Համացանցային »Ուիքիլիքս« կայքէջին հիմնադիրը՝ բրիտանացի Ճիւլիըն Ասանժ անունով »խենթ« մը Լոնտոնէն արձակուած ուռական մը պայթեցուց Հոկտեմբերի 23ին« փոթորիկի մատնելով Ուաշինկթընը« Լոնտոնն ու Պաղտատը: Ան հրապարակեց ամերիկեան գաղտնի տեղեկագիրներ« որոնք հաւասարապէս ամբաստանեալի աթոռին կը նստեցնեն Իրաքի իշխանութիւններն ու զանոնք հովանաւորող ամերիկեան ու բրիտանական զինուորական իշխանութիւնները: Շուրջ 400,000 տեղեկագիրները ի յայտ կը բերեն« որ իրաքեան իշխանութիւնները անմարդկային վարմունք կը կիրարկեն իրենց քաղաքայիններուն հանդէպ« բազմաթիւ անմեղ զոհեր պատճառած են« ամերիկեան ուժերը »աչք գոցած են« նման արարքներու վրայ« ուղղակի եւ անուղղակի մասնակցութիւն բերած են խժդժութիւններու« նոյնը՝ բրիտանական ուժերը: Ամբաստանութիւններ կ’ուղղուին նաեւ Իրանին: »Ուիքիլիքս« խոստացած է ի մօտոյ 15,000 տեղեկագիր հրապարակել Աֆղանիստանի պատերազմին մասին« ինչ որ կը սպառնայ փոթորիկին հասողութիւն տարածել մինչեւ Աֆղանիստան եւ Փաքիստան:
Այս բացայայտումները աննախընթաց չեն. »Ուիքիլիս« քանի մը ամիս առաջ ուժեղ փոթորիկ ստեղծած էր« երբ համացանցի ճամբով հրապարակած էր Աֆղանիստանի մասին աւելի քան 90,000 ամերիկեան գաղտնի տեղեկագիրներ: Անիկա նաեւ համացանցի վրայ տեղադրած էր շուրջ 30 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէն մը« ուր ամերիկեան ուղղաթիռէ մը կրակ կը բացուէր իրաքցի անզէն քաղաքացիններու վրայ« մինչեւ իսկ անոնց՝ որոնք յարձակման ենթարկուողներուն օգնութեան կը փութային. կոյր ջարդ մըն էր եղածը (դէպքը պատահած էր 2007ին):
Եւ ինչպէս այդ հանգրուանին« այս նորագոյն հրապարակումին առիթով ալ« պաշտօնական Ուաշինկթընն ու Լոնտոնը (եւ զինակիցներ) խստիւ դատապարտեցին այս բացայայտումները« զանոնք դաւաճանութիւն որակեցին ու մտավախութիւն յայտնեցին« թէ անոնց պիտի վտանգեն ամերիկացի« բրիտանացի« աւստրալիացի զինուորներու եւ իրաքցի պատասխանատուներուն կեանքերը:
Ասանժ եւ իր գործակիցները իրենց արարքը կþարդարացնեն« ըսելով« որ ճշմարտութիւնը կը քողազերցեն:
Ուրեմն« ըստ Ուաշինկթընի ու Լոնտոնի տրամաբանութեան« ճշմարտութեան բացայայտումը վտանգաւոր բան է: Ուրեմն« իրաքեան իշխանութիւններն ու զանոնք հովանաւորող բազմազգեան ուժերը կրնան ամէն տեսակի անմարդկային արարք գործելհանդուրժել« բանտերու մէջ բռնարարքներ կրնան գործադրուիլ (Ապու Ղըրէյպի արձագանգները մարած են ու նորերը զանոնք մոռացութեան մատնելու իրողական քայլեր ալ կրնան ըլլալ…)« մանուկներ ու կիներ կրնան ճամբաներու վրայ կամ այլուր խժդժութիւններու ենթարկուիլ« սակայն այդ բոլորը պէտք է քողարկուած« գաղտնի պահուին« որպէսզի… գործադրողները մնան անվտանգ« սանձարձակութիւնները արգելակողներ չըլլան:
Ստալինեան տարիներու տրամաբանութիւնն է որ յայտնապէս վերամարմնաւորուած է ՆԱԹՕի ուժերուն մօտ« որոնք կը յաւակնին ըլլալ ժողովրդավարութեան« մարդկային իրաւունքներու ու նման բարիքներու տարածիչպաշտպաններ: Եւ այս »բարիքները« ահաւասիկ« Իրաքէն ետք« բաժին կը հանուին Աֆղանիստանին (ուր բազմատասնեակ յաւելեալ զինուորներ ղրկելու ծրագիր ունի նախագահ Օպամա)« Փաքիստանին եւ« տեսնենք« դեռ քանի¯ քանի երկիրներու ու ժողովուրդներու:
Ամերիկեան գործակալութիւններուն համար տակաւին գաղտնի կը մնայ նման տեղեկագիրներ »սպրդեցնող«ը: Ամբաստանուած է 22ամեայ զինուոր մը՝ Պրէտլի Մէնինկ անունով« իբրեւ »Ուիքիլիքս«ի աղբիւրը՝ այս տեղեկագիրներուն: Ան խիստ հսկողութեան տակ է ու ենթակայ՝ դատական հետապնդումներու:
…Շուրջ 40 տարի առաջ« Տանիէլ Էլսպըրկ անունով »մատնիչ« մը« համեմատաբար նախնական պայմաններու մէջ՝ պատճէնահանող մեքենայ մը գործածելով« հրապարակած էր փենթակոնեան 7,000 գաղտնի տեղեկագիրներ« որոնք աշխարհին կը ծանօթացնէին նախագահ Նիքսընի ու հռչակաւոր Քիսինճըրի խաղքութիւնները՝ Վիեթնամի պատերազմին մասին: Այդ օրերուն ալ« աշխարհը փոթորիկի մատնուած էր ու« ըստ կարգ մը մեկնաբաններու« այդ բացայայտումը իր բաժինը ունեցած էր Վիեթնամի պատերազմին ընթացքին ու դադրեցման վրայ:
Հիմա աշխարհը փոխուած է: Հիմա« յանցագործներ ու զանոնք հովանաւորողները իրենք զիրենք շա¯տ աւելի ամուր կը զգան իրենց աթոռներուն վրայ: »Ուիքիլիքս«ի բացայայտումները« մանաւանդ ամերիկեան ընտրական այդ տաք եղանակին« կրնան հազար տեսակ ջաղացք դարձնել« սակայն հաւանաբար քիչ ազդեցութիւն ունենան պատերազմական ու յարակից հաշիւներու վրայ« թէեւ ուժականութիւնը ունին աւելի եւս բորբոքելու իրաքեան ու աֆղանական ռազմադաշտերը« գոհունակութիւն պատճառելով… զէնքի արտադրիչներուն ու անոնց շահակիցներուն:
2010ի աշխարհն ու անոր բնակիչները տարօրինակ դիմադրականութիւն մը զարգացուցած են այս ու նման փոթորիկներու նկատմամբ եւ կը նախընտրեն կրաւորական հանդիսատեսի կեցուաքէն դուրս չգալ:
Եւ՝ կարելի է գոհունակ զգալ« թէ Նիքսըններու եւ Քիսինճըրներու դարաշրջանը այլ իմաստով ալ վերջ գտած է…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 23, 2010