ԳլխաւորԼրահոս

«Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը Մերժեց Քննարկել Արցախի Հարցով Արտակարգ Նիստը

ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 3-ին, Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու նախաձեռնած  արտահերթ նիստը չկայացաւ:

Առաջին անգամ նիստը յետաձգուեցաւ չորս ժամով  թիւ չապահովելու պատճառով: Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութիւնը յայտարարած էր, որ պիտի չներկայանայ խորհրդարան եւ չ՛ուզեր մասնակցիլ Արցախի հարցով Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին:

Միւս կողմէն Ֆրանսայի հրապարակին վրայ շարունակուեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքը:

Կատարուեցաւ քայլերթ դէպի Հ. Հ. կառավարութեան կեդրոնատեղի:

«Դիմադրութիւն» շարժման անդամները, քանի մը ժամ կառավարութեան բոլոր մուտքերը շրջափակելէ ետք, երթով քալեցին դէպի կառավարական ամարանոց:

Կառավարական ամարանոցի առջեւ մեծաթիւ ոստիկաններ` վահաններով եւ սաղաւարտներով զինուած, շղթայ կազմած էին:

Մասնակցող ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցան ծանր բախումներ, բազմաթիւ ցուցարարներ բերման ենթարկուեցան:

 

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button