Տեսականէն Գործնական. Գործը Պէտք Է Յաջորդէ Խօսքին

0 0
Read Time:1 Minute, 59 Second

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Անցնող երկու շաբաթները նշանաւորուեցան զանազան ուսումնասիրական հաւաքներով, որոնք տեղի ունեցան Երեւանի մէջ:

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Մամլոյ խորհրդաժողովը, որ դաշնակցական մամուլի խմբագիրներու եւ քարոզչական մարզի պատասխանատուներու հերթական հաւաքն էր: Այս խորհրդաժողովը կը գումարուի երեք կամ չորս տարին անգամ մը եւ օրակարգի վրայ կ՛ունենայ, բացի կատարուածին արժեւորումէն, միջազգային ու ազգային մակարդակներու վրայ առկայ կացութեան Դաշնակցութեան քարոզչութիւնը պատշաճեցնելու հարցը: Այս խորհրդաժողովը շեշտը դրաւ հաղորդակցական նոր միջոցները աւելի համարժէք օգտագործելու բանավիճային գրութիւններուն աւելի տեղ յատկացնելու եւ վերջապէս` երիտասարդ գրողներ հրապարակագրական աշխատանքներու մէջ ներառելու հրատապ հարցերուն վրայ: Գրաւոր մամուլի յարատեւ նահանջի պայմաններուն մէջ, դաշնակցական քարոզչական մեքենան կարիքը ունի վերանորոգման, նոր պայմաններուն պատշաճեցման եւ աւելի աշխուժ հրապարակագրական նախաձեռնութիւններու: Նոր միտքերու, նոր գաղափարներու, նոր մեկնաբանութիւններու միջոցով է, որ կը հարստանայ դաշնակցական մտածողութիւնը եւ ուղենիշ կը դառնայ ապրուած ժամանակին պատշաճ մարտավարութեան կիրարկման ու ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին` անոր կողմէ նոր ռազմավարութեան մշակման:

Երկրորդ հաւաքը ունէր պատմագիտական բնոյթ: 1921 թուականի Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին նուիրուած «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը կը համախմբէր հայ եւ ոչ հայ ականաւոր մասնագէտներ, պատմաբաններ, օրէնսգէտներ, միջազգային իրաւունքի հմուտ գործիչներ: Հայկական լեռնաշխարհին ու Հարաւային Կովկասի մէջ նոր սահմանագծումներու խորապատկերին, չափազանց կարեւոր էր 100 տարի առաջ ապօրինաբար գծուած սահմաններու մասին նման գիտական խորհրդաժողովի մը գումարումը: Պէտք է յուսալ, որ Հայաստանի վարիչները իրենց տեսանելի, բայց մանաւանդ անտեսանելի բանակցութիւններու ընթացքին նկատի կ՛ունենան գիտաժողովի ընթացքին արտայայտուած միտքերը, դասեր կը քաղեն կատարուածէն, կ՛արժեւորեն զանոնք ու մանաւանդ կ՛առաջնորդուին այնտեղ արտայայտուած հեռանկարներով:

Հայ քաղաքական միտքը աղքատացած է, որովհետեւ փոխանակ հին ու նոր երեւոյթները գիտականօրէն արժեւորման ենթարկելու, կը շարունակենք բանավիճային հակամարտութիւնը, յաճախ անճիշդ վերագրումներով զարդարելով մեր խօսքը:

Կ՛արժէ կարդալ, անգամ մը եւս, գիտաժողովի հրապարակած յայտարարութեան եզրափակիչ կոչը: «Գիտաժողովն իբրեւ ամփոփում հաստատեց, որ 1920-ականներու սկիզբի տխուր պատմութեան կրկնութենէն խուսափելու միակ ճանապարհը Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, սփիւռքի ազգային կառոյցներու ամրապնդումն է, միասնական քաղաքակրթական նշանակութեան ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորումն ու համադրուած աշխատանքներու կազմակերպումն է»:

Երրորդ հաւաքը «Հայաստան» դաշինքին կողմէ կազմակերպուած կլոր սեղանն է: Նիւթը` «Հայաստանին եւ Արցախին սպառնացող վտանգներն ու անոնց յաղթահարման ուղիները»: Մասնակցած են Հայաստանի եւ Արցախի փորձագիտական շրջանակներու յայտնի ներկայացուցիչներ: Այս քննարկումը աւելի գործնական, ներկայիս կատարուող եղելութիւնները հասկնալու ու արդէն տեսանելի վտանգները շրջանցելու ուղիներու փնտռտուքին կը վերաբերի: Կլոր սեղանի մասնակիցները յառաջացուցած են աշխատանքային խումբ, որ գործունէութեան նախագիծ պիտի մշակէ:

Բախտորոշ որոշումներու նախօրեակին կը գտնուինք: Անտարբերութիւնը, որուն ականատես ենք քաղաքական ու քաղաքացիական շրջանակներուն կողմէ, անընդունելի է ու կործանիչ: Շատոնց ժամանակը եկած է թօթափելու բոլոր տեսակի վերապահութիւնները եւ ազգին ներուժը համախմբելու Հայաստանն ու Արցախը փրկելու գերակայ գաղափարին շուրջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles