ՄԱՐԻԱ ՇԱՄԼԵԱՆ ԵՓՐԵՄԵԱՆ
Նիւ Եորք
Հայ Օգնութեան Միութեան Նիւ Եորքի »Մայր« մասնաճիւղի անդամարշաւը տեղի ունեցաւ Կիրակի Մարտ 1, 2009ին կէսօրէ ետք ժամը 3:00էն մինչեւ 6:00 ընկհ. Արմինէ եւ Յասմիկ Իսրայէլեաններուն բնակարանը:
Ընկերային ու հաճելի մթնոլորտի մէջ ներկաները վայելեցին ընկերուհիներու պատրաստած համեղ ճաշերը: Ապա անցանք մեր հակիրճ դաստիարակչական յայտագրին:
Նախ՝ դիտեցինք Հ.Օ.Մ.ի 85 ամեակի առթիւ պատրաստուած տեսան երիզը, որուն միջոցաւ ներկաները ծանօթացան Հ.Օ.Մ.ի աշխարհասփիւռ գործունէութեան ներառեալ Հայաստան: Յետոյ մասնաճիւղիս ատենապետուհին ընկհ. Սոնիա Պզտիկեան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան համար: Ծանօթացուց մասնաճիւղիս վարչական կազմը: Ապա ներկայացուց Հ.Օ.Մ.ի հսկայ գործունէութիւնը աշխարհի տարածքին:
Ընկհ. Սոնիա շեշտեց՝ Հ.Օ.Մ.ի հոգատարութիւնը նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան նկատմամբ:
Յիշեց նաեւ Հ.Օ.Մ.ի հովանաւորած ու նպաստած Ամէնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ վարժարանները, ուսանողներու կրթաթոշակները, ընկերային հիմնարկները՝ ինչպէս պատսպարաններ, ծերանոցներ եւ կազդուրման կայաններ: Նաեւ 1990էն ետք Հայաստանի մէջ Հ.Օ.Մ.ի որբախնամ ծրագիրը, Սօսէ մանկապարտէզներու ցանցը Արցախի մէջ, երբ գալիս է Սեպտեմբերը ծրագիրը (գրենական պիտոյքներ ապահովել աշակերտներուն) , Ամանորի ծրագիրը… եւայլն: Ապա թուեց Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան Շրջանային Վարչութեան ընդհանուր գործունէութիւնը եւ »Մայր« մասնաճիւղի աշխատանքները Նիւ Եորքի մէջ: Նոյնպէս յիշեց Մ.Ա.Կ.ի կառոյցը, Հ.Օ.Մ.ի միջոցաւ փորձառական շրջան մը անցուցած էր Մ.Ա.Կ.ի մէջ (internship) երիտասարդուհին մեծ ուրախութեամբ արտայայտուեցաւ այդ մասին:
Ընկհ. Սոնիա անդրադարձաւ նաեւ Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի տօնակատարութեան մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 28ին Yale Clubի մէջ Manhatten. խնդրեց ընկերուհիներէն քաջալերել եւ ներկայ գտնուիլ այս գեղեցիկ ձեռնարկին: Նոյնպէս յիշեցուց քայլարշաւին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 18ին, գործակցութեամբ Էրեբունի մասնաճիւղին:
Քայլարշաւի այս տարուայ հասոյթը պիտի յատկացուի Նիւ Եորքի երեք հայկական դպրոցներուն: Ս. Սարգիս Շաբաթօրեայ վարժարանին, Ս. Լուսաւորիչ եւ Սրբոց Նահատակաց ամենօրեայ վարժարաններուն: Հիացում եւ խոր յարգանք միայն կարելի է զգալ Հայ Օգնութեան Միութեան նման կանացի կազմակերպութեան մը հանդէպ, որ ամբողջ հարիւր տարի ծառայած է հայ ժողովուրդին անսակարկ, եզրակացուց ընկհ. Սոնիա եւ մաղթեց Հ.Օ.Մ.ին աւելի փառք եւ արդիւնաբեր գործունէութիւն:
Այդ օր ունեցանք երեք նորագիր անդամուհիներ: Ձեռնարկի աւարտին ընկերուհիները բարձր ու շէնշող տրամադրութեամբ ու նորոգուած հոգիներով եւ նոյն եռանդով ծառայելու խոստումով մեկնեցան:
Շնորհակալութիւն սիրելի ընկերուհիներ՝ Արմինէ եւ Յասմիկ Իսրայէլեաններ, որ լայն բացիք ձեր տաքուկ տան դռները եւ ջերմ ու ժպտուն ընդունեցիք ընկերուհիները: Շնորհակալութիւն Հ.Օ.Մ.ի »Մայր« մասնաճիւղի վարչութեան, որ այս ձեռնարկը 1991էն ի վեր կը շարունակէ կատարել: Կը մաղթենք, որ շարունակէք նոյն կորովով՝ անշէջ պահելու Հայ Օգնութեան Միութեան հարիւրամեայ ջահը: