Յ․ Պալեան
Մեծ քաջութիւնը կրկին աչքերը բաց պահել է՝
լոյսին ինչպէս մահուան վրայ:
Ալպէր Քամիւ, ֆրանսացի գրող, Ի դար
Հայաստանի քաղաքական կեանքին հետեւողը կը յանգի պարզ եզրակացութեան մը. երեսուն տարիէ ի վեր Հայաստան ներազգային խաղաղութիւն չէ ունեցած: Փաստարկելու կարիք չկայ գիտնալու համար, որ սահմանին վրայ գտնուող աւանդական թշնամի կայ, որ միշտ հետամուտ է յաւերժացնելու հայոց հայրենիքի բռնագրաւումը եւ մոռցնելու իր գործած մեծ նախճիրը՝ ցեղասպանութիւնը:
Այսինքն՝ Հայաստան միշտ կը գտնուի պատերազմական վիճակի մէջ:
Մինչեւ ե՞րբ կը տեւէ այս անապահովութեան եւ անվտանգութեան վիճակը. մինչեւ որ Հայաստան ընդունի թշնամիին բոլոր պայմանները. հողային, քաղաքական եւ իրաւունքէ հրաժարում:
Ներազգային խաղաղութեան իրագործումը բախած է եւ դեռ երկար ժամանակ պիտի բախի խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք անգամ ստացուած եւ տեւող ժառանգութեան հետեւանքներուն, անոնք ըլլան քաղաքական թէ ազգային ըմբռնումի եւ արտաքին ճակատի վրայ առկայ կայսերական անցեալ եւ ներկայ չարիքներուն: Մեծ խնդիր ունինք. անվերջանալի ներքաղաքական պայքարները, այնպէս ինչպէս անոնք կան իրենց հաւասարակշռութիւնը գտած երկիրներու մէջ: Այսինքն՝ իշխանութեան տիրացման կռիւ: Պիտի չզարմանայինք եւ պիտի չդժգոհէինք եթէ համեմատական անվտանգութեան պայմաններու մէջ գտնուող երկիր ըլլայինք եւ ունենայինք իշխանութեան տիրացման պայքարներ:
Անցեալ դարու քաղաքական գործիչ եւ մտածող ֆրանսացի Փոլ Վալերի սովորական պայմաններու մէջ եղող երկրի մը համար տուած է քաղաքական խաղի իր սահմանումը: Ըսած է. «Քաղաքականութիւնը կը կայանայ իշխանութան տիրացման եւ պահպանման կամքի մէջ, հետեւաբար ան կը պահանջէ պարտադրանքի եւ խաբկանքի գործողութիւն, որոնք առարկաներն են ամէն իշխանութեան»: Այդպէս է խաղին կանոնը, բոլոր անոնց համար որոնք ինքնակառավարման իրաւունք նուաճած են, այդ ընելու համար ենթակայ չեն արտաքին ճնշումներու:
Թշնամիներու եւ ազդեցութիւններու մնայուն ճնշման տակ, դաշնակիցներ չունեցող, զինուորական հզօրութիւն չունեցող եւ տնտեսապէս ո՛չ հզօր եւ ո՛չ ինքնաբաւ Հայաստանը, փոխանակ պառակտուելու, իշխանութեան տիրացման եւ պահպանման պարտադրանքի խաղին տրուելու, պէտք է ձգտէր, եւ պէտք է ձգտի, միացման եւ համախմբման: Այս ընող առաջնորդը բացակայեցաւ:
Միշտ յիշել Գէորգ Էմինի դառն իրատեսութիւնը «… սպայ է ամէն մի հայ»…
Այս էապէս միացումով հզօրանալու եւ առաջնորդուելու ազգային քաղաքական իմաստութիւնը մեզի պակսեցաւ, այդպէս ալ կը շարունակուի, եւ վերականգնումը անկարելիութիւն կը թուի, կը հեռանայ հորիզոնէն:
Հայկական իրաւունքը եւ քաղաքական միտքը, կը գտնուին միջազգային յարաբերութիւններու եւ հաւասարակշռութիւններու հիմք ծառայող հզօրներու եւ տիրողներու հնարած հետեւեալ սկզբունքին դիմաց. յարգել Պետութիւններու հողային ամբողջականութիւնը: Հարցում. ո՞ր պետութեան, ո՞ր օրուան պետութեան, ո՞ր թուականէն սկսեալ ճշդուած հողային ամբողջականութիւնը: Այս սկզբունքէն կը բացակային պատմութեան առարկայական վկայութիւնը, ժողովուրդները եւ անոնց հայրենիքները՝ ուր անոնք ապրած են:
Յաղթողներու, տիրողներու, հզօրներու եւ ճնշողներու շահակցական տրամաբանութեան վրայ հիմնուած է ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ քաղաքական-համագործակցութեան (չ)սկզբունքը, որ երբեք չի քններ ՏՈՒԵԱԼ ՏԱՐԱԾՔԻ ՄԸ Ո՞Ր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՊԱՏԿԱՆԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ: Կարծէք հայրենիքներ եւ ժողովուրդներ վերջին անձրեւէն բուսած սունկ ըլլային:
Նոր ժամանակներու գաղութարարութիւնը, որ գրաւման ենթարկած էր բնիկ ժողովուրդներու հայրենիքները, մեծաւ մասամբ պարտուեցաւ, ժողովուրդներ իրենց ապրած հողերուն վրայ ստեղծեցին հայրենիք եւ պետութիւն: Բայց ոչ ոք մտահոգուեցաւ աւելի հին ժամանակնըու գրաւումներու հետեւանքով իրենց հողերէն-հայրենիքներէն օտարուած ժողովուրդներու հարցերով: Այսօր ոչ ոք հարցականի կ’ենթարկէ, օրինակ, յունական մեծ մայրաքաղաքի, Կոստանդնուպոլսոյ պատկանելիութեան խնդիրը:
Աւելի պարզ. ո՞ր բարոյականի, ո՞ր ճշմարտութեան, ժողովուրդներու ո՞ր իրաւունքի եւ ո՞ր հիմնաւորումներով պէտք է խօսիլ հողային ամբողջականութեան մասին: Ո՞ւր պէտք դիմել, որպէսզի հողային ամբողջականութեան սկզբունքը յարգուի մարդոց եւ ժողովուրդներու ճշմարիտ իրաւունքի հիմունքներով, եւ ո՛չ հզօրներու ակումբին մէջ գծուած քարտէսներով, որոնք կը հետեւին առակի «զօրաւորին իրաւունքը միշտ լաւագոյնն է» (չ)իմաստութեան եւ (չ)արդարութեան:
Ի՞նչ ալ ըլլան մեր համակրանքները, հակակրանքները, վերապահութիւնները Հայաստանի հին եւ նոր իշխանութիւններուն նկատմամբ, դրական եւ բացասական գնահատումները Հայաստանի ցոյցերուն մասին, պէտք է միշտ խօսիլ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան մասին, ոչ միայն՝ Հանրապետութեան: Այսինքն, ՊԵՏԱԿԱՆ քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնաւորել ԱԶԳԱՅԻՆով: Եթէ չառաջնորդուինք այս ազգային իրաւութեան հիմնաւորումներով, մեր ժողովուդէն կրնան պահանջել եղածն ալ զիջիլ, ինչպէս եղաւ Նախիջեւանը, այսօր կ’ըլլայ Արցախը, վաղը՝ Սեւանը եւ Էրիւանը, քանի որ ոչ ոք կը խօսի Կարսի, Անիի, Մուշի, Սասունի, Վանի, Բերկրիի, Արածանիի եւ բռնագրաւեալ հայաշխարհի մասին: Եթէ կ’ուզենք որ ուրիշներ խօսին եւ հետաքրքրուին ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ, մենք պէտք է խօսինք, խօսած ըլլայինք, ճապկումներով՝ չլռէինք:
Հայաստանի ցոյցերու խորքի պաստառը նաեւ այն էր, որ պէ՞տք էր ընդունիլ ԱՐՑԱԽԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿԱԶՄԻ ՄԷՋ պարտուողական վարքագիծը:
Հայաստանի Ազգային Ժողովի Քաղաքացիական Պայմանագիր համախմբումի անդամ պատգամաւոր Յակոբ Ասլանեան, պատմաբան, ՀՐԱՊԱՐԱԿ թերթի մէջ արտայայտուելով, իրականութիւններու անտեսման խիստ ուշագրաւ խօսքեր ըսած է: Հարց կու տայ. «…ընդդիմութիւն կա՞յ, որ բան ասեմ։ Իրենք նման են ասֆալտի վրայ աճած խոտին, հենց արեւը մի քիչ տաքանայ, կը չորանան-կը գնան։… Սիրելիներս, ե՞րբ պիտի հասկանաք, որ այսօր մեր երկրում ընդդիմութիւն չունենք»։ Ամիսներ տեւած ցոյցերը, Երեւան եւ Հայաստանի միւս քաղաքներուն մէջ ցոյց ընող հազարաւոր իր հայրենակիցները «ասֆալտի վրայ աճած խոտ» համարել արհամարհանք է այլակարծութեան եւ հազարաւոր հայրենակիցներու հանդէպ, որոնք հայրենիքի ապագային համար առնուազն իրեն չափ պատասխանատու են: Շարունակելով, պատմաբան պատգամաւորը կ’ըսէ. «Ընդդիմադիրներն ասում են՝ չլինէր մեր փողոցային պայքարը, Փաշինեանը վաղուց էր ստորագրել հակապետական փաստաթղթեր»։ Որպէս պատմաբան հասկցած է ընդդիմութեան պատգամը: Հարկ է ուշադրութեամբ կարդալ նաեւ հետեւեալը. «Առաջիկայ մի քանի տարուայ ընթացքում, երբ մենք կը կարողանանք լուծել բոլոր այն հարցերը, որոնք տասնամեակներ շարունակ չեն լուծուել, Դաշնակցութիւնը կը վերանայ»: Պատմաբանը կարծէք սուրճի բաժակին մէջ ապագայի ընթերցումը կ’ընէ…
Բայց չ’ըսեր թէ ո՞ր հարցերը չեն լուծուած, ինչո՞ւ չեն լուծուած, ինչպէ՞ս կրնան լուծուիլ:
Արդէն մոռցուած Սումկայիթի նախճիրը դատապարտելո՞վ, թէ՞ զայն ալ արձանագրելով ուրացուող ցեղասպանութեան տոմարին մէջ:
Նախիջեւանը վերադարձնելո՞վ Հայաստանի կազմի մէջ, թէ՞ զայն ալ արձանագրելով պատմութեան շահ վնասի տոմարին մէջ:
Հայկական Արցախը վերադարձնելո՞վ Հայաստանի կազմի մէջ, թէ՞ ընդունելով, որ ան հայկական չէ, ազրպէյճանական է:
Տալով նաեւ՝ ինչ որ կը պահանջեն թուրքը եւ ազերին, ինչպէս Սեւանը, օր մըն ալ Գիւմրին, եւ… Երեւանը:
Յարգելի պատմաբանը աւելի լաւ կ’ընէր եթէ ըսէր, թէ «Դաշնակցութիւնը» եւ ըննդիմութիւնները կը վերանան, եթէ Արարատը Հայաստանի վերադառնայ:
Ուրեմն, Դաշնակցութեան տասնամեակներ շարունակ հետապնդած հարցերը ազգային ըմբռնումով լուծելո՞վ պիտի վերացնեն Դաշնակցութիւնը, թէ՞ զանոնք թաղելով:
Հարցերը ինչպէ՞ս պիտի լուծեն: Իրաւունք վերականգնելո՞վ, թէ՞ պարտուածի անձնատուութեամբ:
Պիտի ընե՞նք ինչպէս անցեալին ըսուած էր, որ «պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել» եւ գիծ քաշել ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ, մոռնալ բռնագրաւեալ Հայաստանը, Արցախը:
Ժողովուրդ մը եւ բանակ մը նախ պարտուած կ’ըլլան յուսալքումով. հոգեկան խուճապով:
Ի զուր չէ որ երբեմն խօսուեցաւ վիլայէթ դառնալու նախատեսութեան մասին:
Օր մըն ալ պէտք է լուծեն Սփիւռքի հարցը, այս կամ այն ձեւով ձեռք բերելով անոր ղեկավարումը, լռեցնելով անոր թուրքը անհանգստացնող պահանջատիրական պայքարը:
Եւ կը վերացնեն Դաշնակցութիւնը:
Ներսի եւ դուրսի գիտակից զանգուածները պէտք է վճռեն ազգի ներկայի եւ ապագայի գոյութենական պայքարի յաջողութեան համար, թէ որոնք պէտք է վերանան:
Պատմաբանը, եւ ոչ կողմնապաշտ պատգամաւորը, պիտի հասկնար որ դատարկաբանութեան համար հազարաւորներ իրենց հայրենիքի իշխանութեան դէմ ցոյցի չեն դիմեր:
Պատմաբան պատգամաւորը պէտք է յիշէ «սովետ»ի օրերը, երբ Դաշնակցութիւն կը դատէին, անոր թաղման թափօր կը կազմակերպէին, բայց Չարենցներ կ’արձագանգէին ՀԴԱՀՅՈՒՆին:
Ինչպէ՞ս առաջնորդել առանց ոգեկանութիւն ժառանգած ըլլալու եւ անոր տէր մնալու:
Ափսո՜ս մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին:
«Եւ երբ չի մնում ելք ու ճար», վաղ թէ ուշ, ներսը եւ դուրսը, կը խօսի հայրենատէր Թլոլ Դաւիթներու հարազատ ոգեկանութիւնը: