ԽՕՍԻՆՔ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ի ԻՆՔՆԱԱՆՏԵՍՄԱՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 55 Second

Յ. Պալեան 

Կարելի է ապրիլ առանց մտածելու: Նոյնիսկ այդպէս է որ

կ’ապրինք ընդհանրապէս: Հանրապետութիւնը անկէ չի

վնասուիր: Ընդհակառակն, հայրենիքը կարիք ունի բոլոր

քաղաքացիներու տարբեր եւ ներդաշնակ աշխատանքին:

Ժողովուրդները արարքներով կ’ապրին եւ ո՛չ գաղափարներով:

Անաթոլ Ֆրանս, ֆրանսացի քաղաքական գործիչ

 

            Սփիւռք(ներ)ը կը համարենք ազգային համայնք եւ ուժ, բայց ան անտեսուած եւ կորսուելու դատապարտուած տարտղնուած անհատներու եւ խումբերու անորոշ սահմաններով աշխարհագրութիւն է: Սփիւռք(ներ)ը ինքզինք չի ճանչնար, անհատներ եւ բջիջներ կը կարծեն անոր տիրութիւն ընել, առանց խոստովանելու, որ ամէն օր որ կ’անցնի, ան քիչ մը աւելի կը խրի ինքնանտեսման մէջ:

            Ընդունուած տեսութիւնը այն է, որ կան հայրենահանուածներու եւ անոնց յետնորդներու հայկական թէական զանգուածները, որոնց վրայ գումարուած է արտագաղթած հայրենաթողներու նոր սփիւռքը:

            Ի՞նչ է բռնագրաւուած Հայաստանի եւ ներկայ Հանրապետութեան յարաբերաբար սփիւռք(ներ)ը, որպէս տէր, ազգային նպատակ հետապնդող եւ ազգային ամբողջ: Ներսը եւ դուրսը կը խօսին սփիւռք(ներ)ի մասին, բայց ազգի ի՞նչ ըմբռնում կայ անոր ետին:

            Հայրենահանուածներու սփիւռքը, զոր կը կոչենք դասական, իր գոյացման պատճառականութեամբ եւ մշակութական բնոյթով, տարբեր է արտագաղթի յառաջացուցած կամաւոր սփիւռքէն: Քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային բնոյթները տարբեր են: Արուեստական կերպով նոյնացնել երկու սփիւռքները հոգեբարոյական եւ գաղափարախօսական շփոթ է: Պէտք չէ ճկոյթի ետին թաքնուիլ եւ չտեսնել, որ երկուքի համարկումը կարելի չէ, պատեհապաշտութեամբ եւ շահախնդրութեամբ նոյնացում փորձել քաղաքական եւ մշակութային խառնածինութիւն է, խորքի եւ նկարագրի խաթարում:

            Սփիւռքացման մէջ նոր ինքնութիւններ կը ստեղծուին, զիրար կը փոխարինեն, ոմանք պարզապէս կ’անէանան: Սփիւռքացումը տարտղնում է: Այդ վիճակին մէջ ոմանք կը փորձեն ինքնութիւն պահել, չհարթուիլ, առանց ազգի գոյութեան համար կենսական ենթակառոյց հողին վրայ գտնուելու, մնալ ազգերու շարքին, ներկայութիւն ըլլալ աշխարհի քաղաքական բեմին վրայ:

            Բաւարար չափով չենք մտածեր կրկնակի սփիւռքացման մասին: Սփիւռք(ներ)ը մինչեւ երկրորդ աշխարհամարտի աւարտը, շատ քիչ տարբերութիւն ունէր գաղթականութենէ, քանի որ վառ էին վերադարձի յոյսը եւ կամքը: Փաստը՝ ներգաղթն էր: Պաղ պատերազմը եւ ներգաղթի ձախողութիւնը հայրենահանուածները եւ անոնց յետնորդները համոզեցին, որ իրենց հատատուած երկիրներուն մէջ պիտի մնան եւ տոկալու ու տեւելու համար պիտի կազմակերպուին: Խօսուեցաւ սփիւռքի կազմակերպման մասին, միաժամանակ մերուելով այն երկիրներուն՝ ուր կայք հաստատուած էր: Կազմակերպուիլ կը նշանակէր ձեւով մը ինքնավարութիւն ունենալ, միութիւններով, եկեղեցիներով, դպրոցներով, կուսակցութիւններով, միշտ յիշելով հայրենիքը եւ փորձելով հոգեբարոյական կապեր պահել անոր հետ:

            Հայկական սփիւռքի մէկ մասը կրկնակի սփիւռքացաւ, երբ գաղութարութեան վերացման եւ ընկերաքաղաքական պատճառներով ստեղծուած կացութիւներու հետեւանքով, մանաւանդ միջին-արեւելեան երկիրներէ գաղթ սկսաւ դէպի աւելի ապահով համարուած երկիրներ,- Ամերիկաներ, Եւրոպա եւ Ովկիանիա: Հայրենիքը դարձաւ յիշատակի, առասպելի եւ երազի աշխարհ, տեսակ մը ուխտավայր: Զանգուածային գաղթեր տեղի ունեցան Իրանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն, Եգիպտոսէն, Յորդանանէն, Լիբանանէն: Կազմակերպուած եւ ուժեղ համայնքները տկարացան: Ընթացքը կանգ չէ առած:

            Այդ գաղթածները, գումարած Պոլսէն գաղթածները, ծնունդ տուին նորատեսակ սփիւռք(ներ)ի, յառաջացնելով պատմութեան ըմբռնումներու եւ մշակութային-լեզուական խառնակութիւն, առասպելական դարձած հայրենիքի հետ կապը յաճախ վերածելով բարեսիրութեան եւ զբօսաշրջութեան:

            Սփիւռքացող հաւաքականութիւններու կացութիւնը միշտ կարելի է բացատրել, մեկնաբանել, հասկնալ: Գաղթ-սփիւռքացումը միշտ ունի իր պատճառները. քաղաքական, աշխատանքային, կամ անձնական: Ունի հետեւանքներ: Գաղթողը, որքան ալ համարկուի, միշտ օտար պիտի ըլլայ, առաւել, ժամանակ մը ետք օտար պիտի համարուի նաեւ այն երկրին մէջ ուրկէ եկած էր: Այդպէս է սփիւռքացած հայը իր ապրած երկրին մէջ, այդպէս կը դիտուի նաեւ Հանրապետութեան մէջ,- «զբօսաշրջիկ» կամ «Ամերիկայի հարուստ հօրեղբայր»: Այսպէս պիտի ըլլայ սփիւռքահայը, այդպէս պիտի ըլլան իր յաջորդները:

            Ինչպէս բոլոր սփիւռքացածները, սփիւռքահայը ընդհանրապէս, իրենց բնիկ երկիներուն մէջ (հայրենիք) տարբերութեան ազդեցութիւն կ’ունենան, քաղաքական թէ մշակութային, ընդունուին թէ քննադատուին: Իրենց հաստատուած երկիրներուն մէջ, սփիւռքները, հայկական թէ ոչ, իրենց ծագման մշակոյթը եւ բարքերը կը փորձեն պահել, յաւելեալ ճիգով մը՝ կ’ուզեն իրենց մշակոյթը ծանօթացնել եւ ներկայացնել, անոր դեսպանը ըլլալ, նոյնիսկ երբ իրենք անկէ առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով կը հեռանան: Այս ծանօթացումը տեսակ մը հաղորդակցական եւ փոխըմբռնման կամուրջ կ’ըլլայ բնիկ երկրի եւ հիւրընկալ երկրի միջեւ:

            Քանի ժամանակը կ’անցնի, կեանքը այնպէս է, որ համարկումը (integration) աստիճանաբար կը տանի ձուլման (assimilation), եթէ հիւրընկալին հետ արմատական տարբերութիւններ չկան,- կրօնի, լեզուի կամ մորթի գոյնի,- որոնք արգելք կ’ըլլան կամ կ’ուշացնեն համարկումը եւ ձուլումը, կամ ծնունդ կու տան համայնքային տարանջատումներու եւ նոյնիսկ՝ բախումներու: Սփիւռքացած հայութիւնը, հիւրընկալ երկիրներու մէջ նշուած տարբերութիւնները չունի, եւ մերուելու անհրաժեշտութեամբ, տեղի կու տայ լեզուն, որ յաճախ կը վերածուի ֆոլքլորի, ինչպէս պարը:

            Այս աստիճանական ինքնալքման կը հետեւի քաղաքական-հայրենասիրական զգացականութեան պատճառով ինքնանտեսումը, սեփական տոկալու-տեւելու կառոյցները յաճախ կը մոռցուին, նուիրուելով հայրենիքին օգնելու անկասկած օգտակար աշխատանքին, բայց այդ պէտք է ընել այնպէս, որ սփիւռքը չխցէ իր թոքերը եւ շնչահեղձ չըլլայ:

            Հայկական սփիւռք(ներ)ը տոկալու եւ տեւելու համար հեռանկարային քաղաքականութեան եւ կազմակերպութեան կարիք ունի, ե՛ւ Հանրապետութեան ե՛ւ Սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւններուն կողմէ, հետեւելով ողջախոհութիւն խտացնող ֆրանսական առածին, որ՝  «պէտք չէ մերկացնել Փոլը հագցնելու համար Փիէրը»:

            Այս կ’ենթադրէ աշխատանքի իմաստուն բաժանում, որ սոսկ զգացական խօսք չէ, այլ ողջմտութեամբ իրականացուող Անաթոլ Ֆրանսի ըսած «ԳՈՐԾ»-ը:

            Գործ՝ որ չըլլայ «ուան մէն շահու»ներու (one man show) կուտակում:

            Չըլլայ մեր սիրած ամբոխավարութիւնը եւ ամբոխահաճութիւնը, աւեր գործած եւ գործող պոպուլիզմը:

            Դեռ պէտք է խօսիլ եւ գործնականացնել Սփիւռքի հայրենատիրական իրաւունքը օրէնքով գործնականացնելու մասին, որ չըլլայ ամբոխավարական ճառ, ներսի եւ դուրսի հանրային զգացական կարծիքի շուկային համար:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles