ՎԻԵՆՆԱ․- Ուրբաթ, Յուլիս 1-ին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի չորրորդ հանդիպումը:
Երկու երկիրները պայմանաւորուեցան շուտով ցամաքային սահմանը հատելու կարելիութիւն ապահովել՝ համապատասխանաբար Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար։
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ կողմերը պայմանաւորուեցան նաեւ հնարաւոր ամէնէն սեղմ ժամկէտներու ընթացքին մեկնարկել Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրութիւններու իրականացումը: