ՄՈՒԹ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ՄԸ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԻՆ…

0 0
Read Time:5 Minute, 49 Second

ԹԱԹՈՒԼ ՍՈՆԵՆՑ-ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Հայասպանութեան արիւնոտ գործընթացը, որ իննսունըչորս տարիներ առաջ արդէն կէ°ս դարու պատմութիւն մը ունէր իր ետին, 1915-ի Ապրիլի 24-ին ոստում մը կատարեց դէպի աննկա-րագրելին մինչ այդ անուն չունեցող ոճիրով մը:
Մեծ Պատերազմին ընծայած ծուխին ու աղմուկին ետին ծածկուած, աւելի քան մէկ-ու-կէս միլիոն հայերու ծրագրեալ սպանդը իրականացնելէ ետք, շրջանցելով 1918-ի զինադադարը, օրուայ ոճրապարտ թուրք ղեկավարութիւնը, տարբեր անուններու տակ, շարունակեց իր ընթացքը յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին՝ նորանոր նախճիրներ բեմադրելով Իզմիրէն Ատանա, Շուշի եւ Պաքու: Մինչեւ օրս եւ այլազան ձեւերով ու ծաւալով – հայահալա°ծ այդ գործընթացը կը շարունակուի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ հասնելով մեր օրերը՝ որպէս 20րդ դարու առաջին շարունակակա°ն ազգասպանութիւնը…
Հարցականի տակ առնելով այս եղելութիւններուն վաւերականութիւնը, հայ-թուրք մերձեցման, վարագոյրի ետեւ տարուած ու տարուող բանակցութիւնները եկած են ա°յն եզրակացութեան, թէ հարկ է վերաքննե°լ Արեւմտեան Հայաստանի բնաջնջման պարագաները՝ զոհի կողքին,նո°յն ինքն ոճրագործ պետութիւնը ունենալով որպէս քննիչներէն մին…
Այժմ, երբ ազգովին կանգնած ենք ուրացումի կուպրով սալահատակուած նոր, մութ ճանապարհի մը լպրծուն սեմին, Հայաստան աշխարհի տարածքին գործադրուած եղեռնին սարսափազդու համայնապատկերը պէտք է վերակենդանանայ ու յաւիտեանս դրօշմուի ամէ°ն մէկ հայու մտքին ու սրտին մէջ: Ա°յն վայրագ հալածանքի քա-ղաքականութիւնը որ թուրք իշխանութիւնները եւ օսմանական, իթթիհատական, քէ-մալական ու իսլամական — որդեգրեցին ու սկսան գոծադրել մօտ մէկուկէս դար առաջ, ի զօրու է այսօր եւս, ամենուրէ°ք:
Ազգային իւրայատուկ միաւոր մը իր ամբողջականութեան մէջ աշխարհի երեսէն սրբելու անմարդկային փորձէն ու Լօզանի մէջ Հայոց Դատին շուտափոյթ թաղումէն նուազ քան քառորդ դար ետք, երբ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին վերջ-նական ճակատամարտերը կը մղուէին, նացիական Գերմանիոյ կենտրոնացման ճամբարներուն ու մարդակէզ փուռերուն յայտնաբերումէն ցնցուած, Մեծն Բրիտան-իոյ վարչապետ, Ուինսթըն Սբէնսըր Չըրչիլը հետեւեալ հաստատումը կ’ընէր©- »Աշխարհը,, կ’ըսէր ան, »դէմ առ դէմ է եկած ոճիրի մը հետ՝ որ անուն չունի,: Նոյն ատեն, համոզուած, որ պատմութեան հոլովոյթին հետ առնչուող նոր երեւոյթներ պէտք է ունենան իրենց յատուկ բնորոշիչ բառերը՝ Ռաֆֆայէլ Լէմքին, 1944-ին հրատարակ-ուած իր Axis Rule in Occupied Europe հատորին մէջ — առաջին հերթին հայոց բնաջն-ջումը եւ հրէաներու ողջակիզումը ի մտի ունենալով — յունարէն genos եւ լատիներէն cide բառերը միացնելով հնարեց genocide — ցեղասպանութիւն — բառը:
Ըստ Լէմքինի եւ Միացեալ Ազգերու բնորոշումին — ցեղասպանութիւն կը նշանակէ ազգի մը կամ հաւաքականութեան մը կազմակերպուած ծրագրաւորումով անէա-ցումը, որպէս թիրախ ունենալով անոնց մաս կազմող անհատներու ոչնչացումը, պարզապէ°ս անոնց իւրայատուկ պատկանելիութեան վրայ հիմնուած: Որպէս այդ-պիսին, հրէական Ողջակիզումը եւ այլ համատարած սպանդներ որոնք յաջորդեցին այդ աղէտին կը ճանչցուին ցեղասպանութիւն, հասկացողութեան սահմանումով: Սակայն հայոց Եղեռնը, իր սահմռկեցուցիչ ամբողջութեան մէջ, կը գլէ կ’անցնի այդ հասկացողութեան բնորոշիչ սահմանները:
Առ հասարակ, անձինք, հաւաքականութիւններ, ազգութիւններ որոնք թիրախ կը դառնան ցեղասպանութեան, զոհ կ’երթան պատմութեան սահմանափակ մէկ ժամանակաշրջանին, ինչպէս էր 1939-1946-ին, Եւրոպայի հրէաներուն պարագային: Ցեղասպանութեան գործընթացը, ընդհանրապէս, իր աւարտին կը հանգի վերջնական դատաստանի մը՝ որուն հիման վրայ նոր, բնականոն յարաբերութիւններու էջ մը կը բացուի դժոխային փորձառութեան բովէն անցած կողմերուն համար: Հայութեան դէմ աւելի քան դար մը առաջ սկիզբ առած ոճրային գործընթացը իր գագաթնակէտին հա-սաւ 1915-ին, երբ քայքայման դուռը հասած բազմազգ կայսրութեան մը թուրանամոլ տէրերը սկսան գործադրել Հայկական Հարցի վերջնական լուծման միտող համատարած նախճիրն ու հալածանքները: Այսօր, նոյ°ն նպատակադրումով, իր կայսերական սահմաններով յատկանշուող »հանրապետական, Թուրքիոյ մերօրեա°յ տիրակալները կը շարունակեն նո°յն քաղաքականութիւնը ի գործ դնել նոյնքա°ն քանդիչ ա°յլ միջոցներով՝ կարենալ պահելու համար ա°յն աւարն ու հողերը զորս իրենց օսմանցի հայրերն ու մեծ հայրերը ժառանգ թողուցին իրենց:
Այս անժխտելի իրողութիւնը միանգամընդմիշտ կը ջրէ այն վարկածը, թէ մերօրեայ թուրք պետութիւնը պատասխանատու չէ° Օսմանեան կայսրութեան ի գործ դրած, պատմականօրէ°ն վաւերագրուած ու փաստուած ոճիրներուն.ընդհակառակը, ոճրագործութեամբ իւրացուած հայապատկան տարածքներու, գոյքերու եւ հարստու-թեան յօժարակամ ժառանգորդ ներկայ թուրք պետութիւնը այսօ°ր եւս կը մնայ համա-րատու° եւ պարտակա°ն քաղաքակիրթ մարդկութեան ու անիրաւուած հայ ժողովուր-դին առջեւ:
Վարկածը, թէ ներկայ թուրք հանրապետութիւնը կարելի չէ պատասխանատու նկատել նախորդ թուրք պետութեան գործած ոճիրներուն համար կրնա°ր ընդունելի ըլլալ եթէ Սէվրի դաշնագիրը գործադրուած ըլլար եւ Թուրքիան, հրաժարելով օսմանեան պետութեան կայսերական սահմաններէն — ինչպէս հանգեալ կայսրութեան ա°յլ ազգային միաւորները — հիմնած ըլլար իր ազգային պետականութիւնը արեւմտեան Անատօլուի իր ազգագրականօրէն բնական սահմաններուն մէջ, ընդմի°շտ դուրս գա-լով պատմականօրէ°ն հայկական, յունական ու քրտական տարածքներէն: Բոլո°ր անոնք որոնք յղացան ու վաւերացուցին Լօզանի խայտառակ դաշնագիրը, ո°չ միայն մեղանչեցին արդարութեան դէմ, այլ արգելք հանդիսանալով պատմութեան բնակա-նոն ընթացքին՝ մօտ ինը տասնամեակներու մոռացութեան ապաժա°մ անջրպետ մը ստեղծեցին որուն մէջ կալանաւորուած հայ, քիւրտ ու ասորի ժողովուրդները, լքուած իրենց ճակատագրին, ջանացին եւ, այսօր եւս կը ջանան, դուրս գալ իրենց հարազատ ինքնութեան վրայ պարտադրուած ամօթալի իրավիճակին դարաւոր մղձաւանջէն:
Հայ ժողովուրդի պատմական ներկայութիւնը Փոքր Ասիոյ մէջ, քիւրտ աշիրէթներու նման բնիկներու ցեղախմբային ներկայութիւն մը ըլլալէ շատ հեռու էր.հնագո°յն ժա-մանակներէն, եգիպտական ու սումերական քաղաքակրթութիւններէն շուրջ 2 500 տարիներ առաջ, հայ ժողովուրդի նախնիքը քաղաքակիրթ ներկայութիւն էին Հայկա-կան Բարձրավանդակի տարածքին.անընդմէ°ջ ներկայութիւն մը՝ զիրար յաջորդող անկախ կամ կիսանկախ թագաւորութիւններով ու իշխանապետութիւններով — նո°յն իսկ Հռոմի հզօր լէգէոններուն դէմ յաղթական ճակատամարտներ մղած ընդարձակ կայսրութիւնով մը — լիովի°ն հայկակա°ն իր լեզուով, մշակոյթով ու աւանդոյթներով:
Ծիծաղելի է այն վարկածը, թէ հայերը — ինչպէս թուրք, եւ անոնց կառքին լծուած, պատմաբաններ, կը պնդեն — որպէս օտար կայսրութիւններու հլու եւ հնազանդ կրօնական փոքրամասնութեան մը պատկանող հպատակներ, 19րդ դարու արեւմտ-եան ազգայնական շարժումներէն ազդուած, յանկա°րծ, ապօրինի միջոցներով, որո-շեցին ազգ ու հայրենիք կերտել…»թրքական, հողերու վրայ: Այս եւ նման 19-20րդ դարերուն մէջտեղ նետուած »ազգաշինութեան, սնանէջ վարկածները — որոնք յաճախ անմտօրէն կը կրկնուին նաեւ Արեւմուտքի մէջ դաստիարակուած հա°յ մտաւորականներու կողմէ — կրնան յարմարիլ այսօր ՄԱԿ-ի անդամ շատ մը պետութիւններու, որոնց ինքնագիտակցութեան մէջ լուրջ շփոթ կայ »ազգ, ու »պետութիւն, հասկացողութիւններուն շուրջ.- մինչ ազգը ստեղծագործ արժէ°ք է որ մարդկային քաղա-քակրթութիւնը կը հարստացնէ անոր վրայ աւելցնելով իր իւրայատուկ լեզուն ու մշակոյթը՝ պետութիւնը վարչակա°ն միջոց է, որ իր կարգ ու կանոնով կարելի կը դարձնէ քաղաքակրթութեան ապահով յառաջընթացը: Մին անժամանցելի արժէ°ք է, միւսը ժամանակներուն յարմարուող ու փոփոխական կառոյ°ց: Տասնըիններորդ դարուն սկսած եւ մինչեւ օրս իր վերջնական հանգրուանին չհասած հայկական ազատագրա-կան շարժումը ո°չ թէ »ազգաշինութիւն,, այլ հազարամեակնե°ր գոյատեւած ազգութեան մը եւ հայրենիքի մը վերականգնումի պայքարն է:
Այ°ն ինչ որ հարուածեց հայութիւնը 1915-23-ին, գագաթնակէտն էր ամենակուլ փոթորիկի մը որ սկսեր էր կազմուիլ տասնամեակներ առաջ, զուգահեռ իր վերջին օրերը ապրող կայսրութեան մը փուլ եկող կառոյցին ճարճատումներուն: Տասնըհինգ տարի ետք, Բ.Համաշխարհային պատերազմին, եւրոպաբնակ հրէաները կը ողջակիզուէին իրենց երկրէն հեռու, օտա°ր հողի վրայ, որպէս օտար, »անբաղձալի, փոքրամասնութիւն.հա°յը սրէ անցուեցաւ ջարդարարին կողմէ բռնագրաւուած իր հազարամեայ հայրենի° հողին վրայ, ո°չ որպէս օտարերկեայ փոքրամասնութիւն, այլ որպէս ամբողջակա°ն Հայոց Աշխարհ — իր ժողովուրդով, ընկերային ու մշակութային իր կառոյցներով, իր եկեղեցիով ու պատմութեամբ: »Ցեղասպանութիւն, հասկացողութիւնը դժուար թէ կարենայ պարփակել այս մեծ ոճիրին՝ Մեծ Եղեռնին անսահմա°ն ողբերգութիւնը:
Շարունակուող այս ողբերգութեան վրայ այսօր կ’աւելնայ նո°ր արար մը, սահմռկեցուցիչ իր էութեամբ ու հետեւանքներով: Ներկայ ապօրինի սահմաններու անխուսա-փելի օրինականացմա°ն վրայ հիմնուած՝ շրջափակումի վերացման եւ ոճրապարտ դրացի երկրին հետ բնականոն, յարաբերութիւններու հաստատման ի խնդիր, հայ-կական պետութիւնը պատրաստ կը թուի ըլլալ լծուելու ցեղասպանութեան վերջին արարը հանդիսացող Ուրացմա°ն կառքին: Պատրա°ստ կասկածի տակ դնելու մեծ ոճիրին՝ Մեծ Եղեռնին անսահման ողբերգութիւնը, եւ ինչ որ աւելի° քան ողբերգա-կա°ն է, նոյնատեն անտեսելով ու կասկածի տակ դնելով մօտ կէ°ս դար համազգային սպառիչ պայքարէ ետք, այսօր հայ ժողովուրդի կողքին կանգնած մեծ ու փոքր պետու-թիւններու, քաղաքական մարդոց ու պատմաբաններու Եղեռնի ճանաչման հարցով իրենց արդար դատողութեան փաստացի էութիւնն ու վաւերականութիւնը…
Յո՞ Երթաս, Հայոց Աշխարհ…

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles