ԳլխաւորԿիզակէտՅօդուածներ

ՈՒՔՐԱՅԻՆԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ, ՇԱՀԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՔԻՉ ՄԸ ԱՒԵԼԻ ՄՕՏԸ ԿԱՄ ՀԵՌՈՒՆ

Մարք Յարութիւնեան

            Մտահոգիչ է Ուքրայինայի կացութիւնը. պատերազմ եւ քաղաքացիներու դժբախտացում: Համաշխարհային զօրաշարժ կայ: Լրատուամիջոցներ կը խօսին աւերի եւ գաղթականներու մասին:

            Արցախեան պատերազմի օրերուն, երբ ժողովուրդի մը հայրենիքը կը բռնագրաւուէր, հազարաւոր զոհեր կային, եւ հայրենահանուած գաղթականներ, քաղաքակիրթ աշխարհը կացութիւնը դիտեց մատներու արանքէն: Եւրոպան եւ Ամերիկան հազիւ տիրացուական խօսք ըսին:

            Քաջ մտածողներ եւ քաղաքական դէտեր կան, որոնք կը զարմանան քաղաքական վարիչներու եւ լրատուամիջոցներու Ուքրայինայի հարցին դիմաց անոնց ունեցած ընտրովի հակազդեցութիւններէն, երբ Արեւմուտքը, 2020-ի աշնան, քար լռութիւն պահած էր թուրք-ազերի ուժերու Արցախ ներխուժման պարագային: Այս ըսող քաջ լրագրողներ կան: Վկայութիւններ կան, որ այդ օրերուն տեղի ունեցան պատերազմական ոճիրներ, կրօնական մոլեռանդութեան բնոյթով. գլխատումներ, ռազմագերիներու նուաստացում: Քաղաքակիրթ աշխարհը մնաց հանդիսատես եւ բարեսէր: Եզրակացնե՞նք, որ մարդու իրաւունք, արդարութիւն, քաղաքակրթութիւն եւ կրօնական ազատութիւններ պէտք է պաշտպանել ըստ քարտէսի վրայ անոնց դիրքին:

            Թերեւս անտեղի համարուի յիշեցնել, որ Ուքրայինան թուրք-ազերի նախայարձակներուն տուած էր ֆոսֆորային ռումբեր, որոնք հարուածեցին Արցախը, այրեցին անտառներ: Այսօր ինք ալ գացող-եկող պատեհապաշտ Էրտողանի մեծպետական փառասիրութեան զոհը չէ՞: Կարելի չէ չափսոսալ ուքրանացիներուն դժբախտութիւնը, եւ հարց չտալ, թէ ինչպէ՞ս կացութիւնը հասաւ փտախտի: Եւ ճշդել պատճառները: Կանխել այլ հարց է արդէն:

            Պատերազմը կը սպասուէր, նախատեսուածը սահմանային կռիւ չէր: Նկատի առնելով տնտեսական եւ ռազմավարական շահեր, նաեւ միջազգային հաւասարակշռութեան հրամայականներ, ան անհաւանական կը թուէր: Բայց քաղաքականութիւնը սոսկ տրամաբանութիւն եւ տնտեսութիւն չէ, կը հպատակի նաեւ ցեղային, կրօնական, մշակութային եւ կայսերական ենթակայական ազդակներու:

            Եւրոպան, եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքը, ռազմավարական շահեր հետապնդելով, ժամանակակից Ռուսիոյ մէջ տեսնելով ցարական եւ խորհրդային կայսերական հակումներ, մնացին ինքնապաշտպանութեան դիրքի վրայ, քաջալերեցին Ուքրայինայի արեւմտականանալու ցանկութիւնը, որ կը նշանակէր Ռուսիոյ եւ անոր սլաւական քաքաքական ծիրէն դուրս գալ:

            Խորհրդային հզօրութեան հոգեբանական կացութեան մէջ մնալով, Ռուսիա կ’ուզէ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու հաւասարը, ըլլալ ցարական-խորհրդային շարունակութիւն եւ հզօրութիւն վերականգնել: Պալթեան երեք երկիրներու ընդգրկումը արեւմտեան ճամբարի մէջ անընդունելի էր Ռուսիոյ համար, բայց անոնք ծանր չէին կշռեր: Ուքրայինայի նոյն ընթացքը սպառնական էր, այդպէս կը դիտուէր Մոսկուայի կողմէ, քանի որ ան իր ընդարձակութեամբ, Ֆրանսայի մէկուկէս անգամն էր, իր 44 միլիոն բնակչութեամբ:

            2014էն ի վեր, Ռուսիա կը հետապնդէ իր անցեալի սահմաններու վերականգնումի քաղաքականութիւն, հակազդելով իր ապահովութեան սպառնացող եւ իր հեղինակութիւնը արգելակող միտումներու, իր սահմաններուն վրայ Ատլանտեան Ուխտի հետզհետէ աճին: 2016ին, Խրիմի Ռուսիոյ կցումէն ետք, փտախտ դարձած էր Ուքրայինայի հարցը, որուն արեւելեան սահմանին վրայ ռուսախօս շրջան Տոնպասը ըմբոստացած էր Քիեւի դէմ: Մոսկուան ճանչցաւ 60.000 քառ.ք.մ. տարածութեամբ Տոնպասի անջատումը եւ ինքնորոշումը:

            Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը ծանօթ էր եւ շղթայազերծուած պատերազմը կը նախատեսուէր Յունուար 2021-էն ի վեր, եւ շեշտուած կերպով՝ վերջին ամիսներուն: Էրտողան Ուքրայինայի պաշտպանի պղտոր դերով հանդէս եկաւ, պատերազմը նա-խորդող օրերուն եւ նպաստեց անոր նախապատրատութեան, տրամադրելով Պայրաքտար անօդաչու սարքեր, որ Ռուսիոյ կողմէ չէր կրնար չդիտուիլ որպէս գրգռութիւն:

            Թուրքիա, մնալով հանդերձ արեմտեան ճամբարի մէջ, կը գործակցի Ռուսիոյ. պատեհապաշտական երկդիմի ընթացք: Արեւմուտքի դաւանած ժողովրդավարութիւնը եւ մարդկային իրաւունքը Թուրքիոյ համար առաջադրանք չեն, չեն եղած: Ան կը հետապնդէ իր ծաւալապաշտական համաթուրանական քաղաքականութիւնը, որ ոչ ոքի համար գաղտնիք է. Եգէականէն Չինաստան:

            Թուրքիա կը փորձէ ամերիկեան իշխանութիւններու խաղին մէջ ներառնուիլ եւ ընդունուիլ որպէս հաւասար դերակատար, գտնուիլ մեծերու ակումբին մէջ: Ֆրանսայի նախագահին դէմ այնքա՜ն անպատշաճ արտայայտութիւններ ունենալէ ետք, հիմա Ուքրայինա կը պաշտպանէ, միշտ յետին միտք ունենալով համաթուրանականութիւնը: Ռուսիա ըստ արժանւոյն պիտի գնահատէ Էրտողանի ճապկումները. զօրակցիլ Ուքրայինայի եւ նոյն ատեն չհակադրուիլ Ռուսիոյ: Էրտողան Փետրուար 3-ին այցելեց Ուքրայինա, որ կը նշանակէր զօրակցութիւն, երբ կացութիւնը սրուած էր, ռուսական բանակ կար սահմանին վրայ եւ Պելառուսիոյ մէջ:

            Էրտողան կողմերուն հետ կը ձգտի ունենալ յարաբերութիւններ, ունենալ միջազգային դեր եւ միջնորդ ըլլալ Ռուսիա-Ուքրայինա տագնապին մէջ: Կ’ըսէ. «Քով քովի բերելով երկու ղեկավարները (Փութինը եւ Զելենսքին) մեր երկրին մէջ, եթէ ուզեն, կրնանք ճամբայ հարթել խաղաղութեան հաստատման»: Յայտարարած էր, որ Ուքրայինա ներխուժում մը «Ռուսիոյ կողմէ պիտի ըլլար անտրամաբանական ընթացք մը»: Ռուսիա մերժեց  միջնորդութիւնը եւ յայտարարեց, որ Թուրքիա կը քաջալերէ Ուքրայինայի «ռազմապաշտութիւնը»: Միջոցին, Թուրքիա Ուքրայինայի յանձնեց զինեալ անօդաչու սարքեր (drones), որոնցմով Ատրպէյճանը յարձակած էր Արցախի վրայ, Ուքրայինա զանոնք գործածած էր Մոսկուայի աջակցութիւնը վայելող ռուսախօս Տոնպասի դէմ: Ուքրայինան հետեւելով պայրաքտար սարքերու Արցախի դէմ 2020ի Ատրպէյճանի յաջողութեան օրինակին, ստորագնահատեց ռուսական ուժը, խորհեցաւ որ նոյնը կրնայ պատահիլ պատերազմի պարագային:

            Թուրքիա քաջալերեց Ուքրայինա-Ռուսիա պատերազմը, ուզեց վարկ ապահովել յաչս Միացեալ Նահանգներու եւ ըլլալ միջազգային դերակատար: Էրտողան նախապէս, Յունուարին, Ալպանիոյ մէջ ըսած էր, որ դէմ էր Ուքրայինա ռուսական ներխուժման: Տագնապէն ետք, Ռուսիա անպայման պիտի յիշէ Էրտողանի ճապկումները եւ սուրիական պատերազմի ընթացքին հաստատուած գործակցութիւնները վերջ կրնան գտնել: Անոնք չեն կրնար տեւել, քանի կան Սուրիոյ, Լիպիոյ, միջին-արեւելեան, կովկասեան եւ Կեդրոնական Ասիոյ տագնապները:

            Թուրքիա մինչեւ ե՞րբ կրնայ խաղալ. մնալ Ատլանտեան Զինակցութեան մէջ եւ զէնք գնել Ռուսիայէն: Պէտք չէ մոռնալ պատմութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնները. Թուրքիա եւ Ռուսիա յաճախ պատերազմած են. նեղուցներու հակակշիռը եւ դէպի Միջերկրական ելքը միշտ խնդրայարոյց են: Կայ նաեւ Խրիմը, Թուրքիա չէ ընդունած անոր կցումը Ռուսիոյ, առաւել նաեւ, Խրիմը անցեալին եղած է թաթարներու խանութիւն, հետեւաբար՝ թրքական տարածք: Այժմ թաթարներ վերադարձած են Խրիմ, անոնք ներկայիս 250.000 են, բնակչութեան 12%ը: Թուրքիա եւ Ուքրայինա համագործակցած են թաթարներու վերադարձին համար:  Համաթրքական ծրագիր հետապնդելով, Թուրքիա թաթարները կը պաշտպանէ, կ’ուզէ որ անոնց պաշտպան Ուքրայինան Ատլանտեան Զինակցութեան անդամ դառնայ:

            Ռուսիա հաշտ աչքով չէ դիտած Ուքրայինայի եւ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը, մանաւանդ՝ ինչ կը վերաբերի զէնքի արտադրութեան (անօդաչու սարքեր):

            Երէկ սկսան Ռուսիա-Ուքրայինա բանակցութիւնները: Ռուսական պահանջը յստակ է. Ուքրայինա զինաթափ պէտք է ըլլայ: Նման եզրակացութիւն կրնա՞յ վերջ տալ Թուրքիա-Ուքրայինա համագործակցութեան եւ Ատլանտեան Զինակցութեան մաս կազմելու Ուքրայինայի ցանկութեան:

            Եւրոպան կը հետապնդէ ժռղովրդավարութիւն եւ Մարդու Իրաւունք, Ռուսիան կը միտի իր կայսերական սահմանները վերականգնել եւ բիւզանդական-ուղղափառ տարածքի իր գերակայութիւնը հաստատել, իսկ Թուրքիա անթաքոյց կերպով կը ձգտի Եգէականէն Չինաստան համաթուրանական կայսրութիւն ստեղծել:

            Այս եռանկիւնին մէջ դեռ չկան Հնդկաստանը եւ Չինաստանը, որոնք աշխարհի բնակչութեան 1/3ը կը ներկայացնեն: Յառաջիկայ տարիներուն ի՞նչ պիտի ըլլայ ուժերու դասաւորումը, երբ գիտենք որ այդ ուժը միայն երկու մեծերու հակակշռին տակ չէ, կան այլ փառասիրութիւններ ալ, որոնք ունին աւերելու մեծ կարողութիւն:

            Ուքրայինայի տագնապը, Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ համար նոր պայմաններ պիտի ստեղծէ. աշխարհ կը վերադառնա՞յ նոր անունով պաղ պատերազմի վիճակին: Դեռ խաղին մէջ չկան Չինաստանը, Հնդկաստանը, Փաքիստանը, Հիւսիսային Քորէան:

            Կայսերական ախորժակները եւ հոլովուող մարդկայնական սկզբունքները գերանցելով, յիշենք Ալպէր Այնշթայնի սարսափելի միտքը, պատերազմի եւ գլխագրուած Պատերազմի մասին: Ան ըսած է. «Չեմ գիտեր թէ ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ Երրորդ Համաշխարհային Պատերազմը, բայց գիտեմ թէ ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ Չորրորդը. գաւազաններով եւ քարերով»:

            Կը հասկցուի՞ ըսուածը: Իշխանատենչութիւն եւ ծաւալապաշտութիւն մարդկութիւնը պիտի վերադարձնե՞ն նախամարդու վիճակին:

            Զօրավարներու եւ կեղծ-իրաւ խաղաղութեան բանագնացներու սեղանին պէտք է դնել Այնշթայնի սարսափելի խօսքը:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button