ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ
Ֆիլատելֆիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան »Արտեմիս« մասնաճիւղը մեծ շուքով նշեց Միութեանս 100ամեակի հիմնադրութեան յոբելեանը, Շաբաթ, Սեպտ. 25, 2010 Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորակառոյց սրահին մէջ, 200 հոգիի ներկայութեամբ, սրահի մուտքին ընկերուհիներ դիմաւորեցին հիւրերը կարմիր մեխակներով եւ 100ամեակի նուիրուած յատուկ զարդասեղներով, դրան կողքին կարելի չէր աչքէ վրիպել Հ.Օ.Մ.ի հարիւրամեակը խորհրդանշող գունագեղ մեծ կարկանդակը, պատրաստուած՝ Տիկին Նելլի Հանգեանի կողմէ:
Օրուան հանդիսավարուհին՝ յանձնախումբի ատենապետուհին՝ ընկհ. Անիթա Յովսէփեան, հրաւիրեց եկեղեցւոյ հովիւ, աւագ քհնյ. Տէր Ներսէս Մանուկեանը, որ օրհնէ սեղանը, որը լեցուն էր յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած համեղ ճաշատեսակներով: Ճաշի ընթացքին, պաստառի վրայ անընդհատ ցուցադրուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի պատմականը, իր հիմնադրութեան օրերէն ի վեր, պատրաստուած Արեւելեան Շրջանի, Շրջանային Վարչութեան կողմէ:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Վարդուհի Գումրիկեան իր բացման խօսքը ուղղելու, որը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն, խնդրեց որ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը մեր բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք միանալով Հ.Օ.Մ.ի շարքերուն լուռ ու անշահախնդիր ծառայեցին, ապա յաւէտ բաժնուելով, մեզ փոխանցեցին իրենց լուսաւոր ջահը: Ընկերուհին կարդաց 25 ընկերուհիներու անունները, որոնց հետ բախտն ու պատիւը ունեցած էինք գործակցելու, իրագործելով Հ.Օ.Մ.ի զանազան ծրագիրներ եւ առ ի պատիւ ու յարգանք իրենց յիշատակին, իւրաքանչիւր սեղան անուանակոչուած էր ընկերուհիի մը անունով՝ գեղեցկօրէն զարդարուած ու զետեղուած շրջանակի մը մէջ:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուայ բանախօս՝ ընկ. Թաթուլ ՍոնենցՓափազեան, արագ ակնարկ մը տալով անոր կենսագրական գիծերէն՝ ընկ. Թաթուլ ծնած է Եգիպտոս, դեռ պատանի Դաշնակցութեան շարքերը անցած է 1946 թուին, կնքահայրութեամբ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ բժիշկ.՝ Համօ Օհանջանեանի: Աշխատակցած է տեղւոյն ֆրանսական եւ անգլիական թերթերուն, որպէս քաղաքական ծաղրանկարիչ եւ զարդանկարիչ, 195157 աշխատած է Միացեալ Նահանգներու պետական բաժանմունքի (State dept.) հրատարակչական բաժնին մէջ (USIS): 1957ին կ’ամուսնանայ Սեդա Խաթանասեանի հետ եւ կը տեղափոխուին Պոսթըն, ուր կը ծնին իր երկու մանչ զաւակները՝ Արմէն եւ Վիգէն: 1978ին կը հրաւիրուի ստանձնելու Հ.Յ.Դ. եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներու վարիչ տնօրէնի եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրատարակութեան՝ Armenian Reviewի պատասխանատուխմբագրի զոյգ պաշտօնները՝ զորս կը վարէ մինչեւ 1988, որմէ ետք կը ստանձնէ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Գրասենեակի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը: Ներկայիս կը վարէ նոյն հաստատութեան միջազգային գրասենեակի հրատարակչական բաժնի տնօրինութիւն, միաժամանակ ստանձնելով Հ.Օ.Մ.ի բազմալեզու պարբերաթերթ »Հայ Սիրտ«ի խմբագրութեան պարտականութիւնը:
Առ ի գնահատանք իր ազգային բազմապիսի ծառայութեանց, ան արժանացած է Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ Կիլիկիոյ Հայրապետական Ս. Աթոռի »Ս. Մեսրոպ Մաշտոց« շքանշանին: Ընկ. Թաթուլ, քաջատեղեակ Հ.Օ.Մ. պատմութեան ու նաեւ աւելի քան 2 տասնեակ տարիներ աշխատակցելով Հ.Օ.Մ.ուհիներու հետ ան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով մէջ ընդ մէջ անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.ի հարիւրամեայ գործունէութեան, շեշտելով նաեւ թէ այսպիսի մեծ կազմակերպութիւն մը ծնած է փոքր ազգէ մը, որ ունի իր եզակի մշակոյթն ու պատմութիւնը՝ դարերու ընթացքին տալով այնպիսի հայուհիներ ինչպէս՝ Անահիտն ու Աստղիկը, Սաթենիկն ու Փառանձեմը, Գայիանէն ու Հռիփսիմէն եւ Սօսէ Մայրիկը, որոնք խորհրդանիշներն են գերագոյն նուիրումի հաւատարմութեան ու զոհաբերութեան: Այնուհետեւ ան կատարեց արժեւորումը Հայ Օգնութեան Միութեան, ըսելով »Այսուհանդերձ, պատմութիւնը միայն դասաւորուած ու պահ դրուած վաւերաթուղթերու վրայ հիմնուելով չէ’, որ կը յայտնաբերէ կազմակերպութեան մը իսկական դիմագիծն ու արգասիքը: Միութենական ապրող ու շնչող կառոյց մը, ինչպիսին է Հ.Օ.Մ.ը իր բազմահազար անդամներու գործօն մասնակցութեամբ, ինչպէս երէկ, այսօր եւս կը շարունակէ իր մարդասիրական գործունէութեան լայնատարած պատմութիւնը արձանագրել կարօտեալ ու աղէտեալ անհատներու թէ հաւաքականութիւններու միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ՝ որպէս կենդանի յուշամատեան: Գերազանցօրէն հայկական այս կազմակերպութիւնը 26 տարբեր երկիրներու մշակոյթներուն բովէն անցած ու անցնող հաւաքականութիւններու միացոյլ կամքին ու տեսլականին արդիւնքն է այսօր մարդկային ու մարդկայնական, ազգային ու միջազգային տուայտումներով աշխարհ եկած, կոտորածներու, երկրաշարժներու, պատերազմներու, արիւնոտ ճանապարհը կտրած, աշխարհացրիւ բազմութիւններու անքակտելի Միութիւն մըն է Հայ Օգնութեան Միութիւնը: Մէկ խօսքով, ինչպէս մեր պատմութեան եղեռնապատումը եւ վերազարթնումի էջերը կը վկայեն, մարդկային պատմութեան ամենադաժան եւ ամենավսեմ կածաններն ու բարձունքները չափած սերունդներու ամբողջական եւ անսակարկ նուիրումին արգասինքն է Հայ Օգնութեան Միութիւնը:
»Անոր կարծր կորիզը եւ միաժամանակ մայրական փափուկ, գթառատ հոգին հայ կինն էհայ մայրը եւ դուստրը, միանգամայն տարեց ու երիտասարդ: Հայ կնոջ իր ժողովուրդէն ստացած մշտանորոգ աւիւնն է որ կը կենսագործէ Հայ Օգնութեան Միութեան ընդարձակ ու ֆիզիքական կառոյցը: »Հ.Օ.Մ.ուհի«ի եւ Հ.Օ.Մ.ական«ի իր ժողովուրդին համար տրափող սիրտն է որ կը մարմնաւորէ անոր մարդասիրական նկարագիրը՝ որ անխուսափելիօրէն կ’արձանագրէ իր հարիւրամեայ գործունէութեան լուսաւոր իրողութիւնը ամէն գիտակից հայու սրտին մէջ:
»Մեր նորագոյն պատմութեան գուպարէն անցած վերապրած եւ այսօր համաշխարհային վարկ ու յարգանքի արժանացած հայ կիներու այս անզուգական կազմակերպութիւնը Սփիւռքէն Հայրենիք միշտ հայ ժողովուրդին եւ անոր արդար դատի կողքին կանգնած, անկասկածօրէն պիտի շարունակէ պահել իր մարդասիրական գործունէութեան անշեղ ճանապարհը՝ դէպի ճշմարտութեան եւ արդարութեան համամարդկային յաղթանակը: Դէպի հազարամեայ հայ ժողովուրդի դարաւոր երազներու իրականացումը«:
Ապա ելոյթ ունեցաւ, գաղութիս ծանօթ ընկհ. Մարուշ ԲանկեանՆայկընը, ան գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ մեներգեց Պատմագրեակ՝ »Դիլպար«ը եւ Գրիգոր Սիւնիի »Նէնի պալա« եւ »Տույտույ« երգերը:
Յաջորդիւ, բեմ հրաւիրուեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան անդամ, նաեւ գանձապահուհի՝ ընկհ. Գարօլին Շմաւոնեան, որպէսզի գնահատագիրը յանձնէ »Տարուան Հայ Կնոջ« ընկհ. Թագուհի Քուինի Պէկեանին, ըսելով »Մասնաճիւղս պատիւն ունի ընկհ. Քուինի Պէկեանին կոչելու »տարուան Հայ Կինը«: Ընկերուհին օժտուած է հայ կնոջ յատուկ բոլոր արժանիքներով, ան տիպար օրինակը եղած է մեր բոլորին: Ընկերուհին 60 տարիներ ու աւելին սիրով ու բծախնդրութեամբ ծառայեց ու սատարեց Հայ Օգնութեան Միութեան ու գաղութիս այլ կազմակերպութիւններուն, եկեղեցւոյս Հայ Քոյրերու Վարժարանին, Հայկազեան Միօրեայ Դպրոցին ու մասնաւորաբար »Քնար« երգչախումբին, որուն գոյատեւման մղիչ ոյժը եղաւ: Ընկերուհին ստանձնած է զանազան վարչական պաշտօններ: Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական, Շրջանային ու Մասնաճիւղիս, միշտ մեզ մղած է հասնելու լաւագոյնին ու կատարեալին, մեր բոլոր աշխատանքներու ծրագրաւորման մէջ: Ան մեր առաջնորդ ղեկավարն է մեզ մղեց առաջնորդելու ու ղեկավարելու ու մենք կը նկատենք զինք մեր մասնաճիւղին կայուն սիւնը:
»Մեծապէս երախտապարտ ենք ձեզ ընկհ. Քուինի, ձեր քաջալերանքին ու խրատներուն, որ աշխոյժացուց ու պատճառ դարձաւ մասնաճիւղիս բարգաւաճման: Մենք կը վստահեցնենք ձեզ ու պիտի շարունակենք մեր յաղթական երթը: Ես վստահ եմ, որ մասնաճիւղիս բոլոր ընկերուհիները անխտիր պիտի համաձայնին իմ այս խօսքին: Ընկհ. Քուինի, ես երբ առաւել հասուննամ, իմ ազգիս ու միութեանս ծառայելով, կ’ուզեմ ձեր օրինակին հետեւելով ձեզ նման ըլլալ: Շնորհակալութիւն ձեր վաստակին, յարգանք ձեզ ու վարձքդ կատար«:
Ապա, մասնաճիւղիս ատենապետուհին գեղեցիկ յուշանուէր մը յանձնեց ընկհ. Պէկեանին, crystal յախճապակի մը, որուն մէջ կը ծածանի Հայաստանի եռագոյն դրօշը իր 2 անկախութեան եւ վերանկախութեան թուականներով՝ 1918 եւ 1991 եւ այս ձեռնարկը կը զուգադիպէր Հայաստանի վերանկախացման 19րդ տարեդարձին: Այնուհետեւ ընկերուհիէն խնդրուեցաւ որ կտրէ Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի նուիրուած գեղեցիկ կարկանդակը, որը իր կարգին շատ զգացուած, իր շնորհակալութիւնները յայտնելէ ետք բոլորին, անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.ի առաքելութեան մասին, թէ անցեալին ինչպիսի դժուարին պայմաններու մէջ, ընկերուհիները վառ պահած են Հ.Օ.Մ.ի ջահը, օր մը զայն փոխանցելու գալիք սերունդներուն, որոնք վստահաբար պիտի արդարացնեն իրենց վստահուած գործը, անսակարկ նուիրումով եւ հետեւողական աշխատանքով նիւթական թէ բարոյական գետնի վրայ եզրակացնելով ըսաւ »Տալը աւելի կ’ուրախացնէ քան առնելը, բայց այնպէս մը տալ որ միայն երեքը գիտնան, նուիրողը, ստացողը եւ Տէր Աստուած«:
Ձեռնարկի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Գոյումճեան, որը ողջունելէ ետք Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակը աւելցուց »Կանգնած ենք այսօր 100ամեակի սեմին, անգամ մը եւս նորոգելու մեր սրբազան ուխտը, իրագործելու մեր ազգօգուտ նպատակները, հպարտ ենք 100 տարիներու մեր նուաճումներով, որքան որ մեծանայ, ան պիտի մնայ երիտասարդ ու աշխոյժ, մեզ մղելով աւելի լայն սահմաններու գործունէութեան ստեղծումը«: Որմէն ետք յանձնեց շնորհաւորագիրը »Տարուան Հայ Կնոջ« ընկհ. Թագուհի Պէկեանին Շրջանային Վարչութեան կողմէ:
Յայտագիրը վերջ գտաւ, սակայն տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր Ժագ Յակոբեանի խանդավառութեամբ:
Հ.Օ.Մ.-ուհի մը