ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ՌԷՅՍԻՆԻ Մ՝ԷՋ

0 0
Read Time:50 Second

Կիրակի, Հոկտեմբեր 24-ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս այցելեց Ռէյսին (Ուիսքանսըն) եւ պատարագեց տեղւոյն Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հայրը քարոզեց Գիւտ Խաչի տօնի մասին, քաջալերելով հաւատացեալները, որ իւրաքանչիւր ոք կեանքի իր խաչը գտնելով՝ իր գոյութեան իմաստը եւ երկրաւոր առաքելութիւնը առաւել պայծառութեամբ ընկալէ ու գործէ։ Արարողութենէն ետք որպէս մեծ ընտանիք, հաւաքական լուսապատկեր առնուեցաւ։ Սրբազան Հայրը խորհրդանշական կերպով իր գիրկը առաւ կրտսերագոյն երեխան՝ Վանը, փայփայելով համայնքին ապագայ յուսադրիչ տեսլականը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 83ամեայ տօնախմբութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց համայնքային գործակցութիւնը, մանաւանդ համավարակի ընթացքին, առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Տարօն Ա. Քահանայ Ստեփանեանի։ Մանուկներու, պատանիներու, երիտասարդներու, չափահասերու եւ տարեցներու մասնակցութիւնը նկատեց ամենէն յուսադրիչ երեւոյթը գաղութի կենսունակութեան։ Այս առթիւ, պարգեւատրուեցաւ եկեղեցւոյ ատենապետ՝ տիար Վահան Մահտեսեան։

Գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ եւ ձեռնարկը փակուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի արտահաս հովիւ՝ Տ. Զարեհ Ա. Քահանայ Սահակեանի «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։

Ձեռնարկէն ետք, Սրբազան Հայրը, հոգեւոր հովիւին հետ, այցելութիւն տուաւ 100-ամեայ հաւատաւոր ծխական՝ տիկ. Ռոզ Պուչաքլեանին, Lakeshore Siena խնամատարութեան կեդրոնին մէջ, եւ բժշկութեան յատուկ աղօթք մը կատարեց։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles