ԳլխաւորԽմբագրական

ՍԱՐՔՈՎԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ… «ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ»


«Հայրենիք» -Պոսթըն
Խմբագրական

«Ղեկավարելու արուեստը՝ ո՛չ ըսելն է, ո՛չ թէ այո: Այո՛ ըսելը շատ դիւրին է»:
Թոնի Պլէր (Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ, 1997-2007)

Երկարատեւ էր Հ.Հ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առցանց մամլոյ ասուլիսը, Յունիս 27-ին: Այնքա՛ն երկար, որ կարելի էր զայն երեք-չորս մասի բաժնել եւ պատկերասփիւռային սերիալներու (շարք) նման, ամիս մը շարունակ, շաբաթական հերթականութեամբ սփռել՝ հաճելի (այս մէկը հարցական) զբաղում նուիրելով ունկնդիրին ու ակնդիրին:
Եթէ այդ ձեւին դիմուէր, հաւանաբար հնարաւոր կ’ըլլար խոյս տալ շարունակ կատարուող կրկնութիւններէն եւ աւելորդաբանութիւններէն: Մարդիկ պիտի չյիշէին, թէ սա փոխանցուածը արդէն ըսուած էր նախորդ յայտագիրին պահուն, ինչպէս որ վարժուած են չյիշել այս մարդուն ըսածներն ու խոստումները, յետոյ ինքնահակասութիւններն ու դրժումները:
Անխուսափելի հարցում մը. ինչպէ՞ս կարելի է այսքան երկար հարցազրոյց մը «շնորհել», երբ առնուազն հինգ տասնեակ մամլոյ հաստատութիւններ որոշած էին չմասնակցիլ այս աժան դերասանութեան մրցանքին: Անոնց մերժումը արդար բողոք մըն էր, որովհետեւ այս դրութիւնը երկու տարիէ ի վեր կը փորձուի արդարացնել ու պատճառաբանել «պսակուած ժահր»-ին ներկայութեամբ, իսկ այսօր, թէեւ համաճարակին ազդեցութիւնը մեղմացած է, սակայն յամառօրէն կը շարունակուի միեւնոյն ապաժողովրդավարական դրութիւնը, կաշկանդելով ազատ արտայայտուելու եւ իսկական վիճաբանութեան՝ կլոր սեղանի կարելիութիւնը:
Երկրին ղեկին բազմածը դէմ առ դէմ (իբրեւ թէ) զրուցեց լրագրողուհիի մը հետ, կատարեց, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ բեմադրեց հարց-պատասխանը: Կրնանք բառերը շրջել եւ ըսել՝ պատասխան-հարց, որովհետեւ այնքան բացայայտ էր նախապատրաստուած ներկայացումը, ինչպէս՝ քանի մը նախընթացները:
Ուշագրաւ էր, որ հակառակ տասնեակներով մամլոյ գործակալութիւններու պոյքոթին, բաւական առատ էին հարցումները, իբրեւ թէ ուղղուած՝ զարմանազան գործակալութիւններու, կամ աւելի ճիշդը՝ կամակատար գործակալներու կողմէ: Աւարտին, ստեղծեցին այն տպաւորութիւնը, թէ վարչապետին ժամանակը սպառած է, մինչդեռ դեռ որքա՜ն անպատասխան մնացած հարցումներ կան ցանկի վրայ:
Հանճար ըլլալու պէտք չկար, տեսնելու թէ հարցազրոյցին համացոյցն (synopsis) ալ այնպէս մը դասաւորուած էր, որ խաբուսիկ թափանցիկութիւն ցուցադրելու համար՝ մեկնարկը վերապահուած էր նոյնինքն դժգոհ եւ պոյքոթի ենթարկող մամլոյ գործակալութիւններուն: Բնականաբար, վարչապետին առջեւ լայն բացուած էր առիթը՝ «թաւշեայ ձաբռտուքներ» եւ անկապ վերագրումներ կատարելու: Անշուշտ յստակ է նաեւ պատասխանը այն հարցումին, թէ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլար հարցազրոյցին ընթացքը, եթէ պոյքոթող չըլլար եւ երկիրը ի՛սկապէս յուզող վիճակներուն մասին հարցումներ ուղղուէին: Բախտագուշակ ըլլալու պէտք չկայ, որովհետեւ տարբերակը բեմադրուած է Ազգային ժողովին մէջ, երբ վարչապետը (նախագահին բառերով) «մանեւրելու» հազար ու մէկ լարախաղացութեան դիմած է, խուսափելու համար յստակ պատասխաններ տալէ, անշուշտ նշելով Արցախի համար յատուկ նիստի մը ընդդիմադիրներուն պահանջին՝ ասֆալթին զարնուիլը: Իսկ թէ ո՞ւր հասած են ինքնադատապարտումի արտայայտութիւնները — ես եմ պատասխանատուն, կրնայինք առանց այսքան վնասի դուրս գալ պատերազմէն եւ այլն — նոր մեկնաբանութիւններու չեն կարօտիր:
Ձեւէն ու բեմադրուած ձեւականութիւններէն անդին նայելով՝ իսկապէս նոր ու հեռահաս մտահոգութիւններու դուռ բացաւ ոլորապտոյտ հարցազրոյցը, յատկապէս Արցախի առնչութեամբ: Բառացիօրէն ի յայտ եկաւ, որ Պաքու գործի լծուած է Արցախէն Սիւնիք տանող նոր ճամբայ մը կառուցելու համար, փաստացի պարտադրանքի տակ դնելով Հայաստանն ու Արցախը (ինչ որ մնացած է անկէ), որպէսզի Լաչինը-Բերձորն ու Աղաւնոն ալ, այլ շրջաններու նման, յանձնուին թշնամիին: Վաղը, ո՞վ պատասխան պիտի տայ, կամ՝ ինքանրդարացումի ինչպիսի՞ ձաբռտուքներ պիտի հնչեն, երբ այս աւաններուն բնակիչներն ալ, քարվաճարցիներուն եւ կարգ մը սիւնեցիներուն պէս, իրենց ձեռքերով այրեն իրենց բնակարանները։ «Պատասխան»-ի նախանշաններ կը հնչեն. «Գաղթականներուն նոր բնակավայր կը տրամադրենք…»։
Հայոդիին համար, պատահածն ու ըլլալիքը ահաւոր են. կորուստներու լեռը կը բարձրանայ: Խնդրոյ առարկայ ճամբաները սարքելու համար, ազերիական կողմը ոգի ի բռին գործի լծուած է, որպէսզի քանի մը շաբաթէն ամբողջացնէ ճամբան:
Անշուշտ հայոց բանակի ներկայութեան մասին ոչ մէկ խօսք: Չէ՞ որ Ալիեւն ու Էրտողանը որոշած են, որ Հայաստան բանակի պէտք չունի, իրենք պատրաստ են իրենց բանակները «նուիրաբերելու» եւ յանձանձելու, ի խնդիր Հայաստանի ու արցախցիներու ապահովութեան, մանաւանդ, որ ռուս խաղաղապահներն ալ հեռացած են այդ շրջանէն։
Աւելի՛ն. վարչապետը ամենա՜յն ինքնավստահութեամբ խօսեցաւ նաեւ խորհրդարանէն ներս տիրող կացութեան մասին, նշելով, որ Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն եղող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը յառաջիկային պիտի քննարկէ նիստերէն բացակայող ընդդիմադիրները իրենց պաշտօններէն զրկելու առաջարկը, յատկապէս Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ Ազգային ժողովի տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Վահէ Յակոբեանը «գահընկեց» ընելու հարցը: Արդէն իսկ, որոշումն ալ առնուեցաւ։ Շէյքսփիրեան լեզուով, պարզ ու մեկին պիտի գործածէինք․- mission accomplished եզրոյթը:  Մարդը իրաւունք ունի այսպէս մտածելու. չէ՞ որ, իրե՛նց իսկ բնութագրումով՝ վարչապետին «ուսապարկերը» նշանակուած են իր կողմէ, ուրեմն՝ կրնայ ուզած օրը պաշտօնազրկել կամ այլ պաշտօնի կոչել իր կողքին քալող երեսփոխանները:
Ժողովրդավարութիւն հասկացութեամբ, պէտք է աւելորդ անգամ յիշեցում կատարել սպառնացողներուն, որ ընդդիմադիր երեսփոխանները իրենց կողմէ չեն նշանակուած, այլ ընտրուա՛ծ են:
Ամպերը շարունակ կը կուտակուին. դժբախտաբար խոր թմբիրի մէջ է այս վիճակը յեղաշրջելու կարողութիւնը ունեցող զանգուածը:
Բայց պիտի արթննա՛նք եւ արթնցնե՛նք…«զարթնի՛նք» եւ «զարթնեցնե՛նք»:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button