Լրահոս
Աղաւնոյի Համար Պիտի Պայքարին Նաեւ Շրջանի Բնակիչները
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Յունիս 30-ին, Ազգային ժողովին մէջ վստահեցուց, որ Լաչինի շրջանի Աղաւնոյ գիւղին համար պիտի շարունակեն պայքարիլ:
Բերձոր-Լաչինը շրջանցող նոր ճամբու շահագործման սկսելէ ետք, Արցախի սահմանէն դուրս գտնուող գիւղերը՝ Բերձորը, Աղաւնոն եւ Սուսը պիտի անցնին Ատրպէյճանին:
Աղաւնոյի, Բերձորի ու Սուսի բնակիչներու ճակատագիրին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ դիտել տալով, որ բնակիչներու հարցերով զբաղելու համար տակաւին կայ ժամանակ՝ մէկուկէս տարի:
Աղաւնոյ գիւղին համար կը պայքարին նաեւ շրջանի բնակիչները, որոնք երբեք պատրաստ չեն հեռանալու գիւղէն: Այս համայնքին մէջ կ՛ապրին շուրջ երկու հարիւր բնակիչներ: