Անցեալ շաբաթավերջին, Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին առթիւ, բազմաթիւ ձեռնարկներ կատարուեցան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի զանազան գաղթօճախներէ ներս: Կեդրոնական ձեռնարկներէն մէկը, սովորութիւն դարձած բողոքի հաւաքը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի «Թայմզ Սքուէր»ի մօտ, Կիրակի Ապրիլ 25, 2010ին:
Աւելի քան երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող այս ձեռնարկին, խօսք առին ձեռնարկը կազմակերպող միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մարդկանց իրաւունքներու համար պայքար մղող ոչկառավարական հիմնարկներու ներկայացուցիչներ: Խօսք առնողներու շարքին էին շրջանէն ներկայացուցիչներ՝ Չաք Շումըր եւ Կէյլըն Տ. Քըրքլէնտ, Քըրթիս Սլիուա եւայլն: Նաեւ խօսք առաւ փաստաբան Մարք Կիրակոս, որ նշեց թէ Ապրիլ 24ը 21րդ դարուն կը մերժէ հայ ժողովուրդի նահանջը ու անոր թափած արցունքը: Ան աւելցուց թէ պատահած ահաւոր դէպքերուն լուսանկարներն ու անոր պատմութիւնները 21րդ դարու պէտք է միջոց ըլլան, որպէսզի հայ ժողովուրդը վերստին զարթօնք մը ապրի, վերանորոգելու իր ուխտը՝ պայքար եւ յաղթանակ:
Օրուան բանախօսն էր Յարութ Սասունեան, որ կարեւորեց հայութեան սրբազան դատը: Ան յայտնեց թէ պիտի գա°յ այդ օրը, ուր պիտի ողջունուի Սփիւռքի հայուն յաղթական ու հպարտ հայրենի հող վերադարձը, իրականացնելով դարերու երազը՝ «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»ը: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ պատարագ եւ հոգեհանգիստ, ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն:
Նշենք թէ, Շաբաթ Ապրիլ 24ի երեկոյեան, Նիւ Եորքի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցած էր այլ ձեռնարկ մը: Օրուան բանախօսն էր փրոֆ. Փիթըր Պալագեան, որ յայտնեց թէ հայերն ու թուրքերը պատմաքաղաքական առումով, մինչեւ այսօր պատրաստ չեն մերձեցման եւ յարաբերութիւններու սերտացման: Ան յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մէկ օրով ոգեկոչելու խնդիր չէ, այլ ամէն օր պէտք է ոգեկոչել:
ԹՐՈՅի մէջ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը: Օրուան բանախօսն էր տոքթ. Հրանդ Մարգարեան, որ շեշտեց թէ պէտք է շարունակուի, հայ ժողովուրդին ու արդար դատին ծառայող պայքարը: Նշենք թէ, այս առթիւ, Թրոյի քաղաքապետ Հէրի Թիւթիւնճեան նամակ մը յղած էր նախագահ Օպամային, պաշտօնապէս ճանչնալու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը: