2009ի աշնան Համազգայինի «Վահէ Սէթեանե տպարանէն լոյս տեսաւ թանկարժէք հատոր մը, զոր կարելի է որակել լայն իմաստով պատմութեան դասագիրք, հայկական յեղափոխական շարժումի սկզբնաւորման ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջին տասնամեակներու գործունէութեան մասին մանր հանրագիտարան, ապա նաեւ յուշակոթող մը՝ մտքի ու զէնքի յեղափոխութիւն պատրաստած եւ ճամբայ հանած սերունդներուն, սկսելով ազգային կուսակցութեանց կազմութիւնը կանխող շրջանէն:
Տակաւին, յղացքն ու զարգացումը այս հատորը դուրս կը բերեն պատմական յիշեալ ժամանակէն ու զայն իրաւամբ կը վերածեն այժմէական ու մնայուն արժէք ունեցող պատգամի, որովհետեւ դաշնակցականօրէն անաչառ մօտեցումը եւ դիպուկ նկատողութիւնները՝ յաջողութեամբ պսակուած կամ ձախողած ծրագիրներու, գործերու, անսպառ փորձառութիւններու համանուագ մը կը ներկայացնեն ընթերցողին, քաղաքական ու պետական այսօրուան ու վաղուան գործիչին, մանաւանդ մեր պատմութեան ամէնէն ուշագրաւ տասնամեակներուն ծանօթանալ ուզող երիտասարդին ու երէցին:
Հատորը լոյս կը տեսնէ հեղինակին մահէն աւելի քան տասնամեակ մը ետք. խմբագիրն է անոր տասնամեակներու գործակից եւ հմուտ պատմագէտ Երուանդ Փամպուքեան, երկուքն ալ՝ վաստակաւոր երախտաւորներ հայ կրթական ու պատմագրութեան կալուածներուն մէջ, քաջածանօթ՝ մեր նորագոյն պատմութեան, հայութեան ճակատագրուած յեղափոխական շարժումներուն ու մանաւանդ այդ բոլորին մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնական դերին, առաջնորդողի ու աննահանջ դրօշակիրի հանգամանքին:
ՀԱՏՈՐԻՆ ԿԱԶՄԻՆ ՄԱՍԻՆ
Նախ քանի մը խօսք՝ հատորին կազմին ու ներքին բաժանումներուն մասին:
Հրաչ Տասնապետեանի այս հատորը բոլորովին անկախ ու նոր գործ չէ, որովհետեւ նոյն հեղինակին տասնամեակներու պրպտումներուն եւ տքնաջան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ 70ական տարիներէն ի վեր ընթերցողին ու մեր պատմութիւնը ուսումնասիրողին տրամադրութեան յանձնուած են շարք մը հատորներ, ինչպէս՝ «Նիւթեր Հ.Յ.Դ. պատմութեան համարե (առաջին չորս հատորները լոյս տեսած Հ. Տասնապետեանի կենդանութեան, իսկ հինգերորդը լոյս տեսաւ նոյնինքն Ե. Փամպուքեանի խմբագրութեամբ, 2007ին): Տակաւին, հատորին բնագիրը իբրեւ դասախօսութիւններու շարք, տրուած է նախ՝ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի ուսանողներուն, 80ական տարիներուն, ապա նաեւ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ՝ 90ականներուն: Ե. Փամպուքեան խղճամիտ խմբագրումի եւ, յաւելեալ ծանօթագրութիւններով ու յղումներով ամբողջացուած է վիթխարի աշխատանքի արդիւնք «հում նիւթեը:
Հատորը բացող «Խմբագրական ներածութիւնե բաժինով Ե. Փամպուքեան հակիրճ ծանօթութիւններ կու տայ գիրքին ծննդոցին ու հրատարակութեան հասնելուն մասին, կը յիշատակէ, որ այս հատորը անաւարտ գործ մըն է, որովհետեւ հեղինակին վաղաժամ մահը, իսկ անկէ առաջ ծանրաբեռնեալ առօրեան ու առողջական վիճակը պատճառ եղած են, որ այլապէս քառահատոր հրատարակութեան մը հասնելիք կոթողական ուսումնասիրութիւնը ներկայանայ այս հատորով: Աշխատութիւնը խորքին մէջ պիտի ընդգրկէր Դաշնակցութեան ծնունդէն մինչեւ տասներորդ Ընդհանուր ժողով երկարող շրջանի պատմութիւնը, որուն համար նիւթերու հաւաքագրումը կատարուած էր, նաեւ լոյս ընծայուած էր անոր խտացումը՝ «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհանուր ժողով (18901924)ե խորագիրով: Տուեալ պայմաններուն բերումով, այս հատորին մէջ կը խտանայ հայկա
կան յեղափոխութեան մօտաւորապէս առաջին երկու տասնամեակներու բաժինը, ներկայացուած՝ գիտնականի յատուկ բծախնդրութեամբ, պատմագիտական ու արխիւային նիւթերու հետախուզութեամբ ու մէկտեղումով, մեծ դժուարութիւններ յաղթահարող ստուգումներով եւ, անշուշտ, քննական մօտեցումով: Խմբագիրը կþաւելցնէ, որ Հ. Տասնապետեան ունի շարք մը աւելի փոքրակազմ ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը սպասեն լոյս ընծայման՝ իբրեւ լրացուցիչ այս հատորին: Անմիջապէս ըսենք, որ հատորը լոյս տեսած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած հինգ ընկերներու եւ բարեկամներու մեկենասութեամբ:
Ներածականին մէջ Ե. Փամպուքեան կը նշէ, որ այս հատորը կը հրատարակուի «ոչ միայն մոռացութենէ դուրս բերելու համար այնքան տքնաջան ու բծախնդիր աշխատանքով երկնուած գործ մը, այլ նաեւ՝ այն հաստատ համոզումով, որ կարեւոր ներդրում մը կը կատարուի հայոց նորագոյն պատմութեան ուսումնասիրութեան մարզին մէջ: Վստահաբար ան պիտի գրաւէ պատմաբաններու եւ պատմութեամբ հետաքրքրուող շրջանակներու մասնաւոր ուշադրութիւնը…ե:
Հատորը կը բաղկանայ երեք գլխաւոր մասերէ, որոնք կÿընդգրկեն ընդամէնը 26 գլուխներ՝ տարածուած մօտաւորապէս 470 էջերու վրայ: Իւրաքանչիւր գլուխի վերջաւորութեան տրուած է այդ բաժինին համար օգտագործուած աղբիւրներուն ցանկը՝ հատորներ ու թերթեր: Աւարտին, խմբագիրը կազմած է անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր (աւելի քան 20 էջ): Ուշագրաւ է մանաւանդ առաջինը, ուր բազմաթիւ յեղափոխական դէմքերու եւ գործիչներու ծածկանունները կը ներկայանան բուն անունին կողքին՝ իբրեւ արդիւնք սպառիչ պրպտումներու եւ ստուգումներու: Խմբագիրը կը նշէ, որ հատորը չծանրացնելու մտահոգութեամբ, նկատի առնուած են միայն սահմանափակ թիւով նկարներ ու փաստաթուղթեր: Ներդիր, կայ նաեւ քարտէս մը, որ ցոյց կու տայ դէպի Արեւմտեան Հայաստան զէնքի փոխադրութեան ճամբաները:
Երեք գլխաւոր մասերը ունին հետեւեալ խորագիրները.
Ա. Հայ ազատագրական պայքարը Դաշնակցութենէն առաջ
Բ. Պատմութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Առաջին տասնամեակ
Գ. Մինչեւ Երրորդ Ընդհանուր ժողով
ՈՒՐՈՒԱԳԾԱՅԻՆ
ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ՝
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍԻՆ
Առաջին բաժինը՝ Դաշնակցութեան ծնունդէն առաջ հայկական յեղափոխական շարժումին պատմութիւնը, կը տարածուի 10 գլուխներու վրայ, շուրջ 100 էջ: Բաժինը ունի ներքին ներածական մը, ուր կը ներկայացուին որոշ տեսութիւններ, ապա նաեւ՝ հայ ժողովուրդին (եւ ընդհանրապէս յեղափոխութեան մղուելու մատնուած ժողովուրդներու) վիճակուած ենթակայական ու առարկայական պայմանները, ներքինտեղական եւ արտաքին ազդեցութիւններ, որոնք ժողովուրդը վերահասու կը դարձնեն իր ողբերգական վիճակին, տարրական իրաւունքներուն, քաղաքակրթական յառաջդիմութեան բերած բարերար ազդեցութիւններուն եւ, հետեւաբար, իրաւունք ու տրամաբանական բարօրութիւն հետապնդելու քայլերու: Այնուհետեւ, իրերայաջորդ էջերով ու ենթաբաժիններով, կը ներկայանան 19րդ դարու կէսերէն սկսեալ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սկիզբ առած խմորումները, կայսրութեանց վերաբերմունքը հայութեան վերաբերող հարցերուն, Սան Սթեֆանոյի ու Պերլինի ժողովներով ու անոնցմէ ծնած՝ Խրիմեան Հայրիկի պատգամով բիւրեղացած յեղափոխական ուղիով, գաղտնի միութեանց կազմաւորումն ու թրքական հակադարձութիւնները, որոնք ի յայտ կը բերեն հզօրին բռնակալական ընթացքը սանձելու տկարին սխրանքները:
Այս բաժինով կը ներկայացուին նաեւ հայկական առաջին յեղափոխական կուսակցութեանց՝ Արմենական եւ Հնչակեան ստեղծման պայմանները, գաղափարական հենքը, գործի դաշտերը՝ հայկական հողի վրայ թէ օտար ափերուն: Հայկական աշխարհը ամբողջ Հայաստանն է՝ իր արեւելեան ու արեւմտեան գօտիներով, ներառեալ՝ հայկական Պոլիսը, Թիֆլիսն ու այլ հայաշատ ոստաններ, ուր հայ քաղաքական միտքը գործնական արտայայտութիւններ ունեցած է ուսանողական թէ այլ մակարդակներու վրայ: Այս բաժինին մէջ կը ներկայացուին արմենականներու եւ հնչակեաններու մինչեւ 1890ականներու կէսերը երկարող յեղափոխական գործունէութեան ուրուագիծերը, ապա նաեւ անոնց շիջումի պատճառներն ու Դաշնակցութեան ծաւալումը՝ իբրեւ բնական արդիւնք իր ազգային գաղափարներուն ու մանաւանդ գործին:
Երկրորդ բաժինը, 9 գլուխ, շուրջ 150 էջ, կը ներկայացնէ այն զարգացումներն ու իրադարձութիւնները, որոնք սկիզբ առած են «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնե կազմակերպութեան կազմաւորումով, ու կþընդգրկէ Դաշնակցութեան առաջին տասը տարիներու կազմակերպական ու յեղափոխական գործունէութիւնը: Լուսարձակի տակ կը բերուին հայկական յեղափոխական միաւորները մէկտեղելու փորձերուն ընդհանուր ընթացքն ու վերաբաժանման գործօնները, ռուսական եւ թրքական բռնատիրական պայմաններուն մէջ ընդհանրապէս գաղտնի գործունէութեանց պայմանները, ապա իր անունը նոյնինքն յիշեալ մէկտեղումէն ստացած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմաւորման ու աշխատանքի տարբեր դաշտերուն ուրուագիծը: Կþըսենք՝ ուրուագիծ, որովհետեւ, ու հակառակ անոր որ հատորի էջերուն կան սպառիչ մանրամասնութիւններ ու ծանօթութիւններ, հատորը կրնար ծաւալիլ այնպիսի մանրամասնութիւններով, որոնք այլապէս անհրաժեշտ են ամբողջական պատմութիւնը ունենալու համար: Այս հաստատումը բացատրելու համար կարելի է յիշատակել Ռուբէն Տէր Մինասեանի բազմահատոր «Յուշեր…եը, որոնք շատ աւելի մանրամասն կերպով կը ներկայացնեն մօտաւորապէս տասնհինգ տարիներու պատմութիւն, բազմապատիկ էջերով:
Այս բաժինով կը ներկայացուին Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին երկու Ընդհանուր ժողովներուն, անոնց զուգահեռ տարուած սպառազինումի ու յեղափոխական սխրագործութիւններու պատմութիւնը, հրատարակչականքարոզչական գործունէութեան զարգացումը: Վաւերագիրներ ու արխիւներ դուրս կու գան «փակեալե վիճակէ ու ընթերցողին կը պատմեն ժողովական մանրամասնութիւններ, Խանասորի արշաւանքին նման ռազմական գործողութեանց հետաքրքրական ծալքերը, Դաշնակցութեան կազմակերպական վիճակին զարգացման հոլովոյթը, ժողովուրդին մէջ յեղափոխական գաղափարներու տարածումն ու զանոնք արգելակող գործօններ, քրտական ու թրքական ընդդիմադիր միաւորներու, ինչպէս նաեւ մակեդոնացիներու եւ այլ ժողովուրդներու հետ գործակցութեան փորձերը (չմոռնանք, որ սուլթանական Թուրքիոյ մէջ նոյնինքն թուրքեր, քիւրտեր եւ հայերէ բացի այլ փոքրամասնութիւններ ալ ճնշումի ենթակայ էին, ինչպէս որ է պարագան… այսօրուան Թուրքիոյ մէջ): Մէկ խօսքով, այս բաժինը ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի պայմաններու արդիւնք էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին ու գաղափարական աշխարհին բիւրեղացումը, Դաշնակցական մեքենային գործը՝ իր Արեւելեան ու Արեւմտեան Բիւրոներով, ժողովներով ու մանաւանդ յեղափոխական գործունէութեամբ:
Երրորդ բաժինը կը տարածուի եօթը գլուխներու եւ մօտաւորապէս 170 էջերու վրայ: Հիմնական պատումը կþընդգրկէ մինչեւ 19041905 տարիները, սակայն տրուած ըլլալով, որ ներկայացումը կը կատարուի շրջաններու մասին մանրամասնութիւններով, կարկինը երբեմն կը տարածուի 19041905 տարիներէն անդին:
Բուն Հայաստանի, Պարսկաստանի հայկական շրջաններու եւ հայաշատ ոստաններու մէջ տարուած աշխատանքներուն կողքին, լուսարձակի տակ կը բերուին օտարալեզու հրատարակութեան՝ «Փրօ Արմենիաեի, տնտեսական կարիքներու հոգացման միջոցներու շարքին՝ «Փոթորիկեի գործունէութեան, ցարական Ռուսիոյ հակահայ քաղաքականութեան ու անոր ազդեցութեանց համայնապատկերները: Դաշնակցութեան գործունէութեան երկրորդ տասնամեակին մէկ բաժինը վեր առնող այս գլուխը ուշագրաւ տեղեկութիւններ ունի մէկ կողմէ՝ Կիլիկիոյ, ու միւս կողմէ՝ քարիւղի կեդրոն դարձած Պաքուի կացութիւններուն, դաժան պայմաններուն դէմ Դաշնակցութեան ու հայկական այլ կազմակերպութեանց մղած պայքարին մասին, թէեւ ներքին մրցակցութիւններ երբեմն ունեցած են ջլատող հետեւանքներ: Ուսանելի ու այժմէական (կրնանք ըսել՝ անժամանցելիօրէն ուսանելի) մանրամասնութիւններ կը տրուին 19031905 տարիներու այն կացութիւններուն ու հայկական միացեալ կեցուածքինպայքարին մասին, որոնք մեր պատմութեան մէջ ծանօթ են Ռուսիոյ կողմէ հայկական եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւում եւ հայկական վարժարաններու փակում անունով: Այսօրուան հայը հոն պիտի տեսնէ, թէ Խրիմեան Հայրիկով, Դաշնակցութեամբ ու իր բոլոր խմբաւորումներով, հայ ժողովուրդը բազմաճիւղ աշխատանքով, ի հարկին նաեւ բիրտ ուժի դիմելով, պայքար տարած է ռուսական հզօր կայսրութեան դէմ ու ի վերջոյ յաղթանակած է ի գին մեծ զոհողութիւններու: Հատորին այժմէականութիւնը կը կայանայ նաեւ իր այն պերճախօս պատգամին մէջ, որ փոքր կամ տկար նկատուող ժողովուրդներու տարրական իրաւունքներէն մէկն է պայքարը, որդեգրումը՝ պայքարի տարբեր միջոցներու, որպէսզի իր տարրական ու ազգայինհայրենական իրաւունքները հետեւողականօրէն չոտնակոխուին, հայը ինքզինք չզգայ անկարող եւ «մենք ի՞նչ կրնանք ընել որ…եի վիճակին մէջ: Նոյնը չէ՞ եղած Դաշնակցութեան դերը՝ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ: Այս իրականութեան մէկ վկայութիւնն է նաեւ այս հատորը:
Կարելի է երկար գրել հատորին մասին, սակայն սեփական աչքերով ընթերցումը, պատմական իրադարձութեանց ու անոնց մասին դիպուկ մեկնաբանութիւններու անձամբ ծանօթացումը միշտ ալ անփոխարինելի է: Այս սիւնակներով տրուածը թող ընկալուի միայն հատորին ամբողջականութեան ու արժէքին մասին ճաշակ մը փոխանցող գիր:
Ընթերցողը պէտք է նկատի ունենայ, որ իրեն հրամցուողը վէպ կամ երեւակայութեամբ խառն պատմութիւն չէ, ոչ ալ ամէն բան հաճելի է հոն. արդեօք կեանքը ամէն օր հաճելի բան կը բերէ՞ մեզի: Հ. Տասնապետեան մաքրաջրուած պատմութիւն չի ներկայացներ, այլ սպիտակին ու կարմիրին կողքին, կþանդրադառնայ նաեւ սեւ էջերու եւ բիծերու, որոնք նո°յնքան ուսանելի են, որքան փառաւոր էջերը, սխրագործութիւններն ու իրագործումները:
Այս բոլորին շնորհիւ է, որ հատորը կարեւոր տեղ կը գրաւէ մեր նորագոյն պատմագրութեան, մանաւանդ Հայկական յեղափոխութիւնը ծանօթացնող աղբիւրներուն շարքին, գործնապէս ցոյց տալով, որ ազգային պահանջներու իրականացումը կատարուած է ու կը կատարուի սեփական ու միացեալ ճիգերով, տուեալ պայմանները ճշգրտօրէն ըմբռնելով ու մեծ ու փոքր ալիքներու մէջէն խուսանաւելով:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