Լրահոս

«ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Կիրակի, Յունիս 26-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային դասընթացքին բացումը տեղի ունեցաւ St. Mary of Providence (Էլվըրսըն, Փէնսիլվանիա) կեդրոնին մէջ։ Վերջին երկու տարիներուն, դասընթացքը առցանց ներկայացուած էր՝ պսակաձեւ ժահրի համավարակին պատճառով։ Այս տարի, տասը ծուխերէ 35 աշակերտներ կը մասնակցին, իսկ անձնակազմը կը բաղկանայ 14 եկեղեցական եւ աշխարհական անդամներէ։

Լսարանը կրօնական եզակի յայտագիր մը կը ներկայացնէ, որ կ՚ընդգրկէ քրիստոնէական հաւատքի ուսմունք, առօրեայ պաշտամունքի եւ աղօթքի արարողութիւններ, եւ ընկերային ու մարզական յայտագիրներ։ Լսարանի տնօրէնն է Արժպ. Տ. Անդրանիկ Աւագ Քհնյ. Պալճեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէց)։ Կիրակի, Յուլիս 3-ին, «Տաթեւ»-ը իր աւարտին կը հասնի Սուրբ Պատարագով՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվանիա)։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button