Նամակին հեղինակն է իրապաշտ սերունդի գրող Երուանդ Սրմաքէշխանլեան (Երուխան): Թուականն է 5/18 Մայիս, 1914, հազիւ տարի մը առաջ այն սեւ օրէն, երբ տարաբախտ գրողը պիտի նահատակուէր 1915ի Ցեղասպանութեան ընթացքին:
Երուխան, բնիկ պոլսեցի, այդ օրերուն կը վարէր Խարբերդի Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը: Ուրեմն, տրուած ըլլալով, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական նահանգներու բարենորոգումներու ծիրէն ներս երկու եւրոպացի քննիչներ պիտի ժամանէին (մէկուն կեդրոնատեղին Վան, իսկ միւսինը՝ Խարբերդ), Երուխան Պոսթըն հրատարակուող « «Հայրենիք» թերթին յղուած այս նամակով կ’առաջարկէ թղթակցութիւններ գրել, ըսելով. «Յայտնի է թէ ներքինքաղաքական, ազգային եւ համապետական ու այլ պատճառներով մասնաւորապէս մեզ հայերուս համար գերազանցօրէն շահեկան անցուդարձեր պիտի յառաջ գան հոս (ԱՀ. Խարբերդ նամակին մէջ կը յիշուի իբրեւ Մամուրէթիւլազիզ, որ Խարբերդ նահանգի թրքերէն անուանումն էր) եւ շրջակայքը: Կը կարծեմ որ ամերիկահայ թերթի մը համար յոյժ կարեւոր է ունենալ ձեռնհաս, լաւատեղեակ եւ կշռադատող թղթակից մը, որ եղելութեանց վերահասու ընէ Ամերիկայի մա°նաւանդ խարբերդահայ գաղութ»է:
Խարբերդ ժամանող եւրոպացի քննիչը երբեք չհասաւ իր նոր պաշտօնատեղին‘ Խարբերդ, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ծագելուն հետեւանքով: Մնացեալը ծանօթ է բոլորիս:
Նամակին թուղթը սովորական չափի է, երկու էջի վրայ եւ մեր արխիւներուն մէջ կը կրէ 140213 կարգաթիւը: Ձեռագիրը մաքուր է եւ ընթեռնելի:
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ՆԻՒԹԵՐ Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» ՇԱՐՔԻ 6ՐԴ ՀԱՏՈՐԸ
Վերջերս »Համազգային«ի »Վահէ Սէթեան« տպարանէն (Պէյրութ) լոյս տեսաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան արխիւներու հրատարակութեանց շարքէն »Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար«ի Զ. հատորը, խմբագրութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի: Հատորի տպագրութիւնը իրականացաւ »Փիւնիկ« հիմնադրամին միջոցով:
Հատորը կ’ընդգրկէ 1909 բախտորոշ տարուան արխիւներ, ներառեալ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 5րդ Ընդհանուր Ժողովին առնչուող նիւթեր՝ ատենագրութիւններ, նամակներ, տեղեկագիրներ եւայլն, ինչպէս նաեւ Ատանայի եղեռնի եւ Իթթիհատ վէ Թերաքքը կուսակցութեան հետ յարաբերութեանց առնչուող փաստաթուղթեր եւ կազմակերպական շրջաններու տեղեկագիրներ ու նամակներ: Մէկ խօսքով՝ մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան համար այս կարեւոր հանգրուանին առնչուող բազմատասնեակ արխիւային նիւթեր կը պարունակէ, նախորդներուն նման՝ այս հատորը եւս:
»Նիւթեր«ու Զ. հատորը կը բաղկանայ 18 գլուխներէ, 559 էջ, եւ կը սկսի Ե. Ընդհանուր Ժողովին առնչուող նամակներով, նիստերու ատենագրութիւններով, որոշումներով ու յայտարարագիրով: Երկրորդ եւ երրորդ գլուխները յատկացուած են Արեւելեան եւ Արեւմտեան Բիւրոներուն, Պոլսոյ Պատասխանատու մարմնին, իրենց տեղեկագիրներուն, շրջաբերականներուն, ինչպէս նաեւ օրուան կացութեան առնչուող նամակներու, օրինակի համար՝ Զապէլ Եսայեանէն, Գրիգոր Զօհրապէն եւայլն:
Չորրորդ գլուխը ամբողջութեամբ յատկացուած է Օսմանեան սահմանադրութեան առնչուող նիւթերուն՝ 42 փաստաթուղթեր, ներառեալ Հ.Յ.Դ.ի եւ Իթթիհատի շրջաբերականը, հայերէնով եւ օսմաներէն բնագրով:
Յաջորդ գլուխը կը պարունակէ 18 փաստաթուղթեր, որոնք ամբողջութեամբ կը վերաբերին Ատանայի եղեռնին:
Կը յաջորդեն Հ.Յ.Դ. կազմակերպական շրջաններու տեղեկագիրները՝ յարակից նամակներով, շրջաբերականներով եւ այլ նիւթերով: Հատորի վերջաւորութեան տրուած են անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը: Տեղին է ընդգծելը, որ այս բոլոր արխիւային նիւթերուն մէջ նշուած աշխարհագրական թէ անձերու ծածկանուններու բուն անունները եւ բացատրութիւնները հատորի խմբագիրին կողմէ տրուած են տողատակի նշումներով: Այս ձեւով ալ, փաստօրէն, արխիւները օգտագործելի վիճակի մէջ ներկայացուած են ուսումնասիրողներուն կամ ընթերցողներուն:
Յիշեցնենք, որ երկու տարի առաջ լոյս տեսած էր այս շարքի Ե. հատորը (դարձեալ Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ), որ կը պարունակէր Դ. Ընդհանուր Ժողովին առնչուող փաստաթուղթեր՝ տեղեկագիրներ, դատական թղթածրարներ, նամակներ, շրջաբերականներ, որոշումներ եւայլն:
Արխիւներու հրատարակութեան աշխատանքը կը շարունակուի եւ արդէն իսկ պատրաստութեան ընթացքի մէջ է Է. հատորը: Շարքը կը հրատարակուի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի որոշումով:
Արխիւային նիւթերու այս հատորէն օրինակներ ստանալու համար կարելի է դիմել ցրւումի կեդրոնին՝ հետեւեալ հասցէով.
Hamazkayin Library,
P.O.Box 801096
BourjHammood, LEBANON կամ imphamaz@ inco.com.lb էլեքտրոնիք հասցէով: Կարելի է նաեւ այցելել »Համազգային«ի տպարանին կայքէջը հետեւեալ հասցէով. www.hamazkayinbookstore.com
Կապ. Հ.Յ.Դ. Արխիւներու Հիմնարկ, Վաչէ Բրուտեան, (323) 7269931: