«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ Զ. ԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:6 Minute, 15 Second

Մայիս 14, 2010ի երեկոյեան Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պէյրութի մօտակայ »Ռոյալ փարք« պանդոկին մէջ, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Զ. Պատգամաւորական ժողովի բացման հանդիսութիւնը: Սոյն բացման հանդիսութեան ներկայ էին յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, տեղւոյն Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ եւ նախարարներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի մեծ ընտանիքին բարերարներ, կրթական եւ գեղարուեստական պատասխանատուներ եւ արուեստագէտներ: Ապա, բացման խօսքը կատարեց Արին Գալուստեան, որ նշեց, թէ 15 երկիրներէ համախմբուած համազգայնականները յառաջիկայ օրերուն քննութեան առարկայ պիտի դարձնեն միութեան քառամեայ գործունէութիւնը՝ ճշդելով յառաջիկայ ծրագիրներու ուղիներն ու նորանոր մարտահրաւէրները:
Օրուան առաջին խօսքը արտասանեց Համազգայինի ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ նշեց, թէ այս ժողովը որոշումի հիմնական վայրն է, ուր անհատական ճիգերը գումարուելով կը կայանայ հաւաքական մտածում՝ նոյնինքն որոշում: Մկրտիչեան ըսաւ, թէ Համազգայինի գործընթացը շարունակական է ու Համազգայինի առաքելութիւնը կանգ չ’առներ: Ան նշեց, թէ կրթութիւնը զարգացման ու քաղաքական մեկնակէտներու համար հիմնական զէնք է, որ հասարակութեան կ’ապահովէ դիմադրողականութիւն:
Մկրտիչեան աւելցուց, թէ ազգի պահպանման ու զարգացման համար կարեւոր է մշակոյթը: Թուելով տուեալները, Մկրտիչ Մկրտիչեան յայտնեց, թէ ժամանակն է վերամիաւորելու հայ ժողովուրդին մշակութային հարստութիւնը: Ան եզրակացուց, թէ արդիականացումով պէտք է ամրացնել հինը, ու ստեղծել նորը: Խօսքին աւարտին Մկրտիչ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի բոլոր բարերարներուն, որոնք մշտապէս նեցուկ կը կանգնին Համազգայինի առաքելութեան: Ան նկատել տուաւ, որ Համազգայինը միշտ կը ձեռնարկէ յանդուգն, անիրականանալի թուող որոշումներու, որոնք զարմանալիօրէն շուտով կþիրագործուին: Ան շեշտեց, որ Համազգայինի գաղափարները պէտք է իրագործել նոր արհեստագիտութեամբ, այն պարզ դատումով, որ հին արհեստագիտութեամբ կարելի չէ մարդոց համար գրաւիչ դառնալ՝ նկատել տալով, որ նոր արհեստագիտութիւնը գրաւիչ ըլլալէ աւելի գործնական առաւելութիւններ ունի: Մկրտիչեան աւելցուց, որ այդ արհեստագիտութեան տիրանալու եւ զայն գործի դնելով առօրեայ կեանքին մէջ գործածելու ժամանակամիջոցը պէտք չէ շատ երկարի եւ պէտք չէ ետ մնանք ուրիշներէն: Ան նաեւ շեշտեց, որ պէտք է համահայկական դրութիւն որդեգրուի, որպէսզի մարդիկ հայերէնով ելեկտրոնային նամակագրութիւն կատարեն եւ հայերէնով համացանց գործածեն: Մկրտիչեան նկատել տուաւ, որ Համազգայինը իր վարժարաններուն միջոցով կը ձգտի հայ աշակերտին տալ այն բոլոր զէնքերը, որ զինք իբրեւ մարդ կրնան առաջնորդել իր առօրեայ կեանքին մէջ, իր գտնուած երկրին մէջ, նաեւ այսօր՝ միջազգային բեմին վրայ՝ աւելցնելով, որ լաւ հայ ըլլալու համար լաւ մարդ պէտք է ըլլալ, գործունեայ հայ ըլլալու համար գիտութիւն պէտք է ամբարել, արդիւնաւէտ ազգային կեանք վարելու համար պէտք է այսօրուան պայմաններուն մէջ համաշխարհային տարողութեամբ ընդունելի տարր ըլլալ, ինչպէս նաեւ այդ դերը կատարելու եւ միջամտութիւններ ընելու կարողութիւն ունենալ: Ան շեշտեց, որ այս բոլորին վրայ պիտի պատուաստուի հայեցի կրթութիւնը, որ լաւագոյն ձեւով կը կիրարկուի վարժարաններուն մէջ: Ակնարկելով գաղափարի եւ գիտութեան հաւասարակշռութեան՝ ներկայ պայմաններուն հեւքին մէջ, Մկրտիչեան դժուար չնկատեց կացութիւնը, որովհետեւ հայութիւնը իրարու զօրակցող հաւաքականութիւն է: Եզրափակելով իր խօսքը եւ նշելով Համազգայինի հիմնադիրները՝ Մկրտիչեան շեշտեց, որ ներկայ սերունդը երախտապարտ պէտք է ըլլայ անոնց, ինչպէս նաեւ անոնց յաջորդներուն, որոնք իրենց կեանքը եւ ժամանակը տրամադրեցին Համազգայինի գործունէութեան: Ան աւելցուց, որ Համազգայինի գործը բոլորին է՝ առանց խտրութեան, եւ պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ բոլորին ուսերուն՝ գործի մը յաջողութեան կամ ձախողութեան մէջ:
Մկրտիչեան յայտնեց թէ ներկայիս զգալի է, որ կը գտնուինք համամարդկային լուրջ տագնապի մը մէջ, որուն պատճառած ալեկոծումը իր ալիքները ամենայն ուժգնութեամբ կ°ուղղէ նաեւ դէպի մե°ր կողմը: Աւելի քան երեք հազար տարիներու պատմութիւնը կոփած է դեռ աւելի° երկար ապրելու կամքը եւ սրած՝ վերապրելու համար անհրաժեշտ բոլոր առարկայական զէնքերը, նկարագրային ստորոգելիները եւ կենսական հիմնաբջիջներու արթնութիւնը: Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ըսաւ, թէ Համազգայինի հիմնադիրները բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով կրցան ստեղծել Համազգայինը ու անոնք իրենց ջանքերը չեն խնայած ազգապահպանման գործին մէջ: Քոչարեան հաստատեց, որ սերունդէսերունդ այսօր Համազգայինի պատասխանատուները կը շարունակեն առաքելութինը՝ պահպանելու համար ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները:
Աշոտ Քոչարեան մաղթեց, որ Համազգայինի այս ժողովը եւս սկիզբը հանդիսանայ միութեան նորանոր յաջողութիւններուն:
Պատգամաւորական ժողովի երրորդ խօսքը Հ.Յ.Դաշնակցութեան անունով արտասանեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Աղուան Վարդանեան: Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի առաքելութեան հաւատացողները անցեալին բազմաթիւ զրկանքներ կրած են ու զոհողութիւններ մատուցած՝ չընդհատելու համար մշակոյթին ընդմէջէն հայութեան երթը, որպէսզի հայութիւնը պահպանէ իր ինքնութիւնը ու քաղաքակիրթ պետութիւններուն մօտ իր արժանապատիւ տեղը:
Սփիւռքի մէջ մշակութային գործունէութիւն ծառայելու ազգային արժէքին անդրադառնալով՝ Վարդանեան ըսաւ, թէ »Սփիւռքի մէջ Համազգայինը կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնն է«, որ արժանի է համապատասխան գնահատանքի: Ապա Աղուան Վարդանեան ժողովին ներկայացուց շարք մը առաջարկներ, ինչպիսին են հայ արուեստագէտներու նուիրուած տարեկան մրցանակի դրոյթը, հայագիտութեամբ զբաղող հայորդիներու հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ստեղծումը եւ այլ նիւթեր:
Ան շեշտեց, որ Հայաստան Սփիւռք առողջ գործակցութիւնը յառաջիկային հաշւոյն կը ստեղծեն նոր հորիզոններ ու գործելադաշտեր: Եզրակացնելով՝ Աղուան Վարդանեան հաստատեց, որ Պատգամաւորական ժողովին մասնակիցները իրենք են ժողովուրդին կամքը փոխանցող ներկայացուցիչները՝ մշակոյթին ոգին պահպանողները: Վարդանեան աւելցուց թէ Համազգայինը անցնող տասնամեակին Սփիւռքի մէջ յառաջատար միութիւններէն մէկը եղած է, որ փառատօներէն եւ գիտաժողովներէն մէկ քայլ անդին անցնելով ոգեղէն եւ գործնական, մշակութային ու հոգեկան կապ մը ստեղծած է հայրենի արուեստագէտներուն եւ մեր ժողովուրդին հետ: Ան եզրափակելով իր խօսքը, երախտագիտական եւ յարգանքի զգացումներ փոխանցեց այն բոլոր համազգայնականներուն, որոնք արձանագրուած ձեռքբերումներուն մէջ ունեցած են մեծ դերակատարութիւն:
Բացման հանդիսութեան վերջին պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, որ յայտնեց, թէ Համազգայինի գործունէութիւնը կը փոխանցէ հոգեկան գոհունակութիւն ու ուրախութիւն, քանի որ ուղղակի ու անուղղակի միջոցներով միութիւնը էապէս կը ծառայէ մշակոյթին ճամբով հայ ժողովուրդին գոյութեան պահպանման աշխատանքներուն: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, թէ պէտք է աշխատանքը շարունակել միասնաբար: Ան շեշտեց, որ ՀայաստանՍփիւռք մշակութային կամուրջները պէտք է ամրացնել եւ հայ մշակոյթը պէտք է ծաղկեցնել, նոր արժէքներ կերտել ու ձեւաւորել:
Գեղամ Եպս. Խաչերեան աւելցուց, թէ այնպէս ինչպէս Մայիսեան յաղթանակներու հանգրուանին կարելի եղաւ իրականացնել Շուշիին ազատագրումը, նոյնպէս ալ սփիւռքի մէջ »օտարամայի ճամբաներուն վրայ« Համազգայինի ճամբով կþիրականանան Շուշիի ու այլ յաղթանակներու շունչով առաջնորդող նուաճումներ:
Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդը յայտնեց, թէ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ժողովուրդի կարիքներուն ընդառաջ վերցուց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ մէկը մշակոյթի պահպանման լծուած Համազգայինի ստեղծումն էր, որ յստակօրէն տարիներէ ի վեր կը ծառայէ իր նպատակին ու առաքելութեան:Առաջնորդը նշեոց թէ, քրիստոնէութիւնը հայացած է շնորհիւ հայ մշակոյթին, որ կը հանդիսանայ հայութեան ազգային թէ անհատական ինքնարտայայտութեան կերպն ու որակը: Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդը հաստատեց, թէ անցեալի իրագործումներուն ու նուաճումներուն պէտք է նայիլ մեծ հպարտութեամբ, սակայն նաեւ հարկ է ապագային համար աշխատանք տանիլ, քանի որ գործը չէ աւարտած, ու տակաւին հոգեւոր, մշակութային, կրթական եւ քաղաքական մարզերուն մէջ ընելիք կայ:
Ժողովը գումարուեցաւ Մայիս 14էն 16, մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի Համազգայինի շրջաններն ու մեկուսի մասնաճիւղերը ներկայացնող պատգամաւորներու եւ ընտրեց նոր Կեդրոնական Վարչութիւն մը, բաղկացած 11 անդամներէ:

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Զ. պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Մայիս 14, 15 եւ 16, 2010ին, Լիբանանի մէջ, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի Համազգայինի շրջաններն ու մեկուսի մասնաճիւղերը ներկայացնող պատգամաւորներու եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Հ.Օ.Մ.ի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Իրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Երեք յաջորդական օրերու ընթացքին, Պատգամաւորական ժողովը լսեց ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ տեղեկագիրը՝ Հայաստանի գրասենեակի, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Մարսէյի ճեմարանի եւ Սիտնիի Արշակ եւ Սոֆի Կոլսթըն ճեմարանի, ինչպէս նաեւ «Բագին»ի, «Վահէ Սէթեան» տպարանի, հրատարակչական, գրատարածի, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի, կալուածներու եւ անոնց յանձանձումի եւ շրջաններու մասին: Բազմերես եւ լայնածիր գործունէութիւն մը, որ հանգամանօրէն քննուեցաւ պատգամաւորական ժողովին կողմէ:
Ապա, Կեդրոնական վարչութեան, շրջաններէն եկած եւ պատգամաւորներու կատարած քննարկումներուն եւ առաջարկներուն հիման վրայ որդեգրուեցան գործունէութեան ուղենիշեր եւ կայացուեցան որոշումներ ու մշակուեցաւ ծրագիր յառաջիկայ քառամեակին համար:
Պատգամաւորական Ժողովը հաստատեց, որ Համազգայինը կը շարունակէ հետապնդել իր կրթականմշակութային առաքելութիւնը Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Ընդգծուեցաւ, որ յատուկ ճիգ պէտք է թափել Համազգայինի գործունէութեան զանազան մարզերուն մէջ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու, յատկապէս՝ համալսարաններու շրջանակներուն մէջ:
Համազգայինի աշխատանքի դաշտին ընդարձակումը նկատի ունենալով՝ ժողովը գնահատեց Կեդրոնական վարչութեան նիւթական նոր եկամուտներ ապահովելու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կարգ մը ֆոնտերու վերականգնման համար թափած ճիգերն ու ստացուած արդիւնքը:
Ժողովը ողջունեց շրջաններուն մէջ արձանագրուած նախաձեռնութիւններն ու յաջողութիւնները, որոնք անցնող քառամեակին ճառագայթում ապահոված են Համազգայինին:

Վերջաւորութեան ժողովը ընտրեց Կեդրոնական վարչութիւնը հետեւեալ կազմով.

Փափազեան Վաչէ (Լիբանան)
Եափուճեան Մկրտիչ (Լիբանան)
Ժամագործեան Վահէ (Սուրիա)
Հասրճեան Սիմոն (Գանատա)
Պայթարեան Կարօ (Լիբանան)
Կոստանեան Վերա (Լիբանան)
Եագուպեան Վիգէն (Մ. Նահանգներ)
Պաղտասարեան Մասիս (Հայաստան)
Սարգիսեան Սուրէն (Ֆրանսա)
Տէմիրճեան Մարտիկ (Լիբանան)
Ալեքսանտրեան Վարանդ (Լիբանան)

Մայիս 16, 2010
Պէյրութ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ
ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Զ. ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ժՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles