Յ. Պալեան
Կանգնի՛ն այրերն ու մայրեր,
Ծերը կանգնի՛, կանգնի՛ տղան.
Ու ամէն ոք Ազգին սիրով լոկ արբշիռ,
Ազգին ոգւով հաղորդուած
Ա՛յնպէս վառի, ապըստամբի, բորբոքի,
Որ Թորգոմայ Տունն ըզգայ
Թէ իր օճախը մարած`
Այսօր հրաբուխ է դարձեր:
«Հայրենիքի Ոգին», Դանիէլ Վարուժան
Թիւով քիչ ենք, մեր հայրենիքը փոքր(ացած) է, բայց ամէն բան յոգնակի է. հայրենիքներ, եկեղեցիներ, բնակավայրեր, նախագահներ, խորհրդարաններ, կառավարութիւններ, յարանուանութիւններ լեզուներ, ուղղագրութիւններ, կուսակցութիւններ, եւ իբրեւ թէ նոյն նպատակին ծառայող կազմակերպութիւններ:
Կը սիրենք յանկերգել միութիւն, որ բանաստեղծի երազած «Թորգոմի Տուն»ն է, պատմութեան ուժը: Կը լսե՞նք բանաստեղծը…
Կոտորակուելով ուժ կը ստեղծուի՞:
Հակառակ ձախողանքներու, քարացած մտայնութիւններով կը շարունակենք կոտորակուիլ:
Ո՞վ է պատասխանատուն կոտորակումներուն. ներքին թշնամին՝ որ մենք ենք:
Տարրական ողջախոհ հայը հասկցած պէտք է ըլլայ, ըլլար, որ որպէս ինքնուրոյն ազգ եւ երկիր կը գտնուինք անհետացման սպառնալիքի դիմաց: Ինքնամտրակում կրնան թուիլ նշումները այն բոլոր ազդակներուն եւ երեւոյթներուն, որոնք նախատեսել կու տան այդ անհետացումը, նոյնիսկ եթէ մեր բաժակաճառային զեղումները, ազգային Ժողովէն մինչեւ խորաններ, հանրաժողովներ եւ երգեր, հակառակը փորձեն ըսել:
Արեւմտահայաստանը կորսնցուցած ենք, օրեր առաջ կորսնցուցինք Արցախը, Հանրապետութեան տարածքը կը կտցեն, արտագաղթը մնայուն ընթացք է, սփիւռք(ներ)ը ամէն օր քիչ մը աւելի կը համարկուի իր կայք հաստատած աշխարհներուն մէջ, մեր ինքնութեան նիւթական եւ հոգեբարոյական խորհրդանիշները կ’աւերուին: Արտաքին աւերող ուժերուն դէմ ձեւական են մեր վերաբերումները, քանի որ ամէն օր ներքնապէս կոտորակուելով անատակ եւ անկարող ենք վտանգ դիմակայելու:
Տոկալու եւ տեւելու համար հողին տէր ժողովուրդ պէտք է, բացակայելով ներկայ չենք կրնար ըլլալ: Տէր ժողովուրդը երբ բազմապատիկ կոտորակումներով է, ուժ չէ: Երբեք որպէս ողբերգութիւն եւ պարտութիւն չենք դիտած մեր ներազգային բաժանումները, քաղաքական, կրօնական, լեզուական, ներսի եւ դուրսի, բազմաթիւ եւ բազմացող կուսակցութիւնները եւ անոնց պառակտումները: Կրկին եւ կրկին պէտք է լսել հայրենի գրող Աղասի Այվազեանի ահազանգը, այն մասին, որ ՄԵՆՔ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ ՉՈՒՆԻՆՔ. «Խօսքը պետականութեան մշակոյթի մասին է, որ այսօր չկայ, իւրաքանչիւրը ստեղծում է իր ուզածը, քաղաքականութիւն է խաղում»…
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) եթէ այսօր չխօսինք, չբանաձեւենք, չընդունինք եւ չգործադրենք ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹը, ազգային, ընկերային եւ քաղաքական բոլոր մարզերու մէջ, ժամանակը, մեր շրջապատը,- բարեկամ եւ թշնամի,- մեզ կը հարթեն, կը դառնանք անցեալ, յիշողութիւն կորսնցուցած անանցեալ խմբաւորումներ:
Պետական մշակոյթ ստեղծելու, ժառանգելու եւ այդ մասին խօսելու համար պէտք է դրոշմուած ըլլալ հայ մշակոյթով, հայ լեզուով եւ հայոց պատմութեամբ: Անոնք կազմաւորող նկարագիր ունին, ազգի, անոր լինելութեան, անոր հայրենիքին, ներկային եւ ապագային նկատմամբ հարազատութեան, տիրոջ եւ ժառանգորդի վերաբերում ստեղծելու համար: Այս վերաբերումը արդիւնքն է ոչ միայն գիտութեան, այլ համապարփակ զգացողութեան: Ես կրնամ շատ լաւ գիտնալ Ամազոնի աւազանի այս կամ այն ցեղախումբի բարքերը, հաւատալիքները, սիրել այդ ցեղախումբի անդամները, նոյնիսկ՝ հիանալ, բայց հարազատութիւն չեմ ունենար:
Լեզու, մշակոյթ եւ պատմութիւն ինքնութիւն կը կազմեն: Առանց անոնց դրոշմին, պետական մշակոյթ եւ անոր հետեւութեամբ ազգային քաղաքականութիւն կը նմանին վարձու սենեակի, վարձու գաղափարի, փոփոխական եւ անհարազատ: Պետական մշակոյթը վարչարարութիւն չէ, քանի որ պետութիւնը դրամատուն չէ, որուն տնօրէնը գիտնալով հանդերձ թիւերու լեզուն, հաղորդութեան մէջ չ’ըլլար ժողովուրդին հետ, կրնայ զայն գնահատել եւ սիրել, բայց մասնակից չ’ըլլար անտարազելի այն զգացողութեան, որ կը միացնէ ժողովուրդի անդամները:
Պէտք է ըմբռնել հողատիրութեան եւ հայրենատիրութեան տարբերութիւնը: Գաղթականը կրնայ կալուածատէր ըլլալ այս կամ երկրին մէջ, նախանձախնդրութեամբ տէր կանգնիլ իր կալուածին, բայց ինք անոր հոգեմտաւոր ժառանգորդը չէ:
Հայրենիքի մէջ կարելի է թիզ մը հող անգամ չունենալ, բայց ինքզինք տէր զգալ այդ հողին: Հայրենատիրութիւնը շարունակութիւն ըլլալու եւ շարունակութիւն կտակելու գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն կ’ենթադրէ:
Հայրենատիրութեան գիտակցութիւնը ենթահողն է պետական մշակոյթին:
Ազգի գոյութենական թնճուկն է հայրենադարձութիւն-սփիւռք-արտագաղթը: Գիտակցուած եւ յանձնառու հայրենադարձութիւնը հայրենատիրութեան փաստ է, ոչ միայն ներքին ճակատի վրայ, այլ նաեւ՝ արտաքին, յայտարարութիւն այն մասին, որ կայ շարունակութիւն եւ իր ինքնութեան տէր ժողովուրդ: Սփիւռքը պարտադրաբար, ժամանակի եւ շրջապատի ազդեցութեան տակ, կը կորսնցնէ իր հայրենատէրի գիտակցութիւնը, իսկ արտագաղթը, ինչ արդարացում ալ ունենայ, հրաժարում է հայրենատիրութենէ: Այս թնճուկը մեր ժողովուրդի լայն հատուածները կը հեռացնէ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹի ըմբռնումէն, անոնք կը դադրին ըստ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹի գործելէ եւ կազմակերպուելէ:
Փաստ է, որ վերանկախացումէն երեսուն տարի ետք կը շարունակենք ապրիլ եւ գործել անկախութիւնը նախորդած ժամանակաշրջանի հոգեմտաւոր քարտէսով: Այս ձախողութիւնն է «ղեկավարութիւններուն», որոնք չյաջողեցան ստեղծել ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ:
Կատարուած իրողութիւնները վերջնական համարեցինք, ինչպէս հայրենահանում-սփիւռքը եւ երկփեղկուած լեզուն ու անոր ուղղագրութիւնը: Փոխարէն, ախտաւոր ապազգային գործնապաշտութեամբ, հայերէնի կողքին երկրորդ կամ երրորդ պաշտօնական լեզու ունենալու մասին մտածեցինք. ռուսերէն, անգլերէն: Ի՞նչ ըրինք եւ կ’ընենք, որպէսզի հայերէնը վերագտնէ իր արմատներու հարազատութիւնը, որպէս բառապաշար եւ ուղղագրութիւն, օտարաբանութիւնները սրբագրէ: Հայաջինջ քաղաքական մտածողութիւնը լրացնելով, սփիւռքը վերջնական համարեցինք, կը համարենք, կ’աճեցնենք, բարեբախտութիւն կը համարենք, ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ չենք կազմակերպեր, որպէսզի չխանգարուինք: Ընկերահոգեբանական կացութիւն, զոր վարժուած ենք կոչել ՔԱՂՔԵՆԻԱՑՈՒՄ, միշ՛տ՝ ներսը եւ դուրսը:
Կրկնութիւն պիտի ըլլայ յիշեցնել, որ բաժանման եւ կոտորակման ամէն օր դիտուող թատրոնն է բազմացած, բազմացող եւ երկփեղկուող հայ կուսակցութիւններու հանդէսը:
Եսերու եւ անսխալականութիւններու տուրք տուող կուսակցութիւներու աճը, եւ լեզուական միութիւն ու հարազատութիւն վերականգնելու մեր անկարողութիւնը փաստ են ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹի բացակայութեան:
Այսպէս պիտի շարունակուի մինչեւ այն ատեն, որ հասնի գիտակցութեան այն պահը, երբ մենք կարենանք ըսել, որ ո՛չ ես եւ ո՛չ ալ դուն իրաւունք ունինք, այլ իրաւունք ունին Ազգը եւ Հայրենիքը: Այն ատեն վերջ կը գտնեն խարխափումները, կը վերականգնենք Հայրենիքը եւ կը վերականգնի Ազգը:
Կը սպասուի ներքաղաքական եւ ազգ մտածող մշակոյթ իրականացնող ղեկավարում, որ, ինչպէս կ’ըսէ բանաստեղծը, «մարած օճախը հրաբուխ դարձնէ»: