ԹԱՓՈՒՐ ԳԵՐԵԶՄԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 39 Second

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գործադիր Տնօրէն՝ Հայ Աւետարանական
Համաշխարհային Խորհուրդի

Երկու հազար տարիէ ի վեր Քրիստոնեայ եկեղեցին եւ երկիլիոնաւոր քրիստոնեաներ կը տօնեն Քրիստոսի կեանքին եւ առաքելութեան հետ կապուած կարեւորագոյն եւ հրաշալի դէպքերէն մէկը, Անոր Յարութիւնը:
Սկեպտիկներ եւ թերահաւատներ, ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ կը նկրտին ուրանալ Քրիստոսի Յարութիւնը այն հիման վրայ թէ ան գիտականօրէն փաստելու եւ ապացուցանելի բան մը չէ: Բայց անոնք մտահան կÿընեն այն իրողութիւնը, որ այս աշխարհի վրայ բաներ կան, որոնք պէտք չունին գիտական փաստերու: Օրինակ, ո՞վ կրնայ բացատրել սէրը գիտական եւ առարկայական չափանիշներով կամ մարդկային հինգ զգայարանքներով: Սէրը տեսանելի եւ շօշափելի բան մը չէ եւ պէտք չունի փաստի: Սիրող եւ սիրուող անհատներ միայն իրազեկ են անոր տիրական գոյութեան:
Քրիստոնեայ եկեղեցին եւ ճշմարիտ քրիստոնեաներ կը հաւատան Քրիստոսի մարմնաւոր Յարութեան, բայց ամենէն ազդու փաստը կու գայ անոնցմէ, որոնք Քրիստոսի Յարութեան զօրութիւնը կ’ապրին եւ կ’ապացուցանեն զայն իրենց կեանքովն ու կենցաղովը:
Բոլոր դարերու ամէն տեսակ »Թերահաւատ Թովմաս«ներուն, որոնք Քրիստոսի Յարութեան հաւատալու համար՝ գիտական փաստեր եւ ապացոյցներ կը պահանջեն յարուցեալ Յիսուսի մարտահրաւէրը նոյնն է երէկ, այսօր եւ յաւիտեան. ….»Երանի անոնց, որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան« (Յովհ. 20.29):
Այս կը նշանակէ թէ անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր անհատ անձնական փորձառութիւնը ունենայ յարուցեալ Քրիստոսի ներկայութիւնը զգալու եւ ապրելու իր կեանքին մէջ:
Անտարակոյս Յիսուսի թափուր գերեզմանը անհերքելի փաստ մըն էր իր խաչելութենէն առաջ ըրած այն յայտարարութեան թէ ինք յարութիւն պիտի առնէր եւ իր մահուամբ մահը պիտի խափանէր եւ յաղթական կեանքը լոյս պիտի հանէր: Սակայն, Անոր Յարութեան գերագոյն եւ պերճախօս վկայութիւնը կու գայ անոնցմէ, որոնք թափուր գերեզմանէն անդին կը տեսնեն եւ Անոր յարութեան զօրութիւնը կÿապրին իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:
Չի բաւեր գիտնալ թէ խաչեալ Քրիստոսի գերեզմանը թափուր է: Անհրաժեշտ է գիտնալ ու Քրիստոս յաղթական Տէր է ու յաւէտ կÿապրի եւ կարող է մեզ մեր մեղքերէն ազատագրել, որպէսզի մենք ալ յաւիտեան ապրինք:
Այս իրողութեան լոյսին ներքեւ Զատիկը պատմական ոգեկոչելի դէպք մը ըլլալով հանդերձ՝ կը դառնայ նաեւ Քրիստոսով ապրուած կեանքի տօնակատարութիւնը: Արդ, բոլոր անոնք, որոնք յարուցեալ Քրիստոսի շնորհած կեանքը ընդունած են՝ կրնան ցնծութեամբ ողջունել զիրար զատկական աւանդական պատգամով »Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի«:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles