Յ. Պալեան
Մի ոտք դնելու տեղ ունենք, որ պիտի պահենք,
ամրացնենք, բայց մերը, կարծես, մերը չէ:
Եւ՝
Կարեւորը, կրկնում եմ, հողը պահելն է,
հողի վրա է հայը հայ մնալու:
Աղասի Այվազեան, հայ գրող, 1925-2007
Հայաստան եւ սփիւռք հայ հանրային կարծիքը ճապաղած է, չես գիտեր ի՜նչ արժէքներու պաշտապանութեան խրամատներ կան, իրենց ապազգային ճշմարտութիւններուն կառչած, սեփական եւ ինքնութիւն լքելով:
Արդեօ՞ք մենք ունինք ազգային-քաղաքական տիրական եւ համապարփակ մշակոյթ, անմիջականի եւ առօրեայի մանրուքներէն անդին, որուն հովանիին տակ կը ծաղկին եւ կը պահուին մշակութային միւս բոլոր արտայայտութիւնները,- ինքնուրոյն լեզու, գրականութիւն եւ արուեստներ:
Քաղաքական մշակոյթ չունինք, չենք մշակած, կարծէք չեն ալ ուզեր մշակել, ընթացիկը վարչականը եւ շաբաթավերջի ժողովներն են, կը մղենք մրցակցական անբովանդակ պայքարներ, կը յառաջանան ինքնակոչ ընտրանիներ, էսթէպլիշմընթներ, կարգախօսը կը շփոթենք քաղաքակական միտքի հետ: Այս ազգային հեռանկար չունեցող քաղաքական մտածողութեան ճահճացում է: Պատճառը ճշմարիտ հրապարակային վիճարկումի չգոյութիւնն է, լուռ համախոհութեամբ հարցերը կը շրջանցենք, կարծեցեալ միասնութիւն՝ եղածը պահպանելու կամ պարզապէս չանհանգստացնող եւ չանհանգստացող ապաքաղաքականացածի (չ)վարքով, այս կամ այն էսթէպլիշմընթին մէջ տեղ մը ունենալու համար:
Վոլթէրի հերոսին պէս կը խորհինք եւ կը գործենք, գոհունակութեամբ կ’ապրինք այնպէս, որ կարծէք կը գտնուինք «աշխարհներու լաւագոյնին մէջ»: Երեւանի ճաշարանները կը յորդին, յուզուած «տուրիստ»-ները կը կ’երթան-կու գան, կը նկարեն եւ կը նկարահանուին, որպէս «հայրենասիրութեան» ապացոյց՝ հիւրանոցներու կամ խորհրդանշական վայրերու մէջ ժողովներ կը գումարուին, արքայական հարսանիքներ կը կազմակերպուին: Սփիւռք(ներ)ը հայրենիքին օգտակար ըլլալու համար տուրիզմ կ’ընէ, դուրսն ալ այս կամ պետական անձի կամ կառոյցի դուռը կը բախէ բարոյական զօրակցութիւն գտնելու համար: Անբնական կացութիւն, զոր ընդունած ենք, կ’արդարացնենք տնաքանդ արտագաղթը եւ հայրենադարձութիւն եւ բնակեցում օրակարգ չենք դարձներ:
Այս մտորումներով տարուած էի, երբ այսօր, համացանցի վրայ կարդացի բանասիրական գիտութիւններու բեկնածու Անահիտ Ադամեանի զրոյցը արուեստագէտ եւ գրող Աղասի Այվազեանի (1925-2007) հետ:
Եթէ գիտնայինք լսել հայ մտաւորականի եւ մտաւորականներու անխարդախ այժմէական խօսքը, անտեսելով քաղաքական համարուած նախաձեռնութիւնները եւ շատախօսութիւնները…
Ազգային վարդապետութիւն է, դոկտրին, Աղասի Այվազեանի միտքը.
