ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔ,  ՄԻՆՍՔԻ ԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ, ՄԵՆՔ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ

0 0
Read Time:5 Minute, 12 Second

Յ. Պալեան

            Շարականի վերածուած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան յանգելու հարցը: Ո՞ր արդար եւ իրատեսական հիմնաւորումներով խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար պիտի բանակցին, կը բանակցին Երեւանը եւ Պաքուն: Այդ բանակցութիւններուն մէջ ի՞նչ դեր եւ իրաւունք վերապահուած է գլխաւոր իրաւատէր եւ շահագրգռուած Ստեփանակերտի: Ի՞նչ կը բանին Մինսքի խումբի երեք համանախագահները:

            Մեծ հայրենասէր կամ մեծ քաղաքագէտ ըլլալու կարիք չկայ: Ատրպէյճան զինու զօրութեամբ խախտած է Արցախի ամբողջականութիւնը: Տեղի ունեցած է զինուորական գրաւում:  Մնացած է  հողակտոր մը, որուն հայուն մնալն անգամ հարցական է: Մինսքի խումբի համանախագահները, հակառակ իրենց զինուորական եւ քաղաքական հզօրութեան ու հեղինակութեան, թոյլ տուին այդ խախտումը: Ընդունած են անտառի օրէնքը, երբ կրնային արգիլել: Այդ ընելու համար յանձն պէտք էր առնէին իրենց ձեռքը պաղ ջուրէն տաք ջուրը դնել:

            Մեծերուն համար Արցախը մանրադրամ է: Հայ ժողովուրդին համար ան հայրենիք է: Կը հաւատա՞ն, հաւատ՞նք, որ ժողովներով եւ մէկ մայրաքաղաքէ միւսը երթալ-գալով կրնան վերականգնել Արցախի ամբողջութիւնը, արդար վճիռ կայացնել եւ պարտադրել, թէ՞ կատարուած իրողութիւնը պիտի ընդունին անզօրութեան խոստովանութեամբ, գաղթական դարձած տնազուրկ հայերուն խիղճ հանդարտեցնող  բարեսէրի օգնութիւն պիտի հասցնեն:

            Մեծերու քաղաքական աւանդութիւնը:

            Մինսքի խումբի համանախագահներէն Ֆրանսան, Արցախի հարցով ունի արդարութեան սկզբունքային վերաբերում, դէպքերու ընթացքին եւ արցախեան հարցով շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան վրայ ազդելու համար բարոյական-դիւանագիտական ճնշումէ տարբեր միջոց չունի: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կրնայ դերակատար ըլլալ, լուծում պարտադրել, եթէ ընդունի, որ իր ընթացքով պիտի հակադրուի Թուրքիոյ: Արցախի հարցով գլխաւոր շահագրգռուողը եւ դերակատարը Ռուսիան է, որ այժմ կը տատանի իր կայսերական եւ քաղաքակրթական-մշակութային շահերուն եւ ընտրանքներուն միջեւ: Կրնա՞յ ընդունիլ ուրուագծուող համաթուրանական կայսրութեան մը ստեղծումը ի հեճուկս իր ազդեցութեան գօտիին եւ ապահովութեան:

            Այս միտքերը եւ անոնց հունով վերլուծումները մեր ազգային հիմնախնդիրներուն մեզմէ դուրս լուծումներ փնտռելու միտքի մարզանք են :

            Նախ պէտք է պատասխանենք այն հարցումին, որ մեր ժողովուրդին համար, Հայաստան եւ սփիւռք, «բարեկամ» պետութիւններուն եւ քաղաքական գործիչներուն համար հիմնահա՞րց է Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ հայկական պատկանելիութիւնը, ընդդէմ թուրք-ազերիական ցեղապաշտական ծաւալապաշտութեան: Եթէ այսքանը չտեսնող անգամ չկայ, պէտք է յիշեցնել, դիրքորոշում պահանջել եւ վերջ տալ ամէն կարգի կեղծիքի, նաեւ հայկական դիւանագիտական խարխափումներուն եւ անոնց ետին գտնուող ազգի եւ հայրենիքի հետ կապ չունեցող շահախնդրութիւններուն, որոնք նիւթական, դիրքապաշտական եւ սնափառական են:

            Քաղաքական ցնորամտութիւն է խորհիլ (եւ քարոզել), որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան (աւելցնել նաեւ Թուրքիա) խաղաղութեան համաձայնագիր կրնան ստորագրել, Արցախի ամբողջութեան խախտման եւ կորուստի ենթահողի վրայ:

            Ի՞նչ է պահանջուածը խաղաղութեան հաստատման համար. Արցախի ամբողջական միացումը Ատրպէյճանի, եւ Արցախի վերջնական կորուստը արձանագրել Վանի, Սասունի, Մուշի, Կարսի, Անիի, ընդհանուր սահմանումով Արեւմտահայաստանի ցանկին վրայ, եւ վերջնականացնել հայոց հայրենիքի կորուստը: Այս պարտուողական եւ զիջումներու ոգիով առաջնորդուող քաղաքականութիւնը կ’ըլլայ քաջալերանք նոր պահանջներու, որոնց հետեւանքով Հայաստանը կը դադրի ինքնուրոյն պետութիւն ըլլալէ, հայութիւնը կը դառնայ հպատակ ժողովուրդ, կը դատապարտուի անհետացման, նոյնիսկ եթէ անհատներ որպէս արտադրող եւ սպառող անինքնութեամբ տեւեն:

            Քանի մը անգամ գործածուեցաւ վիլայէթ եզրը՝ ապագայի համար:

            Քանի որ վարժ ենք զիջելու, կը զիջինք նաեւ Զանգեզուրը, Սեւանը, Արարատեան դաշտը, օր մըն ալ… Երեւանը: Խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու կարիք չի մնար, քանի որ այդ տարածքներուն տէր ժողովուրդ մնացած չ’ըլլար: Կը մտնենք համաթուրանական կայսրութեան մէջ, կը դադրինք ինքնուրոյն ազգ եւ պետութիւն ըլլալէ, կը հաստատուի բեւեռներու սառցային խաղաղութիւն: Անհանգիստ չենք ըլլար, անհանգիստ չենք ըներ:

            Միթէ՞ պէտք է կրկնեմ խորագիրը յօդուածի մը, զոր գրած եմ Հոկտեմբեր 22, 2020-ին. «Վաղուան Հաշուեկշռին Մէջ Տեղ Կ’ունենայ Միայն Արդիւնքը…Եւ Ոչ Պառակտումները»: Արդիւնք՝ ո՞ր ժողովուրդին եւ ո՞ր երկրին համար: Մեր մեղսակցութեա՞մբ Հայաստան եւ հայութիւն պիտի դրուին հարթող գլանի տակ:

            Ինչ որ պէտք է հետապնդել կայսերական ծաւալապաշտութիւն չէ, այլ՝ իրաւունք: Արցախը հայուն հայրենիքն է, ոչ միայն Արցախի բնակիչին: Երբ դէմ առ դէմ կը գտնուինք թրքական անյագ ծաւալապաշտութեան, քաղաքական տարրական իրատեսութիւնը պիտի ըսէ, որ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱՑՈՒՄԸ: Ճապկումներով քաղաքականութիւն վարող Վրաստանը եւս պէտք է հասկնայ, որ Հայաստանէն ետք յաջորդ թիրախը ինք է:

            Եւ հուսկ, Եգէականէն Չինաստան Թուրանի կայսրութեան ստեղծումը, որ սպառնալիք է նաեւ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի: Վաղ թէ ուշ, նոյն Ռուսիան եւ Արեւմուտքը պիտի համոզուին, որ նոյն վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուին, որ իրենց հակադրութիւնները սպառնացող վտանգին դէմ թաղային կռիւներ են: Այս տեսանկիւնէն պէտք է դիտել նաեւ ներկայի ուքրայնական տագնապը:

            Ռուսիան եւ Արեւմուտքը պէտք է հասկնան, որ Հայաստան-Արցախ ճակատի փլուզումը վաղուան խաղաղութեան երաշխիք չէ, այլ սկիզբ է աւելի մեծ եւ աննախատեսելի հետեւանքներով միջազգային տագնապի:

            Հաւկուրութենէ տառապողի աչքով պէտք չէ դիտել ներկան:

            Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ (որոնք երկու չեն այլ մէկ) բանակցելով խաղաղութիւն երազել քաղաքական անիրատեսութիւն է: Մինսքի խումբի համանախագահները, նաեւ Եւրոմիութիւնը, Ապահովութեան Խորհուրդը, անմիջականը կարկտնելէ անդին պէտք է նային: Այս ըմբռնումով, մեծապէս հեռանկարային է Պարսկաստանի դիրքորոշումը, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ամբողջականութեան պաշտպանութեան: Բայց Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոմիութիւնը Պարսկաստանի հետ իրենց ունեցած մանրուքի արժէք ունեցող հակամարտութենէն  անդին չեն նայիր: Չեն տեսներ, որ գալիք մեծ քաղաքական տագնապներուն լուծման մէջ Պարսկաստանը պիտի ըլլայ անշրջանցելի գործակից:

            Վերադառնալով մեր փոքրիկ ածուին, ուր կան մեծ վտանգներ, պէտք է կարենանք կազմակերպուիլ՝ յոռեգոյնի նախատեսութեամբ: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ խորհելու համար, որ պատերազմի վտանգ չկայ: Թուրք-ազերիին համար խաղաղութեան պայմանը իրենց երազի ճամբուն վրայ գտնուող արգելքներու ամբողջական վերացումն է: Յաճախ յիշուեցաւ վիլայէթ դառնալու սպառնալիքը, որ միամիտներ վախցնելու կոչուած գիւղացիի խրտուիլակ չէ: Ո՛չ միայն մենք, այլ նաեւ միջազգային հանրութիւնը, աչքի առաջ պէտք է ունենայ Արեւմտահայաստանի պարտադրուած մշակութային, ժողովրդագրական, քաղաքական անապատացումը, հեռացուած են բնիկները, ուր գրած են նոր պատմութիւն՝ տէրերու բացակայութեան:

            Հայաստանի իշխանութիւնները իրենք զիրենք ցանցած են տեղական, տեղայնական, ենթաքաղաքական, մրցակցական, շահախնդրական թափահարումներու մէջ, եւ կը խորհին, որ արտաքին ուժեր, արեւելքէն կամ արեւմուտքէն, թերեւս նոյնիսկ ծայրագոյն արեւելքէն, Հայաստանը պիտի պաշտպանեն:

            Արցախի կորուստը ընթացիկ պարտութիւն մը չէ: Ան կանխատեսել կու տայ գալիքը:

            Արցախի ամբողջականութեան վերականգնումը հայ պետութիւնը ինք պիտի ուզէ, առանց սպասելու, որ համանախագահները զուարճանան իրենց հրշէջի դերով:

            Աւելի քան երբեք էական է Հայաստանի վերանկախացման երեսուն տարիներու յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն տէր ըլլալ, ազգային-քաղաքական պարզ եւ միաժամանակ խոր այն իմաստութեամբ, որ պէտք է միանալ եւ ծառայել յաւելեալ պարտքի եւ պարտականութեան գիտակցութեամբ:

            Մտածումս կ’երթայ ի գին ամէն զրկանքի, վասն արդարութեան եւ իր ժողովուրդի իրաւունքին համար պայքարած յեղափոխական-քաղաքական մեծ մարդուն, Նելսըն Մանտելայի (1918-2013 ), որ օրինակ պէտք է ըլլայ բոլոր ճնշուածներու եւ իրաւազրկուածներու անվհատ պայքարին: Ան ըսած է.  «Ազատութան մարտիկը բիրտ ձեւով կը սորվի, որ ճնշողն է որ կը սահմանէ պայքարի բնոյթը, եւ յաճախ ճնշուածին այլ ելք չի մնար, քան գործածել պայքարի այն եղանակները զորս կը ցոլացնեն ճնշողին գործածած եղանակները» (Կարդա՛լ «Երկար ճամբայ մը դէպի ազատութիւն» գիրքը, 1996): Պատմութիւնը իրեն իրաւունք տուաւ է եւ ինք արժանացաւ իր ժողովուրդի երախտագիտութեան: Եղած է իրաւ մեծ, ներկայ եղած է իր յաջորդի ընտրութեան: Աթոռի վրայ չէ յաւերժացած:

            Իրարու դէմ նիզակ ճօճել ազգային քաղաքականութիւն չէ:

            ճնշողին դէմ ճակատ պէտք է յարդարել Նելսըն Մանտելայի իմաստութեամբ եւ յանձնառութեամբ:

            Եւ մենք մեր  մէջ կը գտնենք տոկալու եւ տեւելու ուժ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles