Կիրակնօրեայ Ընթերցումներ (33).- Յաւելադիր Բաղաձայններ
Արմենակ Եղիայեան
Ի վաղուց անտի հայերէնի մէջ գոյութիւն ունեցած են բառեր, որոնք իրենց ծոցին մէջ կը կրեն ոչ-արմատական՝ յաւելադիր բաղաձայններ, որոնց դերը երբեմն կռահելի է, իսկ երբեմն ալ անծանօթ է: Ստորեւ պիտի տեսնենք այպիսիներէն փունջ մը:
1.Կիրակնօրեայ
Ասոնց տիպարը եւ ամենացայտունը կիրակնօրեայ բարդ ածանցաւոր բառին մէջ բուսած «ն» բաղաձայնն է, որ կը գտնենք աշխարհաբարի մէջ միայն:
Բառիս առաջին արմատն է կիրակի, որուն ի ձանաւորը սղած է՝ տեղը տալով անծանօթ ն-ի մը: Այս այսպէս ըլլալով՝ լեզուն ինչո՞ւ ստեղծած է զայն:
Յստակ չենք գիտեր. կարելի՞ է թերեւս ըսել, որ այսպէս աւելի բարեհունչ է ան, քան առանց ն-ի՝ կիրակօրեայ: Թէեւ այս ալ գիտենք, որ բարեհնչութիւնը քիչ մը ենթակայական հասկացութիւն է. մէկուն բարեհունչ թուողը կրնայ միւսին խժալուր թուիլ. օրինակ՝ ամէն ինչ որ տողերս գրողին բարեհունչ կը թուի, «Ազդակ»-ի քաղաքական էջին կը թուի… անբարեհունչ ու մերժելի:
Գալով բառիս բաշխումին՝ զայն կը գտնենք շատ վաղուց եւ հաւասարապէս թէ՛ արեւելահայերէնի, թէ՛ արեւմտահայերէնի մէջ:
Եւ այս չէ միայն:
Քանի փորձանքը առանձին չի գար. մէկը դուռ կը բանայ միւսին:
* * *
Բանաւոր խօսքի մէջ՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ, ընթացիկ կը կիրարկենք դրացնութիւն, որ կը կրէ նոյն վերջաբոյս ն-ն՝ դրացի-ն-ութիւն: Շատ սովորական է հանդիպիլ «դրացին» ըսողներու, որ կու տայ դրացինը-դրացինին-դրացինէն-դրացինով, ճիշդ ինչպէս բագին-բագինը, դարբին-դարբինը, կաղին-կաղինը:
Իսկ հիմա… եղածներուն վրայ «Ակօս»-ը աւելցուցած է նոր փորձանք մը՝ շաբաթնօրեայ բառը, այսինքն՝ շաբաթ-ն-օրեայ (26-11-21):
Ճիշդ ի՞նչ կարիքէ մղուած մեր պոլսեցի հայրենակիցները հնարած են այս բառը,− չենք գիտեր: Մինչ կիրակնօրեայ-ն մարսելի է,− ան շատ վաղուց մարսուած է,− ապա ունինք այն տպաւորութիւնը, թէ շաբաթնօրեայ այնքան ալ դիւրամարս չէ, կարծես կոկորդիդ կը փակի ու վար չ’երթար, մինչ շատ աւելի հեզասահ է շաբաթօրեայ կանոնական ձեւը:
Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ շաբաթնօրեայ-ն յառաջացած է կիրակնօրեայ-ի կոյր, մեքենական կապկումով, որ լեզուաբանութեան մէջ ծանօթ է «վարակում» անունով: Այս այն երեւոյթն է, ուր բառ մը կը ձեւաւորուի ըստ իրեն յարակից այլ բառի կամ բառերու. օրինակ՝ պատմական ութ բառը հակամէտ ենք արտասանելու ութը՝ զինք շրջապատող միւս բառերուն մղումով՝ եօթը-ութը-ինը-տասը: Արեւելահայերը բարձր-ին ազդեցութեամբ կ’ըսեն նաեւ ցած-ր:
Նոյն ծիրէն ներս յառաջացած է ցերեկ-ն-ային բառը, որ թէեւ կը բացակայի մեր բառարաններէն եւ սակայն լայն կիրարկութիւն ունի գոնէ արեւմտահայերէնի մէջ՝ բանաւոր թէ գրաւոր[1]: Այս ալ պատճէնուած է իրիկնային-ի վրայ, որուն «ն» բաղաձայնը, անշուշտ, արմատական է՝ իրիկուն-իրիկնային:
- Յօրանջ
Յաւելադրութիւններու բաւական լայն ցանց մը կը գործէ հայերէնի մէջ հոն, ուր երկու անհամատեղելի ձայնաւորներ կը յաջորդեն իրարու. օրինակ՝ երբ կը հոլովենք ա ձայնաւորով վերջացող բառ մը, մասնաւորաբար յատուկ անուն մը, ապա հոլովական վերջաւորութեան ու ա-ին միջեւ կ’աւելցնենք յ բաղաձայնը. այսպէս՝
Արա > Արա-յ-ի, Արա-յ-է, Արա-յ-ով,
Իտալիա>Իտալիա-յ-ի, Իտալիա-յ-է, Իտալիա-յ-ով:
Այսպէս է, որովհետեւ ա եւ ի հնչիւնները հայերէնի համար անհամատեղելի են, կը յառաջացնեն արտասանական խորթութիւն մը, որ ծանօթ է յօրանջ անունով, լատիներէն՝ hiatus: Յօրանջը մեղմացնող յ տառը կը կոչուի «ձայնակապ»:
Անդին այլ ձայնաւորով, առաւել եւս բաղաձայնով վերջացող բառերուն ետին կ’աւելցնենք մի՛այն հոլովական մասնիկը՝ առանց այդ յ ձայնակապին. օրինակ՝
Արփի > Արփի-ի, Արփի-է, Արփի-ով,
Ծառ > ծառ-ի, ծառ-է, ծառ-ով:
Ձայնակապի բաւական ուրոյն կիրարկութիւն մը կը ներկայացնեն եան-ով վերջացող բառերը՝ Շառո-յ-եան, Աղա-յ-եան, որոնց ծալքերը այնքան ալ ծանօթ չեն արդի հայուն:
Հարցը հետեւեալն է. եան տառախումբը գրաբարի մէջ կ’արտասանուէր éan (էան) եւ ոչ թէ yan (յան), եւ մեր նախնիները ստիպուած էին ձայնակապ մը աւելցնել, այլապէս Շառո-éan կամ Աղա-éan անարտասանելի պիտի դառնային. միայն այդ յ ձայնակապը արտասանելի կը դարձնէ այսպիսիները՝ Շառո-յéan եւ Աղա-յéan: Այլ խօսքով՝ մենք պարզապէս կը յարգենք մեսրոպեան ուղղագրական աւանդոյթ մը. այս աւանդոյթին մէկ զոհն է ախոյեան սխալ ձեւը, որ պէտք է ըլլայ ախոյան:
Մինչդեռ արեւլահայերը, որ մեսրոպեան ուղղագրութեան հոգը չունին, թեթեւ ձեռքով ու միտքով կը գրեն Շարոյան, Աղայան, Գայայան, ախոյան:
3.Գրաբարեան ձայնակապեր
Ձայնակապերու բաւական լայն ցանց մը՝ հ, յ, ւ, վ, կը կիրարկէր գրաբարը մասնաւորաբար յատուկ անուններու մէջ՝ մեղմելու համար սեմական յօրանջները.
Աբրաամ >Աբրա-հ-ամ (Abraam, Avraám, ’Αβραάμ)
Բաալ >Բա-հ–աղ (Baal-bek, بعل)
Աարոն >Ա-հ–արոն (Aaron, ’Аαρών)
Կաէն >Կա-յ-էն (Caïn, Κάιν)
Իսրաէլ >Իսրա-յ–էլ (Israël, ’Іσραήλ, إِسْرَائِيل)
Ռաֆաէլ >Ռաֆա-յ–էլ (Raphaël, ’Рαφαήλ)
Նոեմի >Նո-յ-եմի (Naomi, Noëmi, Νοεμίν)
Նաում >Նա-ւ–ում (Nahum, Ναoύμ)
Սաուլ >Սա-ւ-ուղ (Saül, Sha‛ul, Σαούλ)
Ռոբոամ >Ռոբո-վ–ամ (Roboam, Ροβοάμ)
Ծանօթ.– Այս սեմական անուններուն մէջ մի՛այն հայերէնը հետեւողականօրէն ձայնակապ դրած է, այլ խօսքով՝ հետամուտ եղած է բարեհնչութեան: Փորձեցէք փոխնիփոխ արտասանել օտար եւ հայ տարբերակները, ապա պիտի իսկոյն անդրադառնաք գեղագիտական այն բարձր ճաշակին, որ մեր թարգմանիչները դրած են իրենց տառադարձութեան մէջ: Իսկ թէ օտարները իրենք ինչպէ՞ս կը հանդուրժէին այս յօրանջները… մեր հարցը չէ՛ այդ:
Այս ձայնակապերը, ուրեմն, դրուած են այնպիսի ձայնաւորներու միջեւ՝ աա, աէ, ոե, աու, ոա, որոնց հերթագայութիւնը խորթ ու անբարեհունչ է հայու գեղագիտական բնածին ճաշակին, եւ ձայնակապը այդ թերին դարմանելու կը ծառայէ:
[1] «Ծովերու ձայնին միախառնուած Պոլսոյ ցերեկնային ու գիշերային կեանքը կը վազէ»(Անուշ Դրուանց, «Շտապող Պոլիսի հմայքը», «Ժամանակ», 11-2-2016): «Յուսալով որ մայրամուտի արեւը՝ ցերեկնային արեւի բարիքը չի զլանար…»(Վեհ. Թեքեան, «Պարոյրը եւ Պաղոյղը», «Հորիզոն գրական», 28-1-2017):