Յօդուածներ

«Եւրոնեսթ»-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովին` Ցոյց

ԵՐԵՒԱՆ.- Փետրուար 22-ին, մարզահամերգային համալիրի շէնքին առջեւ, ուր կը գումարուէին «Եւրոնեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնաժողովներու նիստերը, տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց:

Պատուիրակներու կարգին երկու ներկայացուցիչներ կային, նաեւ Ատրպէյճանէն՝ Թահիր Միրքիշլի եւ Սուլթան Մահմետով:

Ցուցարարները իրենց ցասումը յայտնեցին եւրոպական պատուիրակութիւններուն` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութեան շարունակական դրսեւորումներուն համար: Բողոքի ցոյցին մասնակցեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնը, որ աւելի կանուխ յայտարարութիւն տարածեց՝ կոչ ուղղելով մեր հայրենակիցներուն մասնակցելու այս ցոյցերուն:

Ատրպէյճանցի պատգամաւորներուն Հայաստան այցելութիւնը դատապարտեցին նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի «Արդարութիւն», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button