Քաղաքական հարցերու եւ տագնապներու միջազգային հիմնարկներու մեկնաբաններ մտահոգութիւն կը յայտնեն,որ Արցախեան երկրորդ պատերազմէն երկու տարի ետք՝ Հայաստան- Ատրպէյճան զինեալ լայնածիր բախման մը հաւանականութիւնը բաւական բարձր կը թուի ըլլալ, նկատի ունենալով բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ արձանագրուած ժխտական զարգացումները եւ երկու կողմերուն դիրքորոշումները՝ հիմնական խնդիրներու եւ հարցերու լուծման պատկերացումներու եւ ընտրանքներու կապակցաբար։
Իսկ եթէ ակնարկ մը նետենք անցնող տարուան ընթացքին արձանագրուած զարգացումներուն եւ իրադարձութիւններուն վրայ, պատերազմի մը հաւանականութիւնը աւելի քան մտահոգիչ կը դառնայ, մանաւանդ երբ տարին աւարտեցինք եւ բանակցային հոլովոյթի վերսկսման ոչ մէկ նախանշան եւ յոյս գոյութիւն ունի։ Ընդհակառակը։ Կողմերը իրենց դիրքորոշումներուն վրայ կը մնան աւելի քան հաստատ, ինչ որ կացութիւնը առաւել կը բարդացնէ։
2022-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վեց անգամ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստեցան։ Հինգը՝ Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեամբ, իսկ միայն մէկ անգամ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմաքաղաքական մեծ կշիռ եւ հեղինակութիւն ունեցող Ռուսիոյ նախագահին կազմակերպութեամբ։ Խնդիրը այն է, որ այս բանակցութիւններուն լոյսին տակ՝ եթէ տարեսկիզբին կար որոշ լաւատեսութիւն, թէ կողմերուն կեցուածքներուն եւ դիրքորոշումներուն միջեւ կարելի է մօտեցում իրականացնել, տարեվերջին այս լաւատեսութիւնը յօդս ցնդեցաւ։
Փետրուար 2022-ին Հարաւային Կովկաս այցելեց Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ,որ բանակցութիւններ ունեցաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ։ Այս առիթով՝ Հայաստանի վարչապետը որոշ լաւատեսութիւն յայտնեց, թէ կարելի պիտի ըլլայ վերաբանալ երկաթուղիներու ցանցը։ Սակայն վրայ հասաւ Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնները, ուր ան պահանջեց հաղորդակցութեան միջոցներու բոլոր ուղիներուն միաժամանակ բացումը։ Այլ խօսքով՝ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի բացումը։Բան մը,որ հայկական կողմը կտրականապէս կը մերժէ։Այս շրջանին ապարդիւն անցան նաեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման նպատակով կատարուած հանդիպումները եւ բանակցութիւնները, որովհետեւ տագնապին խորքին վերածուած՝ Զանգեզուրի միջանցքին շուրջ ոչ մէկ ձեւի համախոհութիւն ստեղծուեցաւ, մինչ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Ատրպէյճան հաստատ կը մնար իր պահանջին վրայ։
Ապա Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը հայկական կողմին փոխանցեց խաղաղութեան համաձայնագրի մը կնքման վերաբերեալ հինգ կէտերէ բաղկացած առաջարկներու փաթէթ մը, ուր բացակայ էր Արցախի տագնապը։ Պաշտօնական Երեւան հինգ կէտերուն աւելցուց եւ ատրպէյճանական կողմին փոխանցեց իր առաջարկը՝ Արցախի կարգավիճակի եւ արցախահայութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցը։
Մինչ այդ ոչ մէկ առիթ փախցնելով՝ Ալիեւ կը շարունակէր իր պատերազմաշունչ եւ առաւելապաշտական յայտարարութիւնները, որոնք գետնի վրայ թարգմանութիւն գտան սեպտեմբերեան բախումներով, որոնց իբրեւ արդիւնք ատրպէյճանական ուժերը Սիւնիքի, Վայոց Ձորի եւ Գեղարքունիքի ուղղութիւններով յարձակումներ գործեցին եւ ճիշդ է, որ կրակը դադրեցաւ, սակայն յարձակող ուժերը մնացին հայկական տարածքներու մէջ։
Զինուորական այս գործողութիւններուն զուգահեռ յատկապէս թափ ստացան Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան միջնորդական ճիգերը, որոնց իբրեւ արդիւնք Նիւ Եորքի մէջ կայացաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումները, ապա Հոկտեմբերին՝ Փրակայի հանդիպումը, մասնակցութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի։ Այս հանդիպումէն ետք Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին յարակից հայկական տարածքներու մէջ երկամսեայ առաքելութեան համար հաստատուեցան եւրոպացի անզէն դէտեր, որոնք դիտարկումներ կատարեցին սահմանային իրավիճակին շուրջ։
Ինչ կը վերաբերի Արցախի կարգավիճակին շուրջ ծաւալած խօսակցութիւններու եւ տագնապի լուծման պատկերացումներուն, ապա Նիւ Եորքեան հանդիպումներէն ետք տեղեկութիւններ հրապարակուեցան հայեւատրպէյճանական տագնապին լուծման երկու պատկերացումներ՝ ամերիկեան – Եւրոպական եւ ռուսական կողմերէն։ Առաջինը կը խօսէր Արցախի ժողովուրդին համար ապահովութեան երաշխիքներու մասին, իսկ ռուսականը կ՛առաջարկէր յետաձգել Արցախի հարցին քննարկումը։
Ապա կացութիւնը առաւել բարդացաւ, երբ Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպումէն ետք, Փաշինեան եւ Ալիեւ իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր տեսակէտեր եւ կեցուածքներ հրապարակեցին։ Մթնոլորտին շիկացման նպաստեց նաեւ եօթը դեկտեմբերին կայանալիք հանդիպման ջնջումը, որովհետեւ Ատրպէյճանի նախագահը մերժեց Ֆրանսայի նախագահին ներկայութեան հանդիպում ունենալ Փաշինեանի հետ։
Լարուածութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ այսպէս կոչուած ատրպէյճանցի բնապահպաններ յարձակեցան եւ փակեցին Բերձորի (Լաչին) միջանցքը, որ միակ ուղին է Արցախի կենսական կարիքներուն գոհացումը եւ հայթայթումը ապահովելու համար։ Այդ օրերուն Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ կազմակերպուեցաւ քննարկում՝ իրավիճակը գնահատելու համար եւ պէտք է նշել, որ Լաչինի միջանցքին փակման քննադատական յայտարարութիւնները եւ միջանցքը վերաբանալու կոչերը, որոնք կատարուեցան քննարկման ընթացքին, ոչ մէկ արդիւնք տուին։Ապա Հայաստանի իշխանութիւնները իբրեւ արդիւնք Լաչինի միջանցքին փակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակին, ջնջեցին Մոսկուայի մէջ կայանալիք՝ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը։
Դէպքերու եւ իրադարձութիւններու անցեալ տարուան զարգացումներու ժապաւէնը այսպէս յանգեցաւ Բերձորի միջանցքի փակման, որ Արցախահայութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործադրելու յստակ միտումներ ունի։ Չմոռնանք նաեւ որ միջանցքին փակման օրերուն ատրպէյճանական կողմը նաեւ կասեցուց բնական կազի Արցախ հոսքը, ինչ որ իրավիճակը չափազանց բարդացուց։ Կազին հայթայթումը վերսկսաւ միջազգային ճնշումներուն շնորհիւ։
2022-ին արձանագրուած իրադարձութիւնները նկատի ունենալով, Կը մնայ յուսալ, որ հայկական կողմը միասնական կեցուածքով եւ համակարգուած օրակարգով կարենայ հրապարակ գալ, որպէսզի հայկական ամբողջ ներուժին օգտագործմամբ կարելի ըլլալ կանխել նոր ցեղասպանութիւն մը, որուն զոհը արցախահայութիւնը պիտի ըլլայ։
Read Time:3 Minute, 27 Second