհաննէս Վարժապետեան եղած է Արքեպիսկոպոս, իսկ իրենց հայրը՝ Տէր Յովհաննէս հիմնած է Մարաշի առաջին դպրոցը Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ կից:
Վիքթորիա Աւետարանական մարաշցի Գալայճեան ընտանիքի զաւակ, ուսումը ստացած է Մարաշի Ամերիկեան աղջիկներու գոլէճէն: Աւարտելէ ետք գոլէճը ան հրաւիրուած է Մարաշի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ դպրոցը, որուն տնօրէնը եղած է ինչպէս յիշեցինք նախպէս Յակոբ Վարժապետեանը: Վիքթորիա կը ծանօթանայ Յակոբ Վարժապետեանին դպրոցէն ներս: Անոնք կ’ամուսնան եւ կը բախտաւորուին չորս զաւակներով՝ Սիսակ, Հրաչ, Տիգրան եւ Շահէ:
Յակոբ Վարժապետեան կը մահանայ 1914-ին իր ետ ձգելով այրի Վիքթորիան չորս զաւակներով: Տիգրան հօրը մահուան եղած է հազիւ երկու տարեկան:
1915-ին Տէր Գրիգոր Մարաշցի 40 ընտանիքներով առաջին տեղահանուածներէն կ’ըլլան: Ան գողգոթայի ճամբան բռնած կը քալէ երեցկինին, իր հարսին ու անոր չորս զաւակներուն հետ: Տարագրութեան ճամբան կ’ըլլայ փշոտ եւ դժուար: Անոնք ի վերջոյ կը հասնին Յորդանանի Թաֆիլէ գիւղը, ուր կը հանդիպին մարաշցի ուրիշ ընտանիքներու: Տէր Գրիգոր արաբ գիւղապետին տան մէջ ամէն կիրակի պատարագ կը մատուցէ: Տեղացի արաբները բարիացակամ կը գտնուին իրենց հանդէպ: Համաճարակի մը հետեւանքով տէր Գրիգոր կը վախճանի ու կը մահանայ նաեւ Տիգրանին Շահէ եղբայրը: Վիքթորիա անգլերէն գիտնալուն պատճառով թուրք զինուորականներու զաւակներուն ուսուցչուհին կը դառնայ եւ անոնց կը դասաւանդէ՝ թուաբանութիւն, թրքերէն, եւ թրքաբառոյ հայերէն երգեր: Ան մոմի լոյսի տակ իր երեք զաւակներուն կը սորուեցնէ, ԱԲԳ-ը՝ հայ լեզուն եւ անգլերէն: Վարժապետեան ընտանիքը այլ հայ գաղթականներու հետ կը հասնին Փոր ՍաՅիտ անցնելով Քէրէք բերդաքաղաքէն եւ Ղոր գիւղաքաղաքէն: Փոր ՍաՅիտ կը մնան գաղթակայաններու մէջ երկար ամիսներ:
Զինադադարին Փոր ՍաՅիտ գտնուող բոլոր հայ գաղթականները կը վերադառնան իրենց ծննդավայրը: Վարժապետեան ընտանիքն ալ կը հասնի Մարաշ: Վիքթորիա կ’աշխատի Մարաշի Ամերիկեան Կարմիր Խաչին մէջ եւ ապա Ամերիկեան հիւանդանոց: Վիքթորիան իր երեք զաւակներով կ’ապրին Մարաշի աղէտին արհաւիրքը, սակայն հրաշքով կ’ազատին:
Կիլիկիոյ պարպումէն ետք Վիքթորիան երեք զաւակներով բոլոր մարաշցիներուն նման երկրորդ անգամ ըլլալով կը դառնան գաղթական եւ կը հասնին Հալէպ:
Հալէպի մէջ Վիքթորիա դարձեալ Ամերիկեան որբախնամ կազմակերպութեան մօտ կը գործէ եւ երեք զաւակները կը տեղաւորէ հայ որբանոց մը, ուր անոնք կը ճանչնան որբերու տխուր եւ անարեւ կեանքը։ Վիքթորիա կը ստանձնէ երեք զաւակներուն նախակրթարանի կրթութիւնը եւ ազգային դաստիարակութիւնը:
Երբ կը փակուին Հալէպի Ամերիկեան որբախնամ հաստատութիւնները, Վիքթորիա երեք զաւակներով կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը տեղաւորէ անոնց Ամերիկեան Ժպէյլի Թռչնոց Բոյն որբանոցը- իսկ ինք կը սկսի աշխատիլ Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոց:
Վարժապետեան եղբայրներ Թռչնոց Բոյն կը մնան երկու տարի ապա անոնք կը յաճախեն Պէյրութի Հայ Աւետարանական Վարժարանը, ուրկէ Տիգրան շրջանաւարտ կ’ըլլայ 1929-ին։
Տիգրան Վարժապետեան 1929-ին մուտք կը գործէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը եւ կը ստանայ բժիշկի իր վկայականը 1937-ին։
Ան տասը տարի որպէս բժիշկ կը գործէ Լիբանանի Ճզզին եւ Սուրիոյ Սելմիէի քաղաքներուն մէջ:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան 1947-ին կը մեկնի Ամերիկա եւ կը ստանայ Ք Ճառագայթներու (X Ray) մասնագէտի վկայական Հարվըրտ համալսարանէն 1949-ին։ Վերադառնալէ ետք Պէյրութ կը հաստատէ իր անձնական Ք ճառագայթային նկարումի դարմանատունը, որ գործած է մինչեւ 1977:
Տիգրանին մայրը՝ Վիքթորիա կը մահանայ Պէյրութ 16 Յունուար 1971-ին
