ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ՏԷ~Ր, ԿԵՑՈ’ ԴՈՒ ԶՀԱՅՍ

0 0
Read Time:3 Minute, 57 Second

Դարաւոր հայ ազգի մեծութեան ու անոր պահպանման համար գրուած այս բառերը, առ Աստուած բարձրացուած խնդրանք մըն է, որ առաւել կեանք պարգեւէ այս ազգին, ապրեցնէ այս ազգը, յաւիտենականացնէ այս ազգը:
Իսկապէս որ պատիւը ունինք նման ազգի մը որդիները ըլլալու եւ վայելելու բոլոր արժանիքները, որոնց վկաներն ու ժառանգորդներն ենք այսօր:
Պատկանելիութեան եւ ուրոյն նկարագիր ունենալու գոյամարտը, միշտ ալ մնայուն ներկայութիւն եւ պայքար եղած է զանազան ժողովուրդներու համար, սակայն այդ նպատակները պահելը ու անոնց համար կեանքեր նուիրելը, իսկապէս որ մարմնացումն է խոր գիտակցութեան եւ յանձնառութեան:
Երբ ականատես կը դառնանք մեր ժողովուրդի կամքին ու յարատեւութեան, աշխարհով ամբողջ, չենք կրնար չգովերգել մեր Աստուածընտիր ազգը ու հաւատացեալ ժողովուրդը:
Դարերու պատմութիւնը ինք կը խօսի ու ամբողջ աշխարհին կþաղաղակէ հայ ազգի արժէքին մասին: Նախաքրիստոնէական դարաշրջաններուն, երբ մեր ազգը կþապրէր մթութեան ու խաւարային վերիվայրումներու ընթացքին մէջ ինչպէս էր պարագան բոլոր ազգութեանց, որոնք Լոյս կրօնքին՝ Քրիստոնէութեան շնորհքին չէին արժանացած կը ծաղկէր իր ունեցած քաղաքակրթութեամբ, թագաւորութիւններով, մշակութային սովորութիւններով եւ անոնց արժէքով, մէկ խօսքով ենթահողը կը պատրաստուէր քրիստոնէութիւնը ընդունելու եւ անով կատարելագործուելու:
Մեր ազգի նախաքրիստոնէական պատմութիւնը կը գնահատուի ազգաշինութեան աշխատանքով, որոյն մեր երկիրը ունենալու տեսլականով, Հայրենիքի գաղափարը իրագործելու ընթացքով:
Հնաւանդ մեր մշակոյթը, այսօր կու գայ հանդիսանալու առաջնորդող տեղեկութիւն եւ աղբիւր համամարդկային մակարդակով ու մեծ կարեւորութիւն, որպէս կենդանի փաստ եւ իրականութիւն:
Մանաւանդ երբ տակաւին չէ մառած եւ Աստուծոյ արդար կամքով միշտ ալ վառ պիտի մնայ այս ազգի ջահը, հետեւաբար միշտ ու միշտ լոյս պիտի սփռէ համայն աշխարհին եւ գիտութիւն պիտի շնորհէ խաւարած մտքերուն:
Իմաստութեան եւ գիտութեան նախատիպար այս ազգը, սակայն միշտ ալ թիրախ դարձած է անգէտ եւ անարդար ազգերու, որոնք իրենց յարատեւ վնասներով ու տեւական յարձակումներով շատ յաճախ արգելք հանդիսացած են մեր ժողովուրդի մտքի, հոգիի ու հաւաքական նուաճումներուն:
Զանազան ժողովուրդներ ու պետութիւններ սարսափած մեր կամքի զօրութենէն, փորձեցին ու կը փորձեն ոտքի կոխան պահել մեզ, նուաստացնել, վար առնել եւ նոյնիսկ շատեր փորձեցին ոչնչացնել մեզ, մեր ցեղը սպաննել ու այս աշխարհի երեսէն անհետացնել, սակայն միշտ ալ մեր կամքը յաղթած է բոլորին եւ ամէն տեսակ ճգնաժամային սպառնալիքներու:
Յետ քրիստոնէութեան մեր պատմութիւնը, ինքնին արդէն կը վայելէ Աստուածային անմիջական նախախնամութիւն եւ ապահովութիւն: Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս է մեր ժողովուրդին վրայ, որովհետեւ որպէս ժողովուրդ միշտ ալ հաւատացած ենք Աստուծոյ օրհնութեան հրաշքին:
Քրիստոնէութիւնը մեզի սորվեցուցած է միշտ արթուն ու պատրաստ ըլլալ չարին դէմ դնելու, չար մարդոց դիմաց զօրաւոր հաւատք ու կամք ունենալու, որպէսզի ի գին ամէն բանի պաշտպանենք մեր սուրբ հաւատքը եւ այն հողը, որուն վրայ մեր հաւատքը վկայութիւն դարձաւ:
Պօղոս Առաքեալի խրախուսիչ եւ սրտապնդիչ այս խօսքերը որքա¯ն կը յարմարին մեր ժողովուրդի կենցաղին, երբ Եփեսացիներու ուղղած իր նամակին մէջ կը թելադրէ. »Հետեւաբար պատրաստ եղէք. ճշմարտութեամբ ամրապնդեցէք ձեր մէջքը, արդարութիւնը հագէք զրահի պէս, եւ խաղաղութեան Աւետարանը քարոզելու պատրաստակամութիւնը հագէք կօշիկի պէս: Եւ այս բոլորին վրայ՝ հաւատքի վահանը առէք, որպէսզի կարենաք մարել Չարին արձակած բոլոր մխացող նետերը: Առէք նաեւ փրկութեան սաղաւարտը եւ Սուրբ Հոգիին սուրը, այսինքն՝ Աստուծոյ Խօսքը: Այս բոլորին հետ՝ աղօթեցէ°ք, թախանձագին աղօթեցէ°ք տեւաբար, Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ« (Եփ 6.1418ա):
Վերեւ յիշուած համարները, լաւագոյնս կը բացայայտեն մեր հասկացողութիւնն ու ըմբռնումը քրիստոնէութեան եւ անոր կիրարկման, որպէս նկարագիր մեր ազգին:
Քրիստոնէական մեր պատմութիւնը իսկական վկայութիւն մը դարձաւ, շատ մը պարագաներու ներքեւ մեր ժողովուրդը փնտռեց, աղաչեց ու պահանջեց Աստուծոյ անմիջական արդար զօրութիւնը, որպէսզի դադրէին մեր ազգի հանդէպ մարդկային անարդարութեան արհաւիրքները… սակայն մարդկային չարութիւնը չի կրնար որոշել Աստուծոյ կամքի գործադրութիւնը, այլ այդ չարութիւնը իր արդիւնքը կը կրէ ուշ թէ կանուխ Աստուծոյ արդար պատուհասով:
Մենք փնտռեցինք զՔրիստոս, երբ անապատի աւազներուն վրայ մեր նախահայրերը կþերթային դէպի Գողգոթա… կեանք ուզեցինք, որպէսզի շարունակենք մեր երկրաւոր այս գեղեցիկ կեանքը ապրիլ, սակայն Աստուած Իր խոստումին համաձայն յաւիտենական կեանքին պիտի արժանացնէ բոլոր անոնք, որոնք անարդարութեան զոհ ու նահատակ կը դառնան, ի խնդիր իրենց հաւատքին:
Երանելի ազգ մը ըլլալու բոլոր երաշխիքները ունինք, որովհետեւ քրիստոնէական մեր սրբազնասուրբ կրօնքը մեզի կը սորվեցնէ հնազանդիլ Աստուծոյ կամքին ու ամուր պահել այդ շնորհքը որ մեզի տրուեցաւ Քրիստոսով:
Շատ յաճախ թափառական, անտէր ու անտիրական, մինակ ու լքուած, աշխարհի որ կողմն ալ որ գտնուեցանք միշտ ալ փնտռեցինք մեր նման հայորդին ու անմիջապէս մեր միութիւնը մտածելով նախ կառուցեցինք մեր աղօթավայրը, Աստուծոյ հետ հանդիպելու ու Իրեն փառք տալու վայրը՝ Եկեղեցին:
Մեր նախնիները մեծցան ու իրենց կարգին դաստիարակեցին սերունդները Աստուծոյ գիտութեամբ, Անոր հնազանդելով, հաւատքը ամէն բանէ վեր ու առաջ դասելով: Հաւատքի կողքին կրթեցին սերունդները հայրենիքի ու հայ ազգի սիրով, զոհողութեան ու նուիրումի ոգիով:
Եկեղեցւոյ կողքին հայկական վարժարաններ կառուցելով, կերտեցին այն նկարագիրը, որ ամուր սիւներու վրայ հիմնուած մեր հայ լեզուն, մշակոյթը, պատմութիւնը գրականութիւնն ու արուեստն է:
Ահաւասիկ զօրութիւնը մեր ազգին:
Հայ մանուկը առաջին հերթին Տէրունական աղօթքը սորվեցաւ, բարձրաձայն աղօթեց ու երգեց, իր հայրենիքին Քայլերգը սորվեցաւ եւ օտարներուն մէջ իր հայրենիքին փառքը հիւսեց: Մեր գոյատեւման պայքարը կը մարմնաւորուի մեր հաւատքի ու ազգութեան պահպանման աշխատանքին մէջ:
Իսկ տեսնելով մեր ներկայ մատղաշ սերունդին կամքը, որ հիմնուած է մեր նախնեաց աւանդին վրայ, վկայ գտնուելով այն յարատեւութեան պայքարին, որ ողջ ազգով ու երանդագին աշխատանքով կը գնահատուի, առ Աստուած մեր աղօթքը միշտ կþըլլայ այն, որ Ինք պահէ ու պահպանէ, պայծառացնէ եւ լուսաւորէ, առաւել կեանք ու կորով տայ մեր ժողովուրդին եւ արդարութեան կանչը լսելի դարձնէ համայն աշխարհին:
ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles