Մտքի, Խղճի Ու Հոգիի խոստովանանք
Ծ․Խ․- Քնար Աբրահամեանը, Լիբանանահայ գաղութէն եւ յատկապէս կրթօճախներէն ներս, փորձառու, մեծ ժողովրդականութիւն վայելող եւ սիրուած ուսուցչուհի էր։ Յետ կարճատեւ հիւանդութեան, ան մահացաւ Կիրակի, Դեկտեմբեր 19, 2021-ին: Քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, Յունուար 30-ին։ Ստորեւ, լուսահոգի Քնար Աբրահամեանի քրոջ զաւակներէն՝ Նայիրի Մուրատեանի (Քիւսպէկեան, Կիպրոս) ի յիշատակ գրութիւնը։
***
1991-ի մութ ու ցուրտ գիշերներ…
Հայրենիքի կանչը ահազանգ էր քեզ համար։
«Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ, արդէն ժամանակն է, թող գայ» ըսի՛ր ու շատ չանցած՝ վեհ գաղափարը գործի վերածեցիր։
Բազմանդամ ընտանիք, աշխատանք, լայն շրջանակ, հանգիստ կեանք բոլորը ետին թողած շտապեցիր պարտականութիւնդ ի կատար ածելու։
Զինուած անգլերէն լեզուի բարձր իմացութեամբ, համբերութիւնը, համեստութիւնն ու հեզութիւնը միջոց որդեգրելով՝ գրաւեցիր աշակերտներուդ սիրտերն ու հոգիները։ Տուի՛ր աւելիով՝ առանց փոխադարձ ակնկալութեան։ Նպատակդ, որ երբէ՛ք տկարութիւն չճանցաւ, ամրակուռ կամքդ էր գիտելիքներու ճամբով եւ ուրոյն ոճով պայքարելու կեանքի դժուարութիւններուն դէմ։
«Ուսում եւ մարդկային արժանիքներ միատեղ» կը յորդորէիր մեզ, «առանց արժանիքներու ուսումը անիմաստ է»։ Իսկ մարդկային արժանիքներու թագուհին՝ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆն էր քեզ համար։
Եղար ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ ու ԳԱՂՏՆԱՊԱՀ կուսակցական, ՆՈՒԻՐԵԱԼ Լ.Օ.Խ.-ական (Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ, խմբ․) եւ Հայ մշակոյթի ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ՝ Համազգայնական։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ տարիներուն, քեզի վստահուած «պարտականութիւններ»-ը կատարեցիր ամենաբարձր գիտակցութեամբ թաքուն, լուռ ու մունջ։ Լ.Օ.Խ.-ի «Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի պետական հրամանի ժամադրութեան ապահովումը իրականացաւ օտարազգի անձնական աշակերտուհիիդ միջոցով, որուն մասին շատ քիչերը գիտեն։ Կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներու անսակարկ մասնակցութիւնդ բերիր, որու մասին դարձեալ մի՛այն վերջերս իմացանք։ Այսպիսով եկար հաստատելու Վահան Թէքեանի հետեւեալ տողերը.-
«………….. ի՛նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՛կ, ա՛յն մնաց.»
«Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան.
Ինչ որ տարաւ Սէրն ինծմէ՝ չկորսնցուց զայն Աստուած,
Տուաւ ինձ ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան…:»
Ուշացայ….չհասայ….։
Մտայ սենեակդ, անկողնիդ շուրջը զարդարուած էր Մուշեղ Գալշոյեանի, Համօ
Սահեանի, Ռազմիկ Դաւոյեանի եւ Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքերով։
Վերջինիս Բան Բ, Բ.-ի նախավերջի տողերը, ուր թաշկինակ մը դրած էիր որպէս էջացոյց հետեւեալ տողերը կարդացի.-
«Յուսահատ օրս չարագործիս, տէ՛ր,
Քո անակնկալ բարին շնորհի՛ր,
Ո՜վ բարեբանեալ փրկի՛չ բոլորի,
Հիւանդ ոչխարիդ որպէս ուղեկից
Չլինի որ տաս դժնդակ գազան»։
Քոշեան-Քամալեանի, Տաթեւիկ Սազանդարեանի, Գոհար Գասպարեանի, Օֆելիա Համբարձումեանի երգերէն «Խռոված էր», «Սարի Սիրուն եար», «Որսկան Աղբեր», «Կիկոն», «Կիլիկիա» եւ Անուշ օփերայէն հատուածներ, նոյնիսկ «Պըհպաք Եա Լուպնան» երգը հիւանդանոցի մահիճիդ մէջ ամբողջ ուժովդ երգեցիր՝ զարմանք պատճառելով բոլորին։
Խօսակցութեան մը ընթացքին ափսոսանքով նշեցիր. «Միակ բանը որու համար կը զղջամ՝ կանուխէն Հայաստան չհաստատուիլս ու ձայնամարզութեան չհետեւիլս եղաւ»։
«Եթէ գացած ըլլայի…»։ Հակառակ անոր որ կեանքը, ինչպէս նաեւ պատմութիւնը «եթէ»-ներ չեն ճանչնար, պէտք է խոստովանիմ, որ դուն մեր տան ու շրջապատին ամենափայլուն երգչուհին ու երգերու մեկնաբանը եղար, ճոխացնելով եւ յատուկ փայլք տալով մեր ընտանեկան ու ընկերային հաւաքներուն։
Տապանաքարիս վրայ հետեւեալը կը գրէք թելադրեցիր. «Կեանքիս ամենաուրախ ժամանակահատուածը Հայաստան ապրած տարիներս էին»։
Անմասն չմնացիր անսակարկ մասնակցութիւնդ բերելով Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Համազգայինի «Գորանի» ազգագրական երգչախումբին։ Կ՚երգէիր դիւթիչ եւ քու էութեանդ համահունչ հոգեյոյզ ձայնով։
Մեծ ընտանիքիդ ու շրջապատիդ այնպիսի արժէքներ ձգեցիր, որոնք անգնահատելի են, անհամեմատելի՝ սովորական պարզ մարդու ետին թողածին։ Դրական ընկալում կը ցուցաբերէիր ու քայլ կը պահէիր յարափոփոխ ժամանակի պարտադրած մտայնութեան ու բազմազանութեան գաղափարին հետ։ Բնութեան պարզութիւնն ու գեղեցկութիւնը կ՚ըմբոշխնէիր լիարժէք։ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ կեցուածքով եւ մարդկային միջակութիւններէ հեռու մնալով՝ յատուկ դրոշմդ դրիր ՄԱՐԴ արարածի իսկական իմաստին վրայ։
«Ընտանիքիս անդամներէն ոեւէ մէկուն ցաւը չի տեսնեմ» ըսիր եւ այդպէս ալ եղաւ։ Թող մաքուր հոգիդ ննջէ խաղաղութեամբ եւ հանգչի Աստուածային լոյսերու մէջ։ Թարմ շիրիմիդ վրայ այրող Դադիվանքէն բերուած մոմերը մի՛այն քեզի կը վայելէն։
Հողը քեզմով հարստացաւ, իսկ մենք բացակայութեամբդ՝ աղքատացանք։Հեռացար, ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ հաշտ ճակատագիրիդ հետ՝ առանց դոյզնըմբոստութեան։
«Եղիցին կամք Քո» ըսիր ու ետ չնայեցար…գացիր դէպի աղբի՛ւրը լոյսին ։
Նայիրիդ