ԱյլազանՀայաստան

ՖՈՒԹՊՈԼԱՅԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻ՞Ր…ԶՈՒԳԱԴԻՊՈՒԹԻ՞ՒՆ

 

Զարմանալի ճակատագիր եւ …անշուշտ զուգադիպութիւն: Ըստ երեւոյթին, «ֆութպոլային քաղաքականութիւն»ն ու անոր յաջորդող անցուդարձերը, այնպիսի կացութիւն մը ստեղծած են, որ նոյնիսկ Եւրոպայի ոտնագնդակի համադաշնակցութիւնը, յատուկ միջոցառումներու դիմէ, կանխելու համար քաղաքական զգայնութիւններ:

Այսպէս սոյն համադաշնակցութիւնը՝ Եու. Է. Էֆ. Ա.-ն, քաղաքական նկատառումներով բացառած էր Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի՝ նոյն խմբակին մէջ ընդգրկուիլը: Սակայն առաջին վիճակաձգութիւններէն իսկ, Հայաստան եւ Ատրպէյճան ինկած էին միեւնոյն խմբակին (Ա.) մէջ:

Այս «արձանագրուած» հանգոյցէն դուրս գալու համար,  Հայաստանի հաւաքականը փոխադրուեցաւ Բ. խմբակէն ներս, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Ռուսիա, Սլովաքիա, Իրլանտա, Մակեդոնիա եւ Անտորրա:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button