ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿԻ ԵՒ ԲԱՐՁՐԱՒԱՆԴԱԿԻ ՄԱՍԻՆ
Կեդրոնականցին երբ այցի չի գար, միշտ կապ կը պահէ, չի լռեր, նամակ գրէ՝ համացանցով: Կը լսէ եւ կը տեսնէ բաներ, որոնց հանդէպ խուլ եւ կոյր են մանրուք բաներով չզբաղող հանգամանաւորները. նախագահ, ատենապետ, խմբագրապետ, ղեկավարներ:
Առաւօտեան սուրճէն ետք, սեփական կապի նախարարիս՝ համակարգիչիս դիմեցի: Նամակներու մէջ էր Կեդրոնականցիին ել-նամակը: Թերթերու սովորական ըսած-գրածէն առաջ, կարդացի Արմենակի նամակը:
«Մակա՛րս,
«Գարնան տօթէն եւ հեղեղներէն ետք, հիմա երբ օրացուցային ամառ է, բայց կարծես ձմեռնամուտ է: Մոլորակ եւ կլիմայ մարդոց պէս շուարած են:
«Բնապահպանները կ’ըսեն, որ մարդը խանգարած է բնութեան կարգը:
«Խանգարուելու համար խանգարող պէտք է: Այդպէս է հայ կեանքը, ուր կանոն է կամաւոր բանգիտական անտիրութիւնը:
«Հայ քաղաքներու մասին հետաքրքրական գիր մը ստացայ: Բնավայրեր: Հայոց պատմութիւն՝ ժողովուրդի կառուցած քաղաքներով: Գիրքը արեւելահայերէն էր, անոր աբեղեանական ուղղագրութիւնը վերածուած էր մեսրոպեան հարազատի:
«Ուշադրութիւնս վրիպեցաւ եւ գնաց անտիրացած հայերէնի: Այլեւս անզօր ենք եւ պարտուած աբեղեանական կոչուած աբեղ-ցփեղ ուղղագրութեան աւերին դէմ: Գէթ արեւմտահայերէնը պէտք է պաշտպանել անոր վարակին դէմ, որ փոխած է հայերէն բառերու տեսքը եւ սխալագրութեան հետեւանքով՝ իմաստները:
«Ուշադրութիւնս գրաւեց ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿ բառը, որ այդպէս կը գրեն աբեղեանականները: Դպրոցի աշակերտները ինչպէ՞ս պիտի հասկնան, որ ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿի ՎԱՆԴԱԿը իրենց տան պատշգամի գունաւոր փետուրներով թութակի վանդակը չէ, Հայաստան լեռնադաշտն է:
«Բառերու ստուգաբանութեէն անտեղեակ եւ աշխարհագրութիւն չգիտցողը անմիջապէս կը հասկնայ, որ բարձր տեղ մը վանդակ կայ: Եւ կ’եզրակացնէ, որ հայկական քաղաքները ԲԱՐՁՐ ՎԱՆԴԱԿի մէջ են:
«Հրատարակիչները, ներածականին մէջ գործածած են ԲԱՁՐԱՎԱՆԴԱԿը: Ի՞նչ պիտի հասկնայ ընթերցողը: Միթէ՞ բարձր վանդակի մը մէջ պիտի բանտարկենք հայոց արծիւը:
Այնպէս ինչպէ՞ս վասն արդիականութեան հայերէնի հարազատ ուղղագրութիւնը «վանդակեցուած է»:
Բազմանդամ խմբագրական կազմը ինչպէ՞ս չէ անդրադարձած սխալագրութեան հետեւանքով ստեղծուած իմաստի անհեթութեան եւ մեր լեզուի ԱՆԴը յայտնուած է ՎԱՆԴԱԿի վիճակի մէջ: Միայն այս զարտուղութիւնը բաւարար չէ՞, որ կրկին մտածուի հարազատ ուղղագրութեան վերականգնումի մասին:
Զոյգ աշխարհաբարներու մերձեցման փո՞րձ է ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿի մուտքը արեւմտահայերէնի մէջ:
Արեւմտահայերէն գրող խմբագիրներ, բանաստեղծներ, հրատարակիչներ, եթէ երբեմն բառարան բանան, կը տեսնեն որ հոն կան ԱՆԴ, ԱՆԴԱՍՏԱՆ, ԲԱՐՁՐԱՒԱՆԴԱԿ, եւ զանազան այլ բառեր, նաեւ՝ ԶԵՂՉ եւ ԶԻՂՋ:
Այսպէս ալ կ’ըլլայ այնպէս ալ կ’ըլլայի (չ)իմաստութեան աւերի առաջքը ո՞վ պիտի առնէ եւ ինչպէ՞ս:
«Մակա՛ր, գրէ՛ ընկեր բարեկամներուդ, որ մեծ ու պզտիկ քայլերով կը նահանջենք եւ կ’երթանք դէպի վերջնական պարտութիւն:
«Ի քաղցր տեսութիւն՝
»Քոյդ՝ Արմենակ Կեդրոնականցի»
Նամակի ընթերցումէն վերջ մտածեցի, որ եթէ վերջին Կեդրոնականցիներն ալ լռեն, ի՞նչ պիտի մնայ բազմահազարամեայ հայ ազզգէն եւ անոր ինքնութենէն: Ծակ պտուկ իմաստուն մը օր կ’ըսէր, որ նման իրարանցում «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած էր:
Մակար ի Գաղիա, 28 Յունիս 2022