Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2023-ին, Փրովիտէնսի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ «Մուրատ» Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի բարձր կարգի աշակերտները այցելեցին Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց։ Խումբին ընկերակցեցան համա-տնօրէնուհի՝ Լալա Աթթարեան, ուսուցչուհի՝ Անժէլ Քոզինեան եւ ծնողներէն՝ Սօնիա Նասր եւ Հայկուհի Քորիվօ։
Դաստիարակչական այս պտոյտին նպատակն էր ծանօթանալ հայաշունչ Ուաթըրթաուն քաղաքի հայկական զանազան հաստատութիւններուն եւ պատմութեան ու այցելել Ամերիկայի Հայկական Թանգարանը։ Առաջին հերթին, աշակերտները այցելեցին «Հայրենիք» Հաստատութիւնը, ուր դիմաւորուեցան Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Շրջանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ Ճորճ Աղճայեանին եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Շրջանի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն՝ Վարդ Չիլոյեանին կողմէ։ Աշակերտները մօտէն ծանօթացան ՀՕՄ-ի տեղական եւ աշխարհասփիւռ ծրագիրներուն եւ իրենց շնորհակալական խօսքը փոխանցեցին Հ․Օ․Մ․-ին՝ վարժարանի աշակերտներուն հանդէպ ցուցաբերած գնահատանքին եւ քաջալերանքին համար։
Անոնք ծանօթացան «Հայրենիք» Հաստատութեան պատմութեան եւ գործունէութեան, նաեւ «Հայրենիք» եւ “The Armenian Weekly” թերթերու աշխատանքներուն, ամէնայն հետաքրքրութեամբ այցելեցին Հ․Յ․Դ․ Արխիւներու կեդրոնը, ինչպէս նաեւ լրատուական միջոցներու (media center) նորաստեղծ կեդրոնը։ Բոլորը ոգեւորուեցան երբ տեսան ու կարդացին Հայաստանի Հանրապետութեան 1918 թուականի հռչակագիրը։
Ապա, խումբը այցելեց Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարան ծանօթանալու համար սոյն վարժարանի իրենց տարեկից աշակերտներուն հետ։ Տնօրէնուհի՝ Տիկին Մայտա Մելքոնեան եւ ուսուցիչները ջերմօրէն դիմաւորեցին բոլորին։ Երգի պահէն օգտուելով, զոյգ վարժարաններու աշակերտները միասին երգեցին եւ անմիջապէս ետք ուղուեցան դէպի Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցի, ուր իրենց կը սպասէր հոգեւոր հովիւ՝ Տ․ Անդրանիկ Ա․ Քհնյ․ Պալճեանը։ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին առթիւ Տէր Պալճեանը պատանիներուն բացատրեց Նահատակներուն սրբադասման կարեւորութիւնը, որմէ ետք միասնաբար աղօթեցին։
Վերջապէս, խումբը այցելեց Ամերիկայի Հայկական Թագարանը (Armenian Museum of America)։ Կէրի Լինտ-Սինանեանի գլխաւորութեամբ, աշակերտները ծանօթացան հայկական մշակոյթի բազմազան գանձերուն՝ սկսելով Ուրարտաւի պատմութենէն։ Հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրին տրուած տեղեկութիւնները եւ ստացան իրենց հարցումներուն բոլոր պատասխանները։ Մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէսին բաժնին։
Եզակի այս պտոյտը ներշնչեց պատանիները Ապրիլ 24-ի նախօրէին։ Նպատակն էր նոյնանման ծրագիրներ կազմակերպել եւ շաղկապել մօտակայ շրջաններու հայկական վարժարաններու աշակերտները, միաժամանակ անոնց ծանօթացնելով այլ շրջաններու հայկական գաղութներուն եւ հաստատութիւններուն։ Անոնք ոգեւորուած վերադարձան Փրովիտենս։