Բժշկութիւնը բժիշկ Տիգրան վարժապետեանին համար եղած է մարդասիրական ծառայութեան առաքելութիւն: Ան վայելած է իր հիւանդներուն յարգանքն ու համակրանքը:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան իրապէս նկատուած է «Մարդ Բժիշկ», ան իր հիւանդնեդրուն բաշխած է կորով, որպէսզի կարենան յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները: Ան եղած է բխրուն սիրտի տէր, լաւատես, եւ հոգնիլ չգիտցող մարդ:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան իր բժշկական ասպարէզի կողքին եղած է հասարակական գործիչ, գրող եւ գլխագիր ՄԱՐԴ:
Ան ամուր կառչած է իր հայ արմատներուն: Իր բժշկական ասպարէզին կողքին ազգային հասարակական ծառայութիպւնը եղած է իր սիրած երկրորդ ասպարէզը:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան իր մասնակցութիւնը բերած է լիբանահայութեան ազգային մշակութային կեանքէն ներս որպէս՝ գրող, բանախօս, վարչական եւ ղեկավար:
1942-46 գործած է Հ․Բ․Ը․Մ․-ի մէջ:
1946-47 եռանդով աշխատած է ներգաղթի կոմիտէին մէջ:
1948-50 մաս կազմած է Պոսթընի Մարաշի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան:
1952-1975 եղած է Հ․Բ․Ը․Մ․-ի Լիբանանի վարժարաններուն կրթական յանձնախումբին ատենապետը:
1975-ին Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան Վահէ Վահեանի հետ Ա․Մ․Ն․ կը մեկնին Բարեգործականի կողմէ կազմակերպուած Լիբանահայութեան կարօտեալներու հանգանակութեան առաքելութեամբ: Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան կը կատարէ իր պարտականութիւնը լիովին: Ան կը խօսի Նիւ Եորքի, Տիթրոյթի, Շիքակոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ եւ յաջողութեամբ կը պսակէ իր առաքելութիւնը:
Բժիշկ Տիգրան վարժապետեան սկսած է գրել 1938-ին: Առաջին փորձերը լոյս տեսած են “Ծիածան” գրական պարբերաթերթին մէջ։ Աշխատակցած է Անի, Շիրակ, Յուշարար, Բժիշկ ամսագիրներուն հետ, ինչպէս նաեւ “Զարթօնք”, “Սփիւռք”, “Պայքար”, “Նոր Օր” օրաթերթերուն հետ:
1946-ին, Պէյրութի մէջ, լոյս տեսած է պատմուածքներու իԲժիշկ Տիգրան վարժապետեանի առաջին հատորը՝ “Կեանքի Քառուղիէն”։
1957-ին լոյս տեսած է իր պատմուածքներու երկրորդ հատորը՝ “Զառիթափին Վրայ”։
1967-ին հրատարակած է “Բժիշկը կեանքի ու մահուան հետ” հատորը:
1969-ին Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 100-ամեակին հրատարակած է «Գարուն Ա» պաստմուածքներու հատորը:
1974-ԻՆ լոյս տեսած է իր “Ցայտաղբիւրներ Անապատներու Մէջ” պատմուածքներու հատորը:
Յետ մահու, յաջորդաբար հրատարակուած են Երեւանի մէջ իր պատմուածքներու հաւաքածոյէն՝ “Հայրենիքէս դուրս” 1985-ին եւ Լոս Անճելըսի մէջ “Արծիւը կը սաւառնէր” 1987-ին։
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան նկատուած է տաղանդաւոր, իրապաշտ եւ անկեղծ արձակագիր մը: Իր գրած բազմաթիւ հոգեբանական պատմուածքները առնուած են բժշկական թէ այլ փորձառութիւններէն, որոնց ենթահողը եղած է ՝ ազգայինը, հայու իր տառապանքը, տագնապը:
1951-ին ան ամուսնացած է Գառնիկ Պետրոսեանի դուստրին՝ Հերմինէ Պետրոսեանի հետ: Անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Լուսայգ, Իռենա եւ Հրակ:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան մահացած է 19 Սեպտեմբեր 1977-ին Պէյրութ։
Աղբիւրներ՝
- Կարօ Տէրունեան, Iammedia, 4 յուլիս 2020.
- Մելքոնեան, Զարեհ, Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան-Մարդնուգրագէտը, պայքար, 12 դեկտեմբեր 1978.
- Պապայեան, Երուանդ, Գրող եւ ազգային-հասարակական գործիչ՝ բժիշկ Տիգրան Վարժապետեասն, Նոր Կեանք, 7 Փետրուար 2008.
- Պապայեան, Երուանդ, Տոքթ. Տիգրան վադրժապետեան-Մահուան 25-ամեակին առիթով, Խօսնակ, Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր, 2002.
- Լեւոն Վարդան, Ակնարկ լիբանահայ գրականութեան մասին, Հայերն Լիբանանի մէջ, Սիսակ Վարժապետեան, Դ. Հատոր.
- Զարթոնք օրաթերթ, Տոքղ. Տիգրան Վարժապետեան, Հայերն Լիբանանի մէջ Ե. Հատոր, 24 Սեպտեմբեր 1978.
- «Բժիշկ», Յուշ երեկոյ նուիրուած Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեանի, հոկտեմբեր 1987.
- «Արծիւը կը սաւառնէր» գիրքին նախաբանը՝ Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան, գրուած հրատարակիչին կողմէ.
- Տիկին Լուսայգ Վարժապետեան-Պետրոսեան, անձնական թղթակցութիւն, Մոնթրէալ, Ապրիլ 2023.