Լրահոս

ՀԻԼԸՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

Սպիտակ Տան նախաձեռնութեամբ, Ա.Մ.Ն. Արտաքին Գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, հրաւէր մը յղած էր Միացեալ Կահանգներու մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, ունկնդրելու եւ լսելու համար ամերիկահայ գաղութին կարծիքն ու տեսակէտները, Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններու առնչութեամբ: Սոյն տեսակցութիւնը, տեղի պիտի ունենար Երեքշաբթի Փետրուար 9, 2010-ին:

Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տիրող աննպաստ օդին պատճառով, անցեալ շաբաթավերջին, Սպիտակ Տան մէկ բանբերը տեղեկացուց թէ, այս տեսակցութիւնը ցնոր տնօրինութիւն յետաձգուած է£

Օրին այս հրաւէրը, մելան հոսեցուցած էր, նկատի ունենալով որ յստակ զատողութիւն եի մոռացութիւն կատարուած էր հրաւիրուածներու առնչութեամբ£ Տիկին Քլինթըն հրաւիրած էր Հայ Առաքելական Էջմիածնական Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.-ի թեմը, «Հայկական Համագումար»ը («Ասեմպլի»ն), Հ.Բ.Ը.Մ.-ը, «Վարդանանց Ասպետներ» կազմակերպութիւնը եւ «Հայ Դատ»ի յանձնախումբը, մոռնալով բազմաթիւ այլ կառոյցներ…

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button