Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ գտնուող բոլոր եկեղեցիները հոգեհանգստեան պաշտօն կը մատուցեն Հ․Օ․Մ․-ի մեծ ընտանիքի ընկեր, ընկերուհիներուն եւ բարերարներուն մահուան յիշատակին ։
Այս տարի Փետրուար 27 թուականը յիշատակի օր մըն էր։ Նիւ Եորքի Հ․Օ․Մ․-ի «Մայր» մասնաճիւղի ուխտեալ ընկերուհիները ներկայ էին Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուելու Սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հ․Օ․Մ․-ի մեծ ընտանիքի հանգուցեալ անդամներու յիշատակին։
Հովիւ Տէր Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան յատուկ տողերու մէջ փոխանցեց Հ․Օ․Մ․-ի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ եւ յիշեց, թէ այս կազմակերպութիւնը կը գոյատեւէ, կը ծառայէ եւ պիտի բոլորէ իր 112-ամեակը այս տարի։ «Հ․Օ․Մ․-ը այն կազմակերպութիւնն է որուն միակ նպատակն է ծառայել աշխարհացրիւ հայ ազգին եւ հայրենիքին։ Այս մեծ ընտանիքի ընկերուհիները կ՚աշխատին իրագործելու Հ․Օ․Մ․ ի բարեսիրական նպատակը եւ կատարելով Հ․Օ․Մ․-ի նշանաբանը՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ», ըսաւ ան։
Ներկայ ընկեուհիները մոմավարութեամբ յարգեցին հանգուցեալ Հ․Օ․Մ․-ականներու յիշատակը։
Աւարտին Հ․Օ․Մ․-ի «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարիա Եփրեմեան փոխանցեց Հ․Օ․Մ․-ի խօսքը հայերէնով եւ Լալիկ Վարդանեան՝ անգլերէնով։ Ապա եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան օրհնեց հոգեճաշի սեղանը, որ պատրաստուած էր Հ․Օ․Մ․-ուհիներուն կողմէ։
Հողը թեթեւ գայ հանգուցեալ ընկերուհիներ, ընկերներ եւ բարերաներ ։Կը մնանք միշտ յարգանօք ձեր կատարած գօրծունէութեան։
Մ․ Շամլեան – Եփրեմեան
Նիւ Եորք