ՎԱՐԴԱՆ, ՎԱՍԱԿ, ՀԱՒԱՏՔ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

0 0
Read Time:4 Minute, 29 Second

Ա.Ա.

Վարդանանց պատերազմը քրիստոնէական հաւատքի պահպանման համար մղուած պայքար է։ Ասիկա կարելի չէ ոչ մէկ կերպով ժխտել։Երբ նկատի կ՛ունենանք 450- 451 տարիներու դէպքերուն զարգացման հոլովոյթը, առաւել քան յստակ կը դառնայ ապստամբութիւն սկսելու եւ անկէ հրաժարելու երկու ճակատներու ստեղծման պայմաններուն իսկական դրդապատճառները, որոնք սակայն բնաւ չեն կրնար խաւարի տակ ծածկել Վարդանանց պատերազմը քրիստոնէական հաւատքին համար մղելու իրողութիւնը։ Հարցը այն է, որ բաւարար չեն Հայոց առաջին մարզպանին՝ Վասակ Սիւնիի դէմ վճիռներու կայացման մէջ որոշ թիւրիմացութիւնները եւ սխալ հասկացողութիւնները ժամանակին ընթացքին փոքրաթիւ բանասէրներու եւ պատմաբաններու կողմէ գիտական քննարկումները, որոնք բարեբախտաբար բաւական լոյս սփռած են տուեալ ժամանակահատուածին մէջ հայ քաղաքական իրավիճակին եւ անոր ստեղծման պայմաններուն վրայ, ուր կեդրոնական դերակատարութիւն ունի Յունաստանի Թէոդոս կայսրը, որ ըստ ականաւոր պատմաբան, բանասէր եւ գիտնական Նիկողայոս Ադոնցի, մասնակից էր շարժման եւ օգնութիւն խոստացած էր, որպէսզի հայերը,անմիջական դրացիներուն՝ Վրաց, Աղուանից եւ Աղձնեաց աշխարհներուն հետ, միահամուռ ուժերով թօթափեն պարսկական լուծը։ Սակայն Յուլիս 28, 450-ին կը մահանար Թէոդոս կայսրը, եւ ապստամբութեան ծրագիրը կը կասեցուէր, որովհետեւ անոր յաջորդը Մարկիա, որոշեց չապակայունացնել Արեւելքի խաղաղութիւնը՝ հայերու պատճառով։

Այս պատճառով ալ յունամէտ եւ պարսկամէտ նախարարներու միջեւ ուխտը քակուեցաւ։ Հայկական մինչ այդ միացեալ ճակատը բաժնուեցաւ երկու մասի։ Առաջինը՝ գլխաւորութեամբ Վարդան Մամիկոնեանի եւ Ներշապուհ Արծրունիի, ջանաց շարունակել ապստամբութիւնը։ Երկրորդ ճակատը՝ գլխաւորութեամբ մարզպան Վասակ Սիւնիի եւ Տիրոց Բագրատունիի, որոշեց կասեցնել եւ հրաժարիլ ապստամբութենէն։

Հոս անմիջապէս պէտք է յիշել նաեւ շատ կարեւոր հանգամանք մը։ Վարդանանց պատերազմին պատմագիրները՝ Ղազար Փարպեցին եւ Եղիշէն են։ Առաջինը սերտ կապեր ունէր բաւական ուժի եւ հեղինակութեան տէր Մամիկոնեան ազնուական գերդաստանին հետ։ Երկրորդը՝ Եղիշէ, որ մասնակից է Աւարայրի ճակատամարտին, ըստ աւանդութեան, եղած է Վարդան Մամիկոնեանի գրագիրը։ Մինչ Ղազար Փարպեցի մեծ ճիգ կը թափէ համոզելու համար, որ ապստամբութեան գաղափարը յղացողը, կազմակերպողը եւ գործադրողը Վարդան Մամիկոնեանն է, Եղիշէ բացարձակապէս համոզուած է, որ ապստամբութեան կազմակերպիչն ու ղեկավարը եկեղեցական խումբն է, որ մինչեւ վերջ պահեց ղեկավարութիւնը։ Ըստ Եղիշէի, Վարդան Մամիկոնեան հրապարակ իջաւ՝ եկեղեցականներուն կողմէ ապստամբութեան դրօշը պարզուելէն եւ խռովութիւնները սկսելէն ետք։

Որպէսզի պատկերը առաւել յստականայ, կ՛արժէ անդրադառնալ Եղիշէի եւ Փարպեցիի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ ապստամբութեան ծագման եւ անոր կապուած հանգամանքներուն մասին։

Եղիշէի համաձայն, Պարսկաստանի մայրաքաղաք Տիզբոն գտնուող տասը մեծ նախարարները, երբ երեսանց քրիստոնէութիւնը ուրացան Յազկերտ Երկրորդին դիմաց, անոնց հետ գտնուող հայ քահանաները անմիջապէս սուրհանդակներ ղրկեցին Հայաստան՝ հայ նախարարներուն ուրացման լուրը եպիսկոպոսներուն փոխանցելու համար։ Նախարարները Հայաստան չհասած՝ եպիսկոպոսները ամբոխները գործի լծեցին, յարձակեցան պարսկական կեդրոններուն վրայ, ատրուշանները կործանեցին եւ պարսիկներ սպաննեցին։ Նախարարները երբ Հայաստան վերադարձան, արդէն իսկ ապստամբութիւնը սկսած էր։

Ղազար Փարպեցի այլ պատմութիւն մը ունի պատմելիք։ Ան քար լռութիւն կը պահէ ժողովրդային ապստամբութեան մասին, որ պայթած էր տասը նախարարներուն Հայաստան վերադառնալէն առաջ։ Նախարարներուն հետ Հայաստան վերադառնալէ ետք, Վարդան Մամիկոնեան որոշեց հեռանալ Հայաստանէն եւ իր ընտանիքին անդամները հաւաքելով՝ ճամբայ ելաւ դէպի Յունաստան։Իշխաններ Վարդան Մամիկոնեանը Հայաստան վերադարձուցին՝ անոր ետեւէն մարդ ղրկելով։Ապա գարունը գտաւ եւ ամրան տաք օրերուն, Ծաղկոտն գաւառի ամառանոցին մէջ Վարդան իր շուրջ հաւաքեց իշխաններ եւ եպիսկոպոսներ, որոնց առաջարկեց «քալել լոյսի ճամբէն եւ լոյսի զաւակներ կոչուիլ»։

Սակայն այնքան ալ կարեւոր չէ, թէ որ պատմագրին փոխանցած տեղեկութիւնն է ճիշդը։ Խնդիրը այն է, թէ Վարդանանց պատերազմը Վասն Հայրենեաց եւ Հաւատի կոչելու ճիգը իսկապէս իր ամբողջական իմաստն ու խորքը կը ստանայ, երբ հանգամանօրէն ուսումնասիրենք նախապատերազմեան շրջանը եւ… Համիտեան բռնապետութեան հանգրուանը։ Աւելի յստակ ըլլալու համար՝ Արշակունեաց թագաւորութեան աւարտէն՝ 428-էն ետք Հայաստանի մէջ արձանագրուած զարգացումներն ու իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուլթան Ապտիւլ Համիտի բռնապետական լուծը, որովհետեւ Հաւատքի համար մղուած Վարդանանց պատերազմը Համիտեան շրջանին է, որ Ազգային տօնի մը բովանդակութիւնը ստացաւ, որովհետեւ հայ եկեղեցին սկսաւ փառաւորապէս տօնել եւ նշել Վարդանանց պատերազմը՝ փառաշուք հանդէսներով, երբ նոյն եկեղեցին իր հիմնադրին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի յիշատակին նուիրուած հանդէս մը իսկ չէ կազմակերպած հարիւր տարին անգամ մը, հակառակ անոր որ եկեղեցական օրացոյցին մէջ երեք տօն յատկացուցած է Լուսաւորիչին։

Իսկ Վարդանանց դէպքեուն կապուած զարգացումներուն մէջ գլխաւոր դերակատարները Պարսկաստանի Միհրներսեհ հազարապետը, Մեսրոպ Մաշտոց եւ անոր գործակիցները, Յազկերտի կողմէ Հայաստան առաքուած Դենշապուհ բարձրագոյն յանձնակատարը եւ դժբախտաբար…ինչպէս Մովսէս Խորենացի կը նշէ հայ բոլոր նախարարներն են, որոնք 428-ին ուղղուեցան Պարսկաստան, ներկայացան Վռամ թագաւորին եւ անկէ պահանջեցին վերջ տալ Արշակունեաց հարստութեան։Նման քայլի մը պատճառն ալ կեդրոնախոյս նախարարներու աւատապետական ախորժակներն էին, զորս զսպելու արդիւնաւէտ ճիգեր կատարած էր Պապ թագաւորը՝ Արշակ երկրորդի եւ Փառանձեմի զաւակը։ Մօտաւորապէս հարիւր տարուան սուր պայքար մը՝ նախարարներու եւ Արշակունի թագաւորներու միջեւ, պատճառ դարձաւ, որ ՀԱՅ նախարարները Տիզբոն երթան եւ պահանջեց Հայոց Թագաւորութեան անկումը։

Վարդանանց պատերազմին դրդապատճառներուն կապուած քաղաքական զարգացումները բազմաթիւ են։ Այս յօդուածն ալ բնաւ յաւակնութիւնը չունի անոնց մասին ամբողջական պատկեր մը ուրուագծելու։ Ատիկա մասնագէտներուն գործն է։Կարեւորը հետեւեալն է։ Երրորդ դարու վերջերուն Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը ջանար գտնել զէնք մը,որ կարենար դէմ դնել պարսիկներու պետականացած կրօնին։ Ինչպէս Զրադաշտականութիւնը վերածուած էր պետութեան գոյութիւնը եւ պարսիկներու ինքնութիւնը շեշտադրող եւ պաշտպանող ուժեղ կրօնի մը, հայութեան ղեկավարներն ալ փնտռեցին եւ յաջողեցան գտնել հաւատքի զէնքը՝ քրիստոնէութիւնը, որուն միջոցով յաջողեցան հայութեան տալ ինքնուրոյն դիմագիծ եւ ինքնութիւն։

Ապա հայ գիրերու գիւտը կատարուեցաւ, որովհետեւ կարելի չէր յունարէնով եւ ասորեներէնով հայ ժողովուրդին ազգային դիմագիծը եւ ինքնուրոյնութիւնը պահպանել։ Ահա երկրորդ կարեւոր զէնքը կը տրուէր հայութեան։Իսկ մինչեւ 451, քանի մը կարեւոր իրադարձութիւններ առաւել ամրապնդեցին հայութեան դիրքը եւ ամրագրեցին անոր անկախութեան ձգտումները։ Ասոնց գլխաւորներէն մին Պապ թագաւորի որոշումն էր՝ հայ կաթողիկոսները ոչ թէ Կեսարիոյ, այլ Հայաստանի մէջ ձեռնադրուելու վերաբերեալ, որ վերջնականապէս հայ եկեղեցին կ՛անկախացնէր եւ կը վերածէր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, իր ամբողջական իմաստով։

Հայութիւնը իր պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն իսկապէս կարիքը ունեցած եւ յաջողած է ստեղծել հերոսներ,որոնք պայքարած են՝ պահպանելու համար հայոց ինքնութիւնը եւ դիմագիծը։ Վարդանանց սերունդը, անոնք ըլլան զօրավար, հազարապետ, գնդապետ, զինուոր, քահանայ, սարկաւագ, կաթողիկոս թէ պարզ քաղաքացիներ, այդ հերոսներուն փաղանգին կը պատկանին, որովհետեւ պայքարը հայոց ազգային դիմագիծի պահպանման համար մղեցին եւ յաջողեցան։ Մենք բոլորս՝ պետական այրեր, կուսակցական ղեկավարներ, հոգեւորականներ, մտաւորականներ, զինուորներ, թէ հայ քաղաքացիներ, այս իմաստով դասեր ունինք քաղելիք Վարդանանց սերունդէն։

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles