Կիրի Կարեւորութիւնը Եւ Մարմնի Առողջութիւնը
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Մեր մարմինը կը պարունակէ տեսակաւոր մետաղներ: Կիրը այս մետաղ-ներէն մէկն է եւ ան ամենէն շատ քանակութեամբ գտնուող մետաղն է մարմնին մէջ: Ան շատ կարեւոր է մարմնի առողջութեան համար:
Մարմնին մէջ գտնուած կիրը առաւելապէս կը գտնուի ոսկորներուն եւ ակռաներուն մէջ: Ան կը գտնուի շատ քիչ քանակութեամբ ջիղերուն, հիւսուածքներուն, արեան եւ այլ հեղուկներուն մէջ:
Մարմնին մէջ կայ 1.2-1.4 քկ. կիր: Մարմնի կիրին 99 տոկոսը կը գործածուի ոսկորներուն եւ ակռաներուն կողմէ, իսկ մնացեալ 1 տոկոսը այլ օրկաններու կողմէ:
Մեր սպառած կիրին ներծծումը (absorbtion) դէպի մարմին տեղի կ’ունենայ բարակ աղիքներուն մէջ: Ան կը ներծծուի բարակ աղիքներու պատերէն եւ կը հասնի մարմնի զանազան օրկաններուն: Անոր ներծծումը ստամոքսին մէջ տեղի չունենար: Կիրի ներծծումը աղիքներուն մէջ կը կատարուի D կենսանիւթի (vitamin), ֆոսֆորի (phosphorus), մագնեզիումի (magnesium) եւ բնասպիտներու (proteins) օժանդակութեամբ:
Կիրը ունի հետեւեալ պարտականութիւնները մարմնին մէջ. Ան կ’օգնէ՝
- Զօրաւոր եւ առողջ ոսկորներու եւ ակռաներու կազմաւորման եւ աճման.
- Արեան լերդացումի (clotting) գործընթացքին.
- Մարմնի ջիղերուն բնականոն գործունէութեան՝ ազդանշաններ (signals) ղրկելու եւ ընդունելու.
- Մկաններու պռկումին եւ թուլացումին.
- Սրտի մկաններուն կծկումներուն-պռկումներուն եւ զարկի կանոնաւորման.
- Արեան ճնշումին կանոնաւորման.
- Երակներու ընդլայնումին եւ կծկումներուն.
- Ներբջիջային աշխատանքին:
Մեր մարմնի կիրին աղբիւրներն (sources) են՝ մեր սպառած սննդեղէնները եւ կերակուրները, այսինքն՝
Ա.Կաթը եւ կաթնեղէնները՝ մածունը, պանիրը եւ կարագը:

Բնական կաթը հարուստ է ճարպով: Ան կը պարունակէ 4 առ հարիւր ճարպ: Այս կաթը յանձնարարելի է 1-2 տարեկան երեխաներուն: Երկու տարեկանէն ետք եւ չափահասները խմելու են նուազ ճարպ պարունակող կաթ, այսինքն՝ 1-2 առ հարիւր ճարպ պարունակող կաթ:
Կաթը հարուստ է նաեւ Ֆոսֆորով եւ մագնեզիումով, որոնք մեծ դերակատա-րութիւն ունին աղիքներու պատերէն կիրի ներծծման:
D կենսանիւթը կարեւոր է կիրի գործունէութեան մարմնին մէջ: Այս պատճառով մեր խմած տեսակաւոր կաթերը հարստացուցած ենք D կենսանիւթով:
Բ. Կանաչ բանջարեղէնները, օրինակ՝ բրքուկը (broccoli), կաղամբը, բանջարը, շողգամը, շոմինը, ոլորնը, կանաչ սոխը, կանաչ սխտորը, անանուխը:
Գ. Լոստի ձուկը (salman) եւ ոսկորներով հարուստ սարտին ձուկը:
Դ. Նուշը, արեւածաղիկի կուտը, շուշման (sesame seed), շուշմայի մածուկը-խորիսխը (sesame seed paste), լուբիան եւ բակլան:
Ե. Շատ մը դեղերու եւ կենսանիւթերու մէջ աւելցուած կիրը, որպէս լրացուցիչ սննդանիւթ (supplement):
Կիրը իր օգտակարութիւններու կողքին ունի նաեւ կողմնակի շատ մը վնաս-ներ, երբ ան օրինաւոր չափով չի գործածուիր: Այս կողմնակի վնասներն են՝
Ա. Մեծ քանակութեամբ եւ երկարատեւ կիրի գործածութիւնը կը յառաջացնէ գերկիրութիւն (hypercalcemia), որ կը վնասէ մարմնի կարգ մը օրկաններուն, մասնաւորապէս՝ երիկամներուն, ուր կը կազմուին երիկամային քարեր:
Բ. Երկար ժամանակ կիրի նուազ գործածութիւնը պատճառ կ’ըլլայ ենթակիրու-թեան (hypocalcemia), որ կը յառաջացնէ՝
- Ոսկրափխրութիւն (osteoporosis) եւ ոսկորներու կոտրուածք.

- Ակռաներու տկարութիւն, անբնական երեւոյթներ, դիւրաբեկութիւն եւ փտում (decay).

- Լինտերու գրգռութիւն.
- Մկանային ցաւ, մասնաւորապէս՝ թեւերու եւ սրունքներու.
- Մկանային պռկուածութիւն, մարմնական ցնցումներ (seizures).
- Ոտքերու եւ ձեռքերու մատներու թմրութիւն եւ ասղնտոց (tingling).
- Յոգնածութիւն եւ ընկճուածութիւն.
- Մորթի չորութիւն եւ քերուըտուք.
- Եղունգներու ճեղքրտուք.
- Հերաթափութիւն.
- Նախադաշտանի եւ դաշտանի ցաւեր.
- Սրտանօթային հիւանդութիւններ՝ երակներու մասնակի խցում կիրի մաս-նիկներու կիտումով (deposition) երակներու պատերուն վրայ, սրտի մկանային տկարութիւն, սրտի աշխատանքի ձախողութիւն, սրտի կաթուած (myocardial in-farction, MI) սրտի զարկի անկանոնութիւն (arrhydmia) եւ սրտադող (fibrillation):
Ենթակիրութիւն չունենալու համար պէտք է սպառենք կիրով հարուստ սնն-դեղէններ: Մանուկներ, յղի կիներ եւ տարեցներ միաժամանակ գործածելու են կիրի լրացուցիչ դեղատեսակներ:
Լրացուցիչ կիրը գործածուելու է հետեւեալ ցուցատախտակին համաձայն.
0-6 ամսու երեխաներ՝ օրական 200 մլկ.
7-12 ամսու երեխաներ՝ օրական 260 մլկ.
1-3 տարեկան երեխաներ՝ օրական 700 մլկ.
4-8 տարեկան երեխաներ՝ օրական 1000 մլկ.
9-18 տարեկան պատանիներ՝ օրական 1300 մլկ.
19-50 տարեկան չափահասներ՝ օրական 1000 մլկ.
50-70 տարեկան տղամարդիք 1000 մլկ.
50-70 տարեկան կիներ՝ օրական 1200 մլկ.
70-էն վեր չափահասներ՝ օրական 1200 մլկ.
14-18 տարեկան յղի եւ կաթնտու կիներ՝ օրական 1300 մլկ.
19-50 տարեկան յղի եւ կաթնտու կիներ՝ օրական 1000 մլկ.
Երեխաներ եւ պատանիներ օրական պէտք ունին 2500-3000 մլկ. կիր, որ պէտք է հայթայթուի սննդեղէններէն եւ լրացուցիչներէն: Իսկ այդ տարիքէն վեր անձեր՝ 2000-2500 մլկ.:
Կարգ մը սննդանիւթեր կը պարունակեն հետեւեալ քանակութեամբ կիր՝
250 մլ. կաթը ունի 300 մլկ կիր.
42 կրամ պանիրը ունի ունի 300 մլկ, կիր.
170 կրամ մածունը ունի 300 մլկ. կիր.
84 կրամ սարտինը ունի 300 մլկ. կիր.
23 կրամ նուշը ունի 100 մլկ. կիր.
100 կրամ բանջարեղէնը ունի 100 մլկ. կիր:
Որո՞նք աւելի հակամէտ են ենթակիրութեան՝
- Բոլոր տարիքի կիներ եւ աղջիկներ, մարզիկներ, դաշտանի խանգարում ունեցող աղջիկներ, դաշտանադադարի (menopause) կիներ:
- Կաթնաշաքարի (lactose) անհանդուրժողականութիւն ունեցողներ, որոնք բաւարար կաթ չեն խմեր:
- Պատանեկան տարիքի տղաք եւ աղջիկներ, որոնք կաթի փոխարէն զովացուցիչներ կը խմեն.
- Տարեցներ որոնք բաւարար կիր չեն սպառեր:
Կիրի համաչափութեան ղեկավարումը մարմնին մէջ տեղի կ’ունենայ՝ երեք ներազդակներով՝
- Յարվահանագեղձի ներազդակ (parathyroid hormom), որ կ’արտադրուի յար-վահանագեղձին (parathyroid) մէջ:
- Calcitriol որ D կենսանիւթէն կ’արտադրուի եւ կը գրգռէ աղիքները.
- Calcitonin որ կ’արտադրուի վահանագեղձին (thyroid gland) մէջ: Ան արգելք կ’ըլլայ ոսկորներու փճացումին եւ կը կանոնաւորէ արեան կիրի քանակը:
- Սեռային ներազդակները, կիներուն estrogen եւ տղամարդոց testosterone ներազդակները, մեծ դերակատարութիւն ունին կիներուն եւ տղամարդոց ոս-կորներուն աճման եւ առողջութեան:
- Աճման ներազդակը (growth hormone) որ կ’արտադրուի մակուղեղի (pituitary gland) մէջ կը սատարէ եւ կը կանոնաւորէ ոսկորներու աճումը:

