ՆԻՒ ԵՈՐՔ («Հայրենիք»).- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13-ին, հոծ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ Մանհաթընի ծանօթ «Քարնըկի» սրահ, ի յիշատակ Վարդան Գրիգորեանի ձեռնարկին։
«Քարնըկի» հաստատութեան նախագահն էր Վարդան Գրիգորեան, որ իր մահկանացուն կնքեց անցեալ տարի, 87 տարեկան հասակին։
Յայտագիրը տեւեց երեք ժամ։ Բազմաթիւ անձնաւորութիւններ խօսք առին: Բեմահարթակ բարձրացող հրաւիրեալներու կողքին, նաեւ շատեր տեսերիզով ղրկած էին իրենց յարգանքի տուրքը։ Բացման խօսքը կատարեց «Քարնըկի» հիմնարկի ներկայ ղեկավար՝ Քլայվ Ճիլինսըն։
Ապա պատգամ փոխանցեցին յաջորդաբար Էջմիածնական թեմի Առաջնորդ՝ Դանիէլ Եպսկ․ Ֆընտըքեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Առաջնորդական փոխանորդ՝ Սահակ Ծայր․ Վրդ․ Եմիշեան։
Մերթ ընդ մերթ կը ցուցադրուէին Վարդան Գրիգորեանի նկարները, մանկութենէն մինչեւ վերջին օրերը։ Թաւրիզի իր ընտանեկան պարագաներու կողքին, յիշատակելի էին Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի այդ օրերու պատասխանատու տնօրէն եւ Հ․Հ․ առաջին հանրապետութեան նախագահ Սիմոն Վրացեանի եւ Գրիգորեանի յիշատակելի դաստիարակ Անթուան Քէհէեանի լուսանկարները։ Իսկ Նոր Աշխարհի մէջ, շարքը երկար էր ծանօթ դէմքերու, սկսելով Ռոնըլտ Ռէկընէն, տէր եւ տիկին Պիլ եւ Հիլըրի Քլինթընէն մինչեւ դերասան Ճորճ Քլունի։
Յիշատակելի էր Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Մայքըլ Պլումպըրկի պարագան, որ թէ՛ տեսերիզով խօսք առաւ եւ թէ՛ ներկայ էր այս հաւաքին։ Ան մեծ ակնածանքով նշեց, թէ լուսահոգի Վարդան ազդեցութիւն ձգած էր, ոչ թէ միայն իր, այլ ընդհանրապէս արեւմտեան աշխարհին վրայ։
Խօսք առնողներուն շարքը երկար է։ Յուզիչ էին, Վարդան Գրիգորեանի մանկութեան մօտիկ դասընկեր եւ իրեն նման Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի շրջանաւարտ Սահակ Պաղտասարեանի (յատուկ այս ձեռնարկին համար, ժամանած Քալիֆորնիայէն) պատմած յուշերը։ Ան շեշտեց, թէ Թաւրիզէն ժամանած Վարդան, կրցաւ շուտով ընտելանալ եւ դառնալ դասարանի փայլուն, ժիր եւ ուշիմ աշակերտներէն։
«Վարդանը Պէյրութի վտանգաւոր օրերը չապրեցաւ։ Հոս, Նոր Աշխարհի մէջ, ան այնպիսի կեանք մը ապրեցաւ, որ միայն հպարտանք կը պարտադրէ ճեմարանի հիմնադիրներուն», – ըսաւ Պաղտասարեան։
Տպաւորիչ էր «փուլիցըր»-ի մրցանակակիր բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեանի խօսքը, որ զգացական նկարագրականով մը, ներկայացուց իր ակնածանքն ու յուզումը այս «վիթխարի մարդ»-ուն նկատմամբ։
«Վարդան, քաջութեան ուսուցիչ, հպարտութեան եւ հնարամտութեան օրինակ, ամերիկեան բնօրինակ, հայկական ուժ, միակ ճանապարհը, որուն մենք կարող ենք շնորհակալութիւն յայտնել, այդ ալ պահպանելն է: Երբեք մի՛ մեռնիր։ Ամէն ինչ հնարաւոր է։ Պարզապէս շարունակէ՛»,- ըսաւ Պալաքեան:
Նիւ Եորքի հանրածանօթ դէմքերէն՝ Ռապըրթ Քարօ (պատմաբան)․ Կրեկըրի Լոնկ (տեղւոյն բուսաբանական պարտէզի նախագահ) եւ Էնթընի Մարքս (տեղւոյն հանրային գրադարանի նախագահ) դրուատեցին Վ․Գ․-ի (նշելով՝ V.G.) սխրագործութիւնները, որոնք հետեւողականօրէն կատարած է առանց ընկրկելու եւ յուսահատելու։
Անոնք նշեցին, թէ Գրիգորեան բարձր մակարդակի հասցուցած է Նիւ Եորքի կրթական զանազան կառոյցները։ Բանախօսները նշեցին, թէ յարգանք կը պարտադրէր Վարդան Գրիգորեանը ամենէն աւելի կարեւոր դիրքի վրայ գտնուող պաշտօնեայէն մինչեւ դռնապանն ու ապահովութեան պատասխանատուները, որոնք ցայսօր կը յիշեն իրենց «պոս»-ը։
Վերջին խօսք առնողներէն էր Գրիգորեանի որդին՝ Ռաֆֆին երկար եւ մանրամասնութիւններ նշելով պատմեց իր հօր մասին։
«Հօրս մանկութիւնը դաժան էր։ Ան վեց տարեկանին կորսնցուց իր մայրը։ Նոյնքան տառապեցաւ իր քոյրը՝ Օժիկը։ Բացակայ էր իր հայրը։ Կը մտածեմ, թէ հայրս որքա՜ն տառապած է եւ երբեք տեղեակ չէ պահած հարազատներուն», ըսաւ ան շարունակ զսպելով իր արցունքն ու յուզմունքը։
Նուպար Աֆէեան խօսեցաւ Վարդան Գրիգորեանի հետ ստեղծած «Աւրօրա» ծրագրին մասին, որ տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպուի, մրցանքներ շնորհելով բարեսիրական աշխատանքներու համար գործող անձնաւորութիւններու։
Գեղարուեստական յայտագիրն ալ հարուստ էր։ Տեսաներիզով կարելի եղաւ ըմբոշխնել, այս առթիւ յատուկ պատրաստուած թաւջութակահար Եօ Եօ Մայի Կոմիտասի «Կռունկ»-ն ու Պախի երկրորդ հատանուագի «Սարապանտ»-ը։ Իսկ օփերայի հանրածանօթ երգչուհի Իզապէլ Պայրագտարեան, ընկերակցութեամբ տուտուկահար Մհեր Մնացականեանի, ամէնայն հարազատութեամբ կատարեց Կոմիտաս Վարդապետի «Տէր ողորմեայ»-ն։
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի երգչախումբէն հնգեակ մը՝ Անահիտ Զաքարեան, Յասմիկ Ասատրեան, Յասմիկ Մէյխանաճեան, Ծովինար Աղաւեան եւ Ալվարդ Մայիլեան, ղեկավարութեամբ Խորէն Մէյխանաճեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Արա Տինքճեանի իբրեւ նախերգանք երգեց «Հայր մեր» եւ «Սուրբ, սուրբ»-ը, իսկ աւարտին «Ի վերին Երուսաղէմ»-ը։ Այսպէս, հայ արուեստագետները նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Գրիգորեանի կեանքին` ներկայ հիւրերուն յիշեցնելով, որ Վ․Գ․-ի հայկական ժառանգութեան նուիրուած է իր ողջ կեանքի ընթացքին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։