«Այսօր էլ մեր հասարակութիւնն ամբողջական չէ: Մենք ամբողջական ազգ չենք: Ատաղձը, առանցքը չունենք: Հայաստանից փախչում ենք: Ղարաբաղից փախչում ենք: Մի ոտք դնելու տեղ ունենք, որ պիտի պահենք, ամրացնենք, բայց մերը, կարծես, մերը չէ: Պատմում են, որ Ադրբեջանի նախագահ Հէյդար Ալիեւին Թուրքիայի նախագահ Սուլէյման Դեմիրելը ասել է. «Հայերն ի՞նչ էին ուզում: Ղարաբա՞ղը: Տայիք: Ուզու՞մ էին միացնել Հայաստանին, թող միացնէին, միայն թուրքերը Հայաստանից դուրս չգային»: Նրանք մեզնից լաւ գիտեն մեզ: Լաւ հասկացել են, որ մեր պորտը եւրոպաներում են կտրել՝ տնից-տեղից կտրուած չափչփելու ենք աշխարհի ճամփէքը եւ մեզ ենք փնտռելու ուրիշների հայրենիքներում»:
Այսպէս, հայրենահանուածներու եւ պատշաճածներու սփիւռքին վրայ գումարուեցաւ եւ կը գումարուի իրենց պորտը եւրոպաներու մէջ կտրած եւ ուրիշներու հայրենիքներու մէջ իրենք զիրենք փնտռողներով: Անցեալին քարտէս մը կար, որուն վրայ կարմիրով նշուած էին ցեղասպանութեան բեմ եղած քաղաքներ եւ շրջաններ: Հիմա պէտք է գծել քարտէս մը, նշելու համար այն վայրերը, ուր հայեր հաստատուած են, կ’երթան հաստատուելու: Կարծէք հրաժարած ենք ըսելէ, որ այդ վայրերը (գաղթականի հանգստավայրերը) հայու հայրենիք չեն: Եւ վերջ տուած ենք հայրենիք չունենալու հոգեկան տուայտանքին: Ի վերջոյ «երկու անգամ պիտի չապրինք» եւ «լաւ ապրելու իրաւունք ունինք»…
Աղասի Այվազեան ինքնաքննադատական հզօր խօսք կ’ըսէ, չի խուսանաւեր.
«90-ականներից կրկնում եմ՝ մենք ունենք շանս եւ շարժումը սկսել ենք զրոյից: Մենք մենք էինք, մենք մեզ ունէինք, ուրիշ բան չունէինք, հող չունէինք, փող չունէինք: Ոտքներիս տակ միշտ օտար հող ենք ունեցել, օտար հողերի վրայ ենք բարգաւաճել: Հիմա ունենք մեր հողը, նոյնիսկ այս արտագաղթի դէպքում առաջ շարժուելու շանս ունենք: Եթէ չարեցինք… Ես պապերիս միշտ հայհոյում եմ: Մենք կարգին, հզօր պապեր չենք ունեցել:»
Ազգային իրաւութենէ բխած ըմբռնումով կը խօսի Աղասի Այվազեան, արտակարգ մտածողութիւն՝ որ ինքնաքննադատութիւն է, իրաւ մտաւորականի եւ ղեկավարի անհրաժեշտ առաքինութիւնը: Խօսած է հայրենատիրութեան մասին:
«Հայաստան պիտի ստեղծենք: Հողը պիտի պահենք: Այս շանսը եթէ չօգտագործենք, երբեք նման շանս չենք ունենայ: Մենք կանգնած ենք հողը կորցնելու շեմին: Իմ յոյսն աշխարհի կազմակերպուածութեան վրայ է: 100 տարի առաջ էսպէս չէր, 50 տարի առաջ էլ էսպէս չէր: Աշխարհը հիմա շատ է կազմակերպուած»:
Կազմակերպել եւ կազմակերպուիլ գիտնալ մշակոյթ է: Հետեւելով Աղասի Այվազեանի մտածման, միթէ՞ պէտք է եզրակացնել, որ մենք այդ մշակոյթը չունինք: Եթէ ունենայինք, կը համադրեէինք եւ կազմակերպէինք մեր կարողութիւնները (պոտենցեալ), նիւթական, իմացական եւ այլ, նոյնիսկ մեր տարտղնուածութեան բացասականութիւնը կը յաղթահարեէինք եւ կը դարձնէինք ուժ:
Աղասի Այվազեան ահանզանգած էր քառորդ դար առաջ. «Մենք կանգնած ենք հողը կորցնելու շեմին»: Ազգային-քաղաքական զգաստութեան հրաւէր պէտք է ըլլայ «հողը կորցնելու շեմին»ը: Կրկին լսենք Աղասի Այվազեանը.
«Յոյս ունեմ, որ աշխարհի կազմակերպուածութեան մէջ կարող ենք խուսանաւել եւ չկորցնել մեր հողը: Կարեւորը հողը չկորցնելն է, որովհետեւ դուրսը դատարկութիւն է: Առաջ կարծում էի, որ կենտրոններ կան, գրողներ կան, ուժեր կան՝ հայկական, ոչ օտար, եւ աշխատում են մեր պետական մշակոյթի համար: Բայց «Հայութիւնը» hրատարակելիս համոզուեցի, որ ինչ կայ, այստեղ է, կենտրոնը մենք ենք, մենք վերացանք, հայութիւնը կը վերանայ: Իսկ կենտրոնը հողն է, հողը պահպանել է պէտք:… Կարեւորը, կրկնում եմ, հողը պահելն է, հողի վրայ է հայը հայ մնալու»:
Եթէ այս հասկնայինք, արտագաղթ չէր ըլլար, կ’ըլլար հայրենադարձութիւն, այն պարզ եւ անշեղ ողջմտութեամբ, որ «հողի վրայ է հայը հայ մնալու»:
Հայ ազգային միտքին համար առաջնորդող կ’ըլլա՞յ Աղասի Այվազեանի հետեւեալը, գերիվեր ընթացիկ մեր եսերը շոյող մշակոյթներէ: Գրագէտ եւ արուեստագէտ Այվազեան չի բաւարարուիր իր կացութեամբ եւ յաջողութեամբ, կ’ըսէ.
«Կայ մեծ մշակոյթ, գրականութիւնը չէ, երաժշտութիւնը չէ, ճարտարապետութիւնը չէ, պետականության մշակոյթն է՝ ամենաբարդ մշակոյթը, որ ստեղծում է մնացած մշակոյթները: Մենք չունենք այդ մեծ մշակոյթը: Մենք ստեղծում ենք մեծ գրականութիւն, մեծ երաժշտութիւն, մեծ ճարտարապետութիւն, բայց առանձին-առանձին, որ չեն դառնում մեծ մշակոյթ, որն ունի կոմպոզիցիա, արխիտեկտոնիկա: Ունի հեղինակ: Ռուսաստանն ունեցաւ իր մեծ մշակոյթի հեղինակին, ունեցաւ Պետրոս Մեծ, որ ստեղծեց ժողովուրդ, ստեղծեց քաղաքներ, ստեղծեց լեզու, Պուշկին ստեղծեց, եւ յետոյ եկաւ նոր Ռուսաստանը: Խօսքը պետականութեան մշակոյթի մասին է, որ այսօր չկայ, իւրաքանչիւրը ստեղծում է իր ուզածը, քաղաքականութիւն է խաղում» (ընդգծ.Յ.Պ.):
Գրողը խօսած է: Բայց մեր ժողովուրդը չէ լսած, չի լսեր: Ներսը եւ դուրսը, «իւրաքանչիւրը ստեղծում է իր ուզածը, քաղաքականութիւն է խաղում»:
Մտաւորականութիւնը պիտի հակազդէ՞ եւ առաջնորդէ՞ հանրութիւնը, որ խաղալիք չըլլայ քաղաքականութիւն խաղցողներուն, որուն թատրոնը անհաշիւ դարձող եւ ամէն օր աճող կուսակցութիւններն են, եւ ողջախոհական հրաշք աստեղային պահու մը վճռէ եւ պարտադրէ ճիշդ անձը դնել ճիշդ դիրքի վրայ:
Այդ կ’ըլլայ պետական մշակոյթի ստեղծան դարագլուխ բացող յաղթանակ եւ այն ատեն մեր վաղը այսօրուընէ լաւ կ’ըլլայ: Յաղթանակ, որպէսզի դադրինք յաջողութիւն համարելէ ուրիշի դրան առջեւ կանգնիլն ու սպասումը:
Քաղաքական մշակոյթով պէտք է վերականգնել պետականութեան մշակոյթը, որուն ամրացման սիւներէն մին մեր լեզուն է, որուն համար Աղասի Այվազեան կ’ըսէ. «Շատ քիչ ազգեր ունեն էսպիսի հանճարեղ լեզու: Բայց մեր ժողովուրդը չի ընդունում իր լեզուն՝ ինչ լեզուով ասես կը խօսի ու արհամարհանքով կը նայի իր լեզուին, ոնց որ իրենը չլինի»: Այնքան ճշմարիտ է իր խօսքը, Հայաստան եւ գերաճող սփիւռք: Եթէ այդպէս չըլլար, Հայաստան ընկերութեան վերնախաւէն (էլիդա) մինչեւ շարքային հայը վարակուած չէին ըլլար հայերէնի վրայ կպցնելով (ոչ իսկ պատուաստելով) հազարաւոր օտար բառեր: Ինչ որ անձնատուութիւն է, գործածական դարձած բառով՝ կապիտուլացիա:
Տասնեակներով կուսակցութիւնները, մանաւանդ՝ ժողովոուրդը, կը լսե՞ն Աղասի Այվազեանները: