ՉԿԱՅ ՔՆՆԱԴԱՏԵԼՈՒ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ, ԿԸ ԾՆԻ ԲՌՆԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Յ. Պալեան
Էջին դիմաց՝ զրուցելու ցանկութեամբ. ինքզինքիս եւ այլոց հետ:
Զրուցել՝ գիտնալով որ ճշմարտութիւնը զրոյցով կը ծնի: Այդպէս կ’ընէր Մեծն Սոկրատ, որ «ղեկավար» չէր:
Մեր ներազգային այլեւս սովորական դարձած խռով վիճակէն պահ մը հեռանալով, կը փորձեմ մտածել, թէ ի՞նչ կ’ընենք, ո՞ւր հասնելու համար, աճեցնելով մեր ներքին բազմաբնոյթ պառակտումները, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Այս ընելու համար, մեզմէ իւրաքանչիւրը, համեստութիւն եւ քաջութիւն պէտք է ունենայ, իր իրաւ կամ կեղծ պատուանդանէն իջնելու, իրատեսութեամբ դիտելու ինքզինք եւ միւսները, միշտ յաւելեալ պարտքի գիտակցութեամբ եւ ո՛չ յաւելեալ իրաւունքի: Այս ճիգը եթէ ընենք, ան կ’ըլլայ ներազգային հանդուրժողութեան եւ անոր հետեւող համագործակցութեան ուղին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Խօսքը կը վերաբերի քննադատութեան, ո՛չ հայհոյանքի, ո՛չ ուրացման, ո՛չ սեւացրէ՛քի: Քննադատել՝ միշտ ինքնաքննադատութեան կառուցողական լոյսին տակ, յայտնաբերելու համար լաւը, դրականը, օգտակարը, բացասականութիւններու յաղթահարումը:
Քննադատութիւն եւ ինքնաքննադատութիւն երբ միասին գործեն, անհատը եւ ընկերութիւնը կ’առաջնորդեն յառաջդիմութեան եւ բիւրեղացման ճանապարհով, այսինքն՝ կ’երթանք դէպի դրականութիւն, կը տեսնենք ինչ որ մեզ կը միացնէ, ո՛չ ինչ որ մեզ կը բաժնէ: Պէտք չէ յուսահատիլ. նախախնամական եւ անփոխարինելի կուռքերէն անդին, միշտ եղած են եւ կան պարկեշտ մարդիկ, իրենց կենցաղով, գործով եւ խօսքով, որոնք ըրած են, կրնան ընել եւ կ’ընեն նախ իրենց ինքնաքննադատութիւնը, որմէ ետք կարելի կը դառնան իրա՛ւ ծառայութիւնը, թերեւս նաեւ անոր յաջորդելու միտող՝ յաջողութիւնը:
Ի հարկէ, քննադատութիւն եւ ինքնաքննադատութիւն խօսքէն եւ տպուած թուղթէն անդին պէտք է երթան, եւ յայտնուին կեանքի մէջ: Խրամատներէն մէկը միւսին դէմ կրակոց ըլլալէ տարբեր ըլլան: Անոնց իրականացումը հեզասահ չէ, կը խանգարէ, ամէն բնոյթի ինքնագոհութիւնները: Անոնք ընկերութեան կեանքին եւ յառաջդիմութեան շնչառութիւնն են:
Քննադատութիւնը սնափառութեան ծառայող չարախօսութիւն է, երբ միաժամանակ ինքնաքննադատութիւն չէ, այսինքն երբ անկարող ենք քննադատութեան քննադատութիւնը ընել, երբ հիւանդագին կերպով կ’ապաստանինք անսխալականութեան երեւակայական պատերու ետին: Այս խնդիրը զբաղեցուցած է բոլոր ժամանակներու իրա՛ւ մտաւորականները եւ ղեկավարները: Միշտ հարց եղած է այն, որ երբ քննադատութիւնը այլասերի, կը դառնայ չարախօսութիւն եւ նախանձ, ծառայելու համար սնափառութիւններու եւ ո՛չ մարդոց եւ ընկերութեան:
Քննադատութիւն եւ ինքնաքննադատութիւն չարութիւն եւ ձեւականութիւն պէտք չէ ըլլան, իրաւութիւն եւ յաջողութիւն նուաճելու համար պէտք է որ ունենան մարդկային եւ բարոյական խորք, այսինքն՝ գերանցում եսի: Սովորաբար քննադատութիւն կ’ընենք ինքնարդարացման համար, կը թաքցնենք մեր թերացումները, լուսարձակի տակ կը բռնենք ուրիշի թերացումները:
Անցած դարու մեծ գիտնական Ալպէր Այնշթայն, մեզմէ իւրաքանչիւրի բացորոշ կամ թաքուն հետապնդած յաջողութեան մասին այնքա՜ն խորիմաստ խօսք ըսած է. «Յաջողութիւնը կու գայ հետաքրքրութենէ, կեդրոնացումէ, յարատեւութենէ եւ ինքնաքննադատութենէ»: Այսինքն յաջողութիւնը արդիւնքը պիտի ըլլայ ոչ թէ զանազան բնոյթի եսերու,- հպարտութիւն, ընչաքաղցութիւն, տիրապետելու կիրք,- այլ իմաստութեան նուաճում, հետաքրքրութեամբ, յարատեւութեամբ եւ ինքնաքննադատութեամբ, ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներուն, ըլլայ գիտութեան թէ քաղաքականութեան:
Ի հարկէ քննադատական միտքը պէտք չէ շփոթել տեսակէտ եւ կարծիքներ արդարացնելու միտող սոփեստական փաստարկութիւններու հետ, որոնցով կը սնանին լրատուամիջոցները, կամ ինչպէս դատարանի մէջ, պաշտօնի բերումով, ոճրագործի պաշտպան փաստաբանը կ’ընէ: Կեցուածքներ որդեգրել, որոշումներ կայացնել կամ անոնց հետեւիլ առանց պարկեշտ քննադատութեան (նաեւ ինքնաքննադատութեան), վաղ թէ ուշ կը յանգեցնեն սխալներու կամ դատարկութեան: Այս ըմբռնումով պէտք է խօսիլ եւ գրել, նպատակ ունենալով ճշմարիտի, իրաւի եւ մարդկայինի յայտնաբերումը, ոչ զանազան բնոյթի բռնացումներու սպասարկելու շահախնդրութիւնը, քաղաքական, կրօնական, բարոյական, թէ տնեսական:
Միշտ մտածելով՝ որ ոչ ոք ճշմարիտի եւ բացարձակի մենաշնորհը ունի: Յաճախ կը մտածեմ Փասքալի իմաստուն խօսքին մասին. «Մարդը ո՛չ հրեշտակ է ո՛չ անասուն, եւ երբ կ’ուզէ հրեշտակ ըլլալ, կը դառնայ անասուն»: Այս ըմբռնումով է, որ անվիճելի ճիշդի մարգարէները եւ նոյնքան անվիճելի սխալներ դատափետողները, միշտ պէտք է մտածեն, որ ինքնաշնորհուած իրաւունքով կ’ուզեն տիրել հոգիներու, գաղափարներու եւ կեանքերու, եւ ըլլալ հրեշտակ, կ’ըլլան անասուն, տխմար, բռնատէր, չարագործ:
Իմաստութիւն է գիտնալ, որ ոչ ոք տիեզերական ճշմարտութեան մարգարէն է, հետեւաբար՝ քննադատելէ ետք պէտք է ընդունիլ քննադատութիւնը, աւելի ազնուական՝ ինքնաքննադատութիւնը: Քննադատութիւնը կ’այլասերի, երբ ինքզինք կը դաւանի որպէս անսխալական: Տեսական հաւասարութեան վրայ հիմնուած կարծիքի հաւասարութիւնը, որ կը բանաձեւուի որպէս ժողովրդավարութիւն, անպայման հաւասար չէ նապաստակին, որ հաւասար չէ առիւծին: Յիշել Լա Ֆոնթէնի առակը. ինչ ալ ըլլան գորտին փառասիրութիւնները, ան երբեք եզ պիտի չըլլայ:
Քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան բացակայութեան կը զարգանան յուսահատութիւնը, բարենորոգման եւ յառաջդիմելու անկարողութիւնը: Ընկերութիւնը շնչահեղձ կ’ըլլայ ընդհանրութիւններու մէջ, կանգ կ’առնէ ստեղծագործական միտքը եւ նորոգուելու ցանկութիւնը: Սովորաբար կ’ըսենք՝ լճացում:
Ընկերութիւններու առողջացման եւ համամարդկային յառաջդիմութեան համար, կենսական է հանդուրժողութիւնը, ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, թաղէն մինչեւ երկիր, մինչեւ միջազգային յարաբերութիւններ: Այս ընելու համար, առաջին հերթին քաղաքական գործիչներ եւ ամէն կարգի «ղեկավարներ» պէտք է յաղթահարեն զիրենք ապրեցնող եւ կրծող գլխաւոր ախտը, զոր այնքան դիպուկ կերպով բնորոշած է ԺԹ դարու զուիցերիացի իմաստուն Հանրի-Ֆրետերիք Ամիէլ: Ան ըսած է. «Հպարտութիւն եւ ստորութիւն, ահա մեծագոյն շնորհները քաղաքական մարդոց»: Արդարեւ, դիրք գրաւելու համար մարդիկ ինչե՜ր կ’ընեն եւ ինչպիսի՜ խաղքութիւններու կը դիմեն: Կը բաւէ հետեւիլ լրատուամիջոցներու ամէն օր կեր հայթայթող մեծերու եւ պզտիկներու մեծ ու պզտիկ ընտրապայքարներուն:
Անցեալ դարու ֆրանսացի մտաւորական Էտկար Մորէն ընկերութեան համար օգտակար կը համարէ իմաստասիրութեամբ (փիլիսոփայութեամբ) առաջնորդուիլ: Ըստ իրեն, «իմաստասիրութիւնը սոսկ կրթական ծրագիր մը չէ, ան հարցադրման եւ մտածման հզօրութիւն մըն է, որ կը վերաբերի ո՛չ միայն գիտութիւններու եւ մարդկային կացութեան, այլ նաեւ կեանքի մեծ հարցերուն: Այս իմաստով, իմաստասէրը պարտի ամենուրեք առաջ մղել քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան կարողութիւնը, որոնք անփոխարինելի թթխմորներն են յստակատեսութեան, եւ ամենուրեք քաջալերել մարդկային հասկացողութիւնը, որ մշակոյթի գլխաւոր պարտականութիւնն է»:
Յիսուսի իմաստութիւնը քաղաքական իմաստութիւն է, եթէ իմանալ գիտնանք. «Թող առաջին քարը նետէ ան որ բնաւ չէ մեղանչած»:
Որպէսզի չծնին չարիք եւ բռնակալութիւն, քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան պէտք է տալ մարդկային եւ բարոյական իրաւ որակ, որ չըլլայ ամբոխ զուարճացնող բեմական եւ հիմա՝ հեռատեսիլային խօսք:
Ընդհանրապէ՛ս:
Նաեւ բազմատեսակ անարդարութիններու եւ պառակտումներու ցանցին մէջ բռնուած մեր ժողովուրդի պարագային, ի հարկէ միշտ՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